Մահացաւ Վաստակաւոր Եւ Սիրուած Դերասան Սօս Սարգսեանը
«Ապրող առասպել» կոչումով նշանաւոր, հայկական թատերական արուեստի ամէնէն հեղինակաւոր եւ վաստակաշատ դէմքերէն Սօս Սարգսեան մահացաւ 26 Սեպտեմբերին՝ հայ ժողովուրդի յատկապէս մշակութային–թատերական կեանքին մէջ մեծ դատարկութիւն մը ձգելով։
«Հոգիս չառած՝ միտքս չառնես, Աստուա՛ծ» աղօթք–մաղթանքը Սօս Սարգսեան կատարած էր նախորդ տարի, երբ անհանգստացած ու հիւանդանոց փոխադրուած էր։ Անոր աղօթքը լսուած է…
Սօս Սարգսեան ծնած է 24 Հոկտեմբեր 1929ին, Ստեփանաւան քաղաքը: 1948ին տեղափոխուած է Երեւան եւ աշխատած Երեւանի պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ՝ որպէս դերասան: 1954ին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստական–թատերական հիմնարկի դերասանական բաժանմունքը: 1954-1991 եղած է Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոնի դերասան: 1991ին հիմնադրած է Համազգային թատրոնը, որուն համար մեծ ու անփոխարինելի աշխատանք տարած է: 1997-2006 Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկի ղեկավար եղած է, 2006էն՝ հիմնարկի կառավարման խորհուրդի նախագահ էր: 2009ին ընտրուած է Հայաստանի Հանրային խորհուրդի անդամ: Դերեր ստանձնած է աւելի քան 41 գեղարուեստական ժապաւէններու մէջ, ինչպէս՝ «Նուագախմբի տղաները», «Եռանկիւն» «Մենք ենք, մեր սարերը», «Նահապետ», «Խաթաբալա», «Ձորի Միրօ», «Սօլեարիս»։
Ս. Սարգսեան արժանացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչումին, պարգեւատրուած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան շքանշանով եւ պետական մրցանակի եռակի դափնեկիր է: