Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը՝ Հրթիռի Թիրախ
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Երեքշաբթի երեկոյեան Դամասկոսի Պապ Թումա, Քասա, Ամարա եւ Ապպասիին թաղամասերը կրկին դարձան հրասանդի հրթիռներու թիրախ:
Պապ Թումա թաղամասին մէջ գտնուող Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը նոյնպէս ենթարկուեցաւ հրասանդի հրթիռի հարուածի, որ նիւթական ծանր վնասներ պատճառեց 3րդ յարկին ու յարակից «Լոյս» եւ «Փարոս» վարժարաններուն: Մարդկային վնաս չկայ:
Հալէպի մէջ հայ գաղութի կեանքը որոշ չափով բնական կ՛ընթանայ. այդ բնականոնութիւնը կ՛արտայայտուի մէկ կողմէ միութենական կեանքին, միւս կողմէ՝ մկրտութեան եւ հարսանիքի արարողութիւններուն ընդմէջէն:
Քաղաքին մէջ երթեւեկը բնական է, եւ հակառակ անգործութեան, բնակիչները օրական կ՛ուղղուին իրենց վաճառատուներն ու խանութները: Անակնկալ հրասանդի հրթիռներու եւ առեւանգումի երեւոյթները կը մնան դիմագրաւելիք վտանգը:
Իսկ Դամասկոսի մէջ գետնի վրայ բախումներու զարգացումը կը մնայ անփոփոխ: Պաշտօնական աղբիւրները կը հաստատեն, որ սուրիական կառավարական բանակը վերատիրացած է Արեւելեան Ղութա արուարձանին մօտ գտնուող Շապաա շրջանին, եւ զինեալ խմբակներու հետ բախումներ արձանագրուած են Պարզէի եւ Քապունի շրջաններուն մէջ:
«Ազդակ»ի թղթակիցը կը տեղեկացնէ, որ երէկ Դամասկոսի, Հալէպի եւ այլ նահանգներու մէջ հայկական բոլոր վարժարանները վերամուտը նշեցին. հակառակ տիրող իրավիճակին, հարիւրաւոր հայ աշակերտներ ուղղուեցան իրենց վարժարանները՝ վերսկսելու համար ուսումնական նոր տարեշրջան մը: