ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՀՈՂԸ
Սերկէյ Մարքետոնով եւ Մաքսիմ Սուչքով Տը Ամերիքըն Ինթրեսթ կայքէջին վրայ զետեղուած իրենց յօդուածին մէջ կը գրեն, որ կարգ մը իրանցիներու համար՝ վերջերս տեղի ունեցած ընտրութիւնները յուսալի ցուցանիշ մըն են, իսկ բազմաթիւ արտասահմանցիներու համար՝ զգուշաւոր լաւատեսութեան։ Սակայն գոյութիւն ունի երկիր մը, որ Թեհրանէն եկող որեւէ բարի լուրի նկատմամբ վերապահութիւն ունենալու արդար պատճառներ ունի, այդ ալ Իսրայէլն է։ Այդ վերապահութիւնը Իսրայէլը մղած է աշխարհաքաղաքական գործընկերներ որոնելու այնպիսի վայրերու մէջ, որոնք մինչ այդ իր ուշադրութեան չէին արժանացած։ Կովկասը այն վայրերէն մէկն է, որ Արաբական Գարուն-ի իբրեւ հետեւանք յաչս Իսրայէլի կարեւորութիւն ստացաւ։
Շնորհիւ արաբական քաղաքական զարթօնքին, Իսրայէլ ինքզինք կը գտնէ նախկին տարիներէ աւելի վտանգաւոր շրջապատի մը մէջ։ Սուրիոյ մէջ բուռն պատերազմի, Եգիպտոսի հետ իր խաղաղութեան համաձայնագիրը ճնշումի տակ ըլլալուն, տարածաշրջանին մէջ հակասեմականութեան աճին եւ Թեհրանէն հնչող ռազմատենչ յայտարարութեանց լոյսին տակ՝ Իսրայէլ նոր դաշնակիցներու պէտք ունի։ 2008-2009-ին Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով զբաղող բաժանմունքներ ստեղծեց, թէեւ Կովկասը տասնամեակներէ ի վեր իսրայէլեան արտաքին քաղաքականութեան համար առաջնահերթութիւն մը չէ եղած։
Իսրայէլի այս քայլերու յետին նպատակը իր ապահովութեան ռազմակավարական գլխաւոր մարտահրաւէր Իրանը զսպելն է։ Երբ հարցը Իսրայէլի կը վերաբերի՝ Թեհրան պէտք եղածէն աւելի դաշնակիցներ ունի, որովհետեւ եբրայական պետութիւնը այն միակ հարցն է, որ կը շրջանցէ կրօնական եւ այլ տարակարծութիւնները։
Իսլամական հանրապետութեան մէջ վերջերս տեղի ունեցած ընտրութիւնները Իսրայէլի հաշիւներուն մէջ մեծ բան չփոխեցին։ Իսրայէլի մէջ ոչ ոք կը հաւատայ, որ նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանին Իրանի հիւլէական ծրագիրէն կամ շրջանային ղեկավարի կարգավիճակ ձեռք բերելու ձգտումէն պիտի հրաժարի։ Հազարաւոր իրանցիներու կողմէ Իրանի ազգային արժանապատուութիւնը պահպանելու Ռուհանիի բացայայտ նպատակին ողջունումէն ետք, Իսրայէլ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց՝ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին վրայ ճնշումը չմեղմացնելու։
Կովկասը նոր առիթ մը կ՚ընծայէ Կովկասի հարեւան երկիրներուն հետ դաշինքներ եւ համագործակցութիւն ստեղծելով՝ իրագործելու այն ինչ որ կարգ մը իսրայէլացի քաղաքագէտներ Իրանի շրջափակում կը կոչեն։ Ազրպէյճան տարածաշրջանին մէջ իսրայէլեան արտաքին քաղաքականութեան հիմնաքարն է։ Անիկա, ինչպէս Շիմոն Փերես կը նշէ. »Մեծն Միջին Արեւելքի մէջ Իրանի ազդեցութիւնը սահմանափակելու բանալին է«։ Պաքու իր կարգին ունի Թեհրանի նկատմամբ երկարատեւ դժգոհութիւններ, որոնք իրարու կապուած չորս օղակներ ունին՝ Կասպից ծովու վիճելի կարգավիճակը, Լեռնային Ղարաբաղի հարցը (որուն նկատմամբ Իրանի կեցուածքը Ազրպէյճանի կողմէ չափազանց հայամէտ կը նկատուի) եւ վերջապէս կրօնական ազդակը։ Վերջինս վերջին տարիներուն յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ։ Թէեւ մեծամասնութեամբ իսլամ շիի բնակչութեամբ, սակայն աշխարհիկ պետութիւն եղող Ազրպէյճան Իրանը կ՚ամբաստանէ իր հողատարածքին մէջ իսլամական արմատական գործունէութիւն հրահրելով Պաքուի դիրքը ականահարելու համար։
Միւս կողմէ՝ Իսրայէլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան կը զօրակցի, եւ անոր քաղաքական յարաբերութիւնը յաւելեալ ուժ կը ստանայ տնտեսական աշխոյժ գործակցութեամբ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ իսրայէլեան շահերու երկրորդ խումբ մը կը կազմէ։
Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան գլխաւոր երկու մարզերը ուժանիւթն ու ռազմական մատակարարումներն են։ Իսրայէլ կը գնէ ազրպէյճանական քարիւղ, որ կը բաւարարէ իր ներքին պահանջներու մէկ հինգերորդը եւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ծաւալը շուրջ 4 միլիառ տոլար է։ Աւելին, Իսրայէլ նաեւ սկսած է ազրպէյճանական կազ ներածել եւ յառաջիկայ տասնամեակին այդ երկրէն 12 միլիառ խորանարդ կազ պիտի ներածէ։ Ասիկա եբրայական պետութեան համար կրնայ իմաստուն լուծում մը ըլլալ, որովհետեւ Իսրայէլի համար բնական կազի ներածման կարեւոր գործընկեր մը եղող Եգիպտոս վերջերս այդ մատակարարման պայմանները վերատեսութեան ենթարկելու մասին սկսած է մտածել։
Գործընկերութեան ռազմական կողմը գլխաւորաբար կը վերաբերի իսրայէլեան առանց օդաչուի թռչող սարքերու վաճառքին։ Փետրուար 2012-ին, իսրայէլացի պաշտօնատարներ հաստատեցին առանց օդաչուի թռչող սարքեր տրամադրելու եւ անոնց օգտագործման համար մարզում կատարելու 1.6 միլիառ տոլար արժողութեամբ պայմանագիր մը։
Որքան ալ զարմանալի թուի՝ տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլի արտաքին քաղաքականութիւնը, որ մինչեւ հիմա կարճաժամկէտ ջանք մը կը նկատուէր, արդէն որոշ չափով ուղղուածութիւն փոխած է։ 2008-ի աշնան ռուս-վրացական պատերազմի նախօրեակին տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլի գլխաւոր գործընկերը Վրաստանն էր։ Վրաստանի հետ Թել Աւիւի քաղաքական ու ռազմական գործակցութիւնը կը բխէր տնտեսական շահերէ (Իսրայէլ վրացական բանակի բարեփոխման օժանդակեց, անոր զինուորները մարզեց եւ Թիֆլիսի տրամադրեց իր առանց օդաչուի թռչող սարքերը) եւ քաղաքական շահերէ ( իբրեւ հակադարձութիւն Սուրիոյ եւ Համասի հետ Ռուսիոյ գործակցութեան)։
Բայցեւայնպէս, 2008-էն ետք կացութիւնը փոխուեցաւ։ Արմատական իսլամութենէն բխող հասարակաց սպառնալիքին լոյսին տակ՝ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ Ռուսիա յաճախակի այցելութիւնները որոշ չափով բարելաւեցին Մոսկուայի եւ Թել Աւիւի միջեւ յարաբերութիւնները, իսկ Վրաստանի մէջ իսրայէլացի գործարարներու վերաբերող գայթակղութեանց շարք մը առանց օդաչուի թռչող սարքերու վաճառքը օրակարգէն դուրս բերաւ եւ վրաց-իսրայէլեան յարաբերութեանց ընդհանուր մթնոլորտը վատթարացուց։ Ահա այդ ատեն էր, երբ Իսրայէլ սկսաւ կապեր հաստատել մասնակի կերպով ճանչցուած Աբխազիոյ հանրապետութեան հետ՝ քայլ մը, որ Թիֆիլիսի կողմէ լաւ չընկալուեցաւ։ Պիծինա Իվանիշվիլիի գլխաւորութեամբ վրացական նոր ղեկավարութիւնը կը կարծէ, որ Իսրայէլի հետ վնասուած յարաբերութիւնները պէտք է վերականգնել. Ան արդէն յունիս 2013-ին իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը կատարեց։ Իվանիշվիլի այս այցելութիւնը իր արտասահմանեան այցելութիւններուն մէջ »ամէնէն յաջողը« նկատեց եւ ըսաւ, որ կը հաւատայ, թէ երկու երկիրները պէտք է ջնջեն մուտքի արտօնագրերու դրութիւնը եւ վերահաստատեն ռազմավարական գործընկերութիւնը։ Ուստի Իսրայէլ կրնայ մօտ օրէն տարածաշրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը ընդլայնելու յաւելեալ առիթներ ունենալ։
Նոյն ատեն, տարածաշրջանին մէջ նորեկ մը ըլլալով՝ Իսրայէլ բազմաթիւ լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Վրաստանի հարցով ան շատ զգոյշ պէտք է ըլլայ Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները չխանգարելու համար։ Ազրպէյճանի հարցով ան չի կրնար Թուրքիան իր հաշիւներէն դուրս ձգել։ Իսկ երկու հարցերով ալ պէտք է զգուշանայ Իրանէն, որ բուռն կերպով կ՚ընդդիմանայ տարածաշրջանէն չեղող դերակատարներու Կովկաս ներթափանցումին. այդ ընդդիմութիւնը որքան աւելի բուռն կրնայ ըլլալ, երբ այդ դերակատարը Իսրայէլն է։
Աւանդական շրջանային մեծ ուժերու մրցակցութիւններէն բացի՝ Իսրայէլ նաեւ այլ բարդութիւններ պիտի դիմագրաւէ։ Մինչ երկու կողմերուն համար շատ յարգի է՝ Իսրայէլ-Ազրպէյճան գործընկերութիւնը իր ներքին եւ արտաքին սահմանափակումներն ունի։ Օրինակի համար, Պաքու Պաղեստինեան իշխանութեան հետ լաւ յարաբերութիւններ ունի եւ Արեւելեան Երուսաղէմը մայրաքաղաք ունեցող պաղեստինեան պետութեան մը ստեղծումին կը զօրակցի։ Երկրորդ՝ իսլամականացման ալիքի բարձրացման լոյսին տակ՝ Ազրպէյճանի մէջ ուժեղ ընդդիմութիւն կայ Իսրայէլի հետ համագործակցութեան դէմ, որ ոմանք »իսլամական աշխարհի դաւաճանութիւն« մը կը նկատեն։ Վերջապէս, Պաքու չի կրնար անտեսել իր կենսական ռազմավարական գործընկերոջ՝ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր փոփոխութիւնը։ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները Մայիս 2010-ի »Ազատութեան նաւատորմիղ«-ի միջադէպէն ետք արմատականապէս վատթարացան։ Երկու երկիրներու հասարակական փոխադարձ ընկալումները եւս արմատականապէս վատթարացան։ Թէեւ վերջին ամիսներուն անոնց յարաբերութիւնները ջնջին կերպով բարելաւուեցան, այդ յարաբերութիւնները կարելի է լաւագոյն պարագային »պաղ խաղաղութեան« մը մաս կազմող նկատել։ Մինչ այդ՝ Միջին Արեւելքի մէջ իր ազդեցութեան աճով՝ Անգարա շրջանային հարցերուն մէջ աւելի անկախ դերակատարութիւն մը կը ստանձնէ, ուստի ինքզինք կը հեռացնէ թէ՛ Միացեալ Նահանգներէն, թէ՛ Իսրայէլէն։ Ազրպէյճան-Իսրայէլ յարաբերութիւնը մեծապէս կախեալ է այս ազդակներէն։
Թէեւ Երեւանի հետ իր յարաբերութեանց մէջ Իսրայէլ 1990ական թուականներու դիւանագիտական ճանաչումէն անդին չէ գացած՝ 1915-ի դէպքերը իբրեւ »Հայոց ցեղասպանութիւն« ճանչնալու քննարկումներ կը ծագին, մասնաւորաբար Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ քաղաքական վերիվայրումներու ժամանակ։ Աւելին, եբրայական պետութեան մէջ այդ հարցին զօրակցող կշիռք ունեցող անձնաւորութիւններ կան (ներառեալ Լիքուտ կուսակցութենէն, արտաքին գործոց փոխնախարար Զէեւ Էլքին). ուստի, այդ եւս իսրայէլեան քաղաքական խուսանաւումի որոշ առիթ կը ստեղծէ։
Վերջապէս, տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլի դերակատարութեան մէջ նուազ տեսանելի, սակայն կարեւոր ազդակ մը եւս գոյութիւն ունի։ Արտասահմանի մէջ գտնուող հրէական համայնքներուն աջակցութիւնը տարիներէ ի վեր իսրայէլեան արտաքին քաղաքականութեան նկատառելի մէկ բաժինն է։ 2002-ին կատարուած մարդահամարի մը համաձայն, շուրջ 3540 հրեաները կը բնակին Վրաստանի մէջ (ըստ կարգ մը մասնագէտներու այդ թիւը 8000-12000 է)։ Ազրպէյճանի մէջ հրեաներուն թիւը գնահատելը շատ աւելի դժուար է. Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք առաջին մարդահամարը անոնց թիւը 9000ով կը գնահատէր, սակայն այլ գնահատականներու համաձայն, այդ թիւը աւելի մօտ է 16000-20000-ի։ Յամենեայն դէպս, սփիւռքները ներուժ մըն են, որոնցմէ եւս Իսրայէլ կրնայ օգտուիլ։