Ատրպէյճանական մամուլը կը յայտնէ, որ վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ սպանուած են 6 ազերի զինեալներ


 

Razminfo.- Վերջին օրերուն Սուրիոյ  կառավարական զօրքերուն դէմ ընթացող մարտերուն պատճառով սպանուած է այլ երկիրներէ ժամանած ավելի քան 30 զինեալ։
Սպանուած 30 զինեալները «Ալ-Նուսրա ճակատ» ահաբեկչական խմբաւորման անդամներ են, որոնցմէ 6-ը՝ Ատրպէյճանի, 4-ը՝ Թուրքիոյ, 5-ը՝ Յորդանանի, 9-ը՝ Սէուտական Արաբիոյ, իսկ միւսներն ալ Աֆղանիստանի ու Փաքիստանի քաղաքացիներ են։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

 

Յիշեցնենք, որ Պաքու հաստատած էր սեպտեմբերի 13-ին սուրիական Համա քաղաքի կռիւներու ընթացքին սպանուած Ապու Եահիա Ալ Ազերիի մահուան լուրը։ Ապու Եահիա ատրպէյճանցի զինեալներու առաջնորդներէն էր։

 

Ատրպէյճանցի լրատուամիջոները կը յայտնեն նաեւ, որ Սուրիայէն վերադարձած փորձագէտ Մարատ Մուսինը Սեպտեմբերի սկիզբը հարցազրոյց տուած է «Նեյրոմիր-TV» հեռուստաընկերութեան։ Ան զրոյցի ընթացքին խօսած է Սուրիոյ մէջ կռուող ատրպէյճանցի զինեալներու հարցին մասին։ Մուսինի վկայութեամբ՝ Սուրիոյ մէջ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներէն եկած զինեալներու մարցումի ճամբարները կը ղեկավարէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիևի անձնական թիկնապահը։  


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.