Նալպանտեանի Հանդիպումները Մամետեարովի Եւ Մինսկի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27ին, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 68րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ժագ Ֆորի, Ճէյմզ Ուորլիքի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ:
Նախարարները եւ համանախագահները շարունակեցին քննարկումները՝ խաղաղ կարգաւորման գործընթացի էութեան վերաբերեալ:
Համանախագահները ընդգծեցին իրենց երեք երկիրներու յանձնառութիւնը՝ աջակցելու ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան ու ինքնորոշման սկզբունքներու հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման՝ վկայակոչելով այս տարուան Յունիս 18ին ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն ընդունած յայտարարութիւնը եւ շեշտելով յատկապէս կողմերուն ուղղուած կոչը՝ զերծ մնալու որեւէ գործողութենէ կամ հռետորաբանութենէ, որ կրնայ տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը սրել:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատեցին իրենց վճռականութիւնը՝ հասնելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:
Համանախագահները տեղեկացուցին, որ կը նախատեսեն Նոյեմբերին այցելել տարածաշրջան՝ նախագահներուն հետ քննարկելու մինչեւ տարեվերջ ծրագրուած գագաթնաժողովին առնչուող հարցերը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.