Դաւիթ Սաֆարեան` ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեան


 

Սեպտեմբեր 16-ին, Պուտափեշթի մէջ ընթացող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին, 66 քկ կշիռքի դասակարգին մէջ Դաւիթ Սաֆարեան 2 – 2 առաւելութեան հասաւ քուպացի ըմբիշ, աշխարհի եւ Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Լիվան Լոփէզի նկատմամբ եւ հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան:

Նշենք, որ Սաֆարեան մինչեւ աւարտական յաղթահարեց ռումանացի, լեհ, ռուս եւ վրացի ըմբիշներու արգելքը: Յատկապէս բարդ ճակատումներ ընթացան ռուս եւ վրացի ըմբիշներուն հետ:

Այսպիսով, 11 տարուան ընդմիջումէ ետք Հայաստան վերջապէս նուաճեց ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ոսկիէ մետալ:

Աւարտական շրցումին տեսանիւթը դիտել այս կապով՝

 

http://www.youtube.com/watch?v=yQs1eCA8sUs#t=217


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.