Ֆրանսահայութեան Դէմ Ատրպէյճանական Նկրտումները Կը Շարունակուին
ՓԱՐԻԶ.- Այս տարուան Փետրուար 26ին, Սումգայիթի սպանդի զոհերու յիշատակին համար Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջ Հայ Դատի գրասենեակին կազմակերպած քաղաքական ձեռնարկին աւարտին պատահած միջադէպին իրաւական հոլովոյթը տակաւին կը շարունակուի:
Ծանօթ է, որ օրին Փարիզի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած դաւադիր գրգռութիւնը, որ կը միտէր խանգարել բարձրորակ քաղաքական ձեռնարկը, որուն ներկայ էին մեծաթիւ ֆրանսացի քաղաքական անձնաւորութիւններ, յանգած էր դատական գործընթացի: Ատրպէյճանական կողմը, փորձելով իբրեւ զոհ ներկայանալ՝ դատ յարուցած էր ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակին դէմ, ֆիզիքական եւ բանաւոր բռնութեան ենթարկուած ըլլալու ամբաստանութեամբ: Երեք ամիս տեւած դատական այս ընթացքը Մայիսին «ոչ ոքի» վճիռով փակուեցաւ դատախազին եւ ապա ընդհանուր դատախազին կողմէ:
Այժմ, ատրպէյճանական կողմը դիմած է Վերադատ ատեան, հարցին վերանայման պահանջով:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեանի հաստատումով, ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ հարցը հետապնդել զուտ քարոզչական ու քաղաքական նկատառումներով, որոնց թիրախն է ու կը մնայ ֆրանսահայ համայնքը, որուն դէմ աւելի քան հնգամեակէ մը ի վեր արշաւի նախաձեռնած են թրքական եւ ատրպէյճանական պաշտօնական շրջանակները, որոնք այդ ձեւով կը փորձեն հակադարձել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ու զայն ուրացողները պատժելու օրէնքը վաւերացնելու համար տարուող աշխատանքին:
Ըստ Վարժապետեանի՝ այս արշաւը, հակահայ այս ծրագրուած ուղեգիծը, որ կազմակերպուած է ուղղակի Անգարայէն եւ Պաքուէն, հետզհետէ պիտի սաստկանայ: «Իսկ մենք՝ ֆրանսահայ բոլոր հոսանքները, անխտի՛ր, միաւորուա՛ծ՝ պիտի շարունակենք Հայ Դատի պայքարի մեր երթը, համոզուած ու առանց ընկրկումի: Ինչ կը վերաբերի յատկապէս դատական այս թղթածրարին, ապա մենք թէ՛ իրաւական, թէ՛ քաղաքական առումով պատրաստ ենք դիմագրաւելու զայն եւ վստահ ենք, որ ատրպէյճանական այս ու նմանօրինակ փորձերը պիտի ձախողին, նոյնիսկ եթէ սկսած են հետզհետէ աւելի լուրջ դառնալու», կ՛եզրակացնէ Վարժապետեան: