Եկած Է Հաշուետու Ըլլալու Պահը, Կ՛ըսէ Թուրք Յօդուածագիրը
ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին հերթական դարձած յօդուածին հեղինակը այս անգամ սիւնակագիր Օրալ Չալըշլարն է, որ «Տիգրիս գետին մէջ մոմեր եւ լերկ ժայռեր» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ Ցեղասպանութենէն դրուագներու մասին գրած է:
Յօդուածին մէջ հատուածներ կան Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն Տիարպեքիրի մէջ սպաննուած 635 հայերու պատմութենէն: Չալըշլար կը պատմէ, թէ ինչպէս Արա Սարաֆեանը այս տարուան Ապրիլ 24ին այցելեց Տիգրիս գետին վրայ կառուցուած կամուրջը, ուրկէ, Ցեղասպանութեան օրերուն, Ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայերը բռնած են իրենց մահուան ճամբան: Ի յիշատակ զոհերուն՝ Արա Սարաֆեան ծաղիկներ նետած էր գետը:
Յօդուածագիրը գրած է նաեւ, թէ այդ սարսափելի օրերը արդէն իսկ անցեալին կը պատկանին, սակայն կ՛աւելցնէ, թէ եկած է հաշուետու ըլլալու եւ պատմութեան հետ առերեսուելու ժամանակը:
«Քաղաքը աստիճանաբար կը գտնէ իր ինքնութիւնը», գրած է հեղինակը, որ կը յիշատակէ քաղաքին մէջ վերակառուցուած հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին: Ան ոգեւորուած կը նշէ, թէ եկեղեցիին կից փողոցը անուանակոչուած է գրող Մկրտիչ Մարկոսեանի անունով:
Յօդուածին մէջ պատմութիւններ կան նաեւ Տիարպեքիրի կրօնափոխ եղած հայերուն մասին: Ըստ հեղինակին՝ քաղաքին մէջ աստիճանաբար կը վերականգնի հայկական ներկայութիւնը:
Թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ լոյս տեսած սոյն յօդուածով նաեւ կը նշուի, թէ Տիարպեքիրի մէջ խմբակ մը աշխատանք կը տանի՝ իրականացնելու համար հայոց լեզուի դասընթացքներ, որոնց մասնակիցներուն թիւը առայժմ 65 է: