Ատրպէյճանի Հակաժողովրդավարական Քայլերը Կը Քննադատուին Եւրոխորհրդարանին Մէջ


ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24ին, Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն երկու շաբաթ առաջ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց մը, որ նուիրուած էր Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներուն դիմագրաւած սահմանափակումներուն:
Անգամ մը եւս, Եւրոխորհրդարանի երեսփոխաններ քննադատեցին Ատրպէյճանը՝ անընդունելի նկատելով այդ երկրին մէջ մարդկային իրաւունքներու ցած մակարդակը եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացակայութիւնը:
Եւրոխորհրդարանի երեսփոխանները շեշտեցին, թէ քաղաքական անձեր, լրագրողներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ յաճախ կը «հիւրընկալուին» երկրի բանտերէն ներս, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններուն կողմէ կը խախտուին հիմնական մարդկային իրաւունքները, որոնց շարքին են ազատ արտայատուելու եւ ազատ հաւաք կազմակերպելու իրաւունքները:
«Կ՛ուզենք տեսնել ազատ եւ արդար ընտրութիւններ: Տարածաշրջանէն ներս Ատրպէյճանը ունի քաղաքական բանտարկեալներու ամէնէն բարձր թիւը, նոյնիսկ՝ Պելոռուսէն աւելի», ըսաւ Անա Կոմեզ (Ընկերվարականներ եւ ժողովրդավարներ, Փորթուկալ):
Եւրոպայի արտաքին յարաբերութեանց գերատեսչութեան ներկայացուցիչը նաեւ նշեց. «Ժողովրդավարութիւնը հիմնական հարց է կայուն յարաբերութիւն ունենալու համար եւ մենք պիտի շարունակենք աւելին ակնկալել Ատրպէյճանէն»:
Ատրպէյճանի երեսփոխան Ֆուատ Մուրատով իր կարգին նշեց, թէ Եւրոպան փաստ չունի Ատրպէյճանի սխալ ընթացքը ապացուցելու համար: Իսկ անոր գործընկեր Ասիմ Մոլազատէ իր երկրին մէջ արձանագրուած յառաջդիմութեան փաստ նկատեց այն, որ Ատպրէյճանը շրջանին մէջ ամէնէն արագ համացանցը ունի: Վերոնշեալները խստիւ դատապարտուեցան եւրոերեսփոխաններուն կողմէ, որպէս Ատրպէյճանի իրականութիւնը չարտայայտողներ:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ, թէ անգամ մը եւս մատնանշուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը: «Որքա՞ն ժամանակ տակաւին Եւրոպան պիտի պահէ Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնը՝ ակնկալութիւններու եւ մաղթանքներու մակարդակի վրայ: Հասած է այն պահը, երբ Եւրոպան պէտք է խօսքը վերածէ գործի եւ սկսի պահանջելու՝ յոյսերով մնալու փոխարէն» ըսաւ ան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.