Ատրպէյճան «Շատ Վտանգաւոր» Կը Նկատէ Սուրիահայերուն Արցախ Հաստատուիլը
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, ՊԱՔՈՒ.- Ֆրանսական «Ա.Էֆ.-Փէ.» լրատու գործակալութիւնը անդրադարձած է ՄԱԿի մօտ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Ակշին Մեհտիեւի կողմէ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2ին կատարուած այն յայտարարութեան, թէ Պաքու «շատ վտանգաւոր» կը նկատէ սուրիահայերուն Արցախ վերաբնակեցումը:
Մեհտիեւ, որ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին նաեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօնը ստանձնած է, այս յայտարարութիւնը կատարած է Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ատրպէյճանի նախագահութեան նուիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան՝ Մեհտիեւ պնդած է. «Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ սուրիահայերու վերաբնակեցումը միջազգային եւ մարդկային իրաւունքներու խախտում է: Գաղթականները կը վերաբնակեցուին ռազմական բռնագրաւման տակ գտնուող հողերու վրայ, ուրկէ տեղւոյն բնակիչները հարկադրաբար հեռացած են: Այս միջոցին, երբ միջազգային հանրութիւնը սուրիական ճգնաժամը լուծելու կարելիութիւնները կը քննէ, մարդկային տառապանքները կ՛օգտագործուին այլ տարածաշրջանի մը հակամարտութիւնը բարդացնելու համար»:
«Ա.Էֆ.Փէ.»ն տեղեկացուցած է, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ընդունին, որ մօտաւորապէս 10,000 սուրիահայեր Հայաստան ապաստանած են, սակայն «սուտ եւ ապատեղեկատուութիւն» կ՛որակեն այն պնդումները, թէ Հայաստան կը փորձէ բոլոր սուրիահայերը Արցախ փոխադրել: