Ըստ Ապիեւի՝ Պատերազմը Դեռ Չէ Աւարտած
1565
0
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը բանակցութիւններու միջոցով լուծելու նպատակով, եւրոպական երկիրներու եւ յատկապէս ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը ընդգծած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2ին, Յունաստանի դեսպան Տիմիթրիոս Ցոնկասի հետ հանդիպման ընթացքին:
Հակառակ պարագային, ըստ Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարին՝ տարածաշրջանին մէջ կրնան բարդ խնդիրներ ծագիլ:
Ապիեւ աւելցուցած է, թէ պատերազմը դեռ չէ աւարտած եւ «եթէ Հայաստան մօտ ատենէն չհրաժարի իր յարձակողապաշտ քաղաքականութենէն, ապա ատրպէյճանական բանակը ստիպուած պիտի ըլլայ սեփական միջոցներով իրականացնելու բռնագրաւեալ տարածքներու ազատագրումը»: