ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ԿՌՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՔՐՏԱԿԱՆ ԺԻՀԱՏԱԿԱՆ ՋՈԿԱՏ ՄԸ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՑՆԷ
Գանատական «Կլոպըլ Ռիսըրչ» վերլուծական կեդրոնը կը հաղորդէ, որ ըստ աշխարհի տարածքին գաղտնի սպասարկութեանց գործունէութեան մօտէն հետեւող ֆրանսական «Ինթելիճընս Անլայն» կայքէջին, թրքական իշխանութիւնները Սուրիոյ մէջ քրտական գլխաւոր կազմակերպութիւնը հանդիսացող «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» դէմ կռուելու համար՝ քրտական ժիհատական ջոկատ մը յառաջացուցած է։
«Ինթելիճընս Անլայն» հաղորդած է, որ Անգարա բացառաբար քիւրտերէ կազմուած ժիհատական «Քաթիպաթ ալ-Թալիպան»-ի կազմութիւնը քաջալերած է։ Անոր անդամ զինեալները, որոնք մեծամասնութեամբ ընչազուրկ երիտասարդ քիւրտեր են, հազար ամերիկեան տոլար կը գանձեն, երբ անոր շարքերուն միանան։ Այնուհետեւ, անոնք թուրք-սուրիական սահման կ՚ուղարկուին Սուրիական Ազատ Բանակին եւ ժիհատական «Ժապհաթ ալ-Նուսրա»-ի կողքին քրտական «Ժողովրդավարական միութիւն» կուսակցութեան դէմ կռուելու համար։ Անոնցմէ շատեր սպաննուած են յուլիսի վերջաւորութեան Թել Հալաֆ գիւղին դէմ յարձակումի մը ընթացքին։
Փարիզեան պարբերաթերթը կը նշէ նաեւ, որ «Քաթիպաթ ալ-Թալիպան»-ի կարգ մը զինեալներ ՔԱԿ-ի նախկին անդամներ են, որոնք քրտական բանտերուն մէջ իսլամութիւնը ընդունած են։ Ուրիշներ իմամ Ֆեթուլլա Կիւլէնի հետեւորդներուն կողմէ Քիւրտիստանի մէջ հաստատուած կրօնական դպրոցներէ կու գան։ Քրտական մէկ այլ շարժում մը՝ Սուրիոյ քրտական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, որուն ղեկավարը Ապտուլհաքիմ Պաշշարն է եւ իրաքեան քիւրտ ղեկավար Մասուտ Պարզանիի մօտ է, իր կարգին Սուրիա, Իրաք եւ Թուրքիա սահմաններուն վրայ «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» զինեալներուն դէմ կը կռուի։
Պարբերաթերթը նաեւ կը նշէ, որ Թուրքիա բացայայտ կերպով կ՚աջակցի ժիհատական խմբաւորումներուն եւ Սուրիական Ազատ Բանակի բազմաթիւ ջոկատներուն, որոնք մասնաւորաբար յուլիսի կէսէն ի վեր սուրիական Քիւրտիստանի մէջ քիւրտերու դէմ կը կռուին։ Պարբերաթերթը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ սահմանները բաց կը մնան Քայիտայէն ժիհատականներու դիմաց, որոնք այդ սահմաններուն ճամբով զինուորական, դիւանագիտական եւ դրամական օժանդակութիւն կը ստանան։
«Ինթելիճընս Անլայն» կ՚ընդգծէ, որ Թուրքիոյ աջակցութիւնը դիւրութեամբ տեսանելի է, որովհետեւ «արտասահմանցի ծայրայեղականներ» թրքական սահմանը անարգել կերպով կ՚օգտագործեն իրենց վիրաւորները թրքական հիւանդատար մեքենաներով Ուրֆայի մէջ հիւանդանոցներ փոխադրելու համար եւ կը բերեն նոր զինեալներ, որոնք սկիզբը Իսթանպուլի մէջ պանդոկներու մէջ կը մնան, ապա Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութեան մօտիկ իսլամական շարք մը կազմակերպութեանց օժանդակութեամբ Սուրիա կ՚ուղղուին։ «Ժապհաթ ալ-Նուսրա»-ի շարք մը անդամներ վերջերս քրտական լրատուամիջոցներու ճամբով խոստովանեցան, որ քիւրտերուն դէմ պայքարին մէջ Թուրքիոյ աջակցութիւնը կը վայելեն։
Պարբերաթերթը կ՚աւելցնէ, որ հակառակ արտասահմանեան երկիրներու կողմէ հսկայական ծաւալի աջակցութեան՝ Քայիտայի առնչուած երկու խմբաւորումները «Ժապհաթ ալ-Նուսրա»-ն եւ «Իրաքի եւ Շամի մէջ իսլամական պետութիւն»-ը, ինչպէս նաեւ Սուրիական Ազատ Բանակէն աւելի քան 10 ջոկատներ սուրիական Քիւրտիստանի եւ Հալէպի մէջ քիւրտ զինեալներուն դիմաց ծանր պարտութիւն կրեցին։ Յուլիսի կէսէն ի վեր զինեալ խմբաւորումներէն աւելի քան հազար անդամներ սպաննուած են եւ տասնեակներով ուրիշներ գերեվարուած են։ Քիւրտ զինեալները յաջողած են հակաօդային զէնքեր կրող բազմաթիւ մեքենաներ, հրասայլեր եւ նուազ քանակի զէնքեր գրաւել։