Արցախի նախագահը հանդիպում ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Սթեֆան Տիոնի հետ


 

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 23-ին ընդունեց  ՚Գանատայի խորհրդարանի անդամ Սթեֆան Տիոնին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախ-Գանատա յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Յատուկ քննարկման առարկայ դարձաւ խորհրդարանական կապերու զարգացումը:

Նախագահ Սահակեան նշեց, որ Արցախը շահագրգռուած է յառաջատար ժողովրդավարական պետութիւններու հետ յարաբերութիուններու ընդլայնման ու խորացման մէջ եւ այս ծիրէն ներս առանձնապէս կը կարեւորէ Գանատայի հետ համագործակցությունը:

Հանդիպման մասնակցից էին Արցախի Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Արթուր Թովմասեանը, արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, ԱՄՆ-ի եւ Գանատայւ մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աիետիսեանը եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան:

Նշենք, որ Սթեֆան Տիոն 1996 թուականէն ի վեր Գանատայի խորհրդարանի անդամ է՝ ընտրուած Մոնթրէալի Սէն-Լորան-Գարթիէվիլ հայաշատ ընտրատարածքէն։ 2006-2008-ին Տիոնը եղած է Ազատական կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ պաշտօնական ընդդիմու­թեան ղեկավար։ 1996-2003 թուականներուն, Տիոն եղած է Գանատայի Միջկառավարական հարցերու նախարար, իսկ 2004-2006 թուականներուն՝ բնապահպանութեան բնախարար:

Տիոնի Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ այցելութիւնը կազմակերպած է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Գանա­տայի մօտ ՀՀ դեսպանատան եւ ԼՂՀ ներկայա­ցուցչութեան հետ միասին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.