Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան` Սեւանայ Լիճի Մրցաշարքի Տիտղոսակիր
1040
0
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան Մարտունիի մէջ տեղի ունեցած Սեւանայ լիճի ճատրակի տարեկան միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 6,5 կէտ, տիրացաւ տիտղոսին: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Պիելոռուսիայէն, Լեհաստանէն եւ Աւստրիայէն տասը կրանտմասթըրներ: