ՅԵՏՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵ՞ԼՔ ՄԸ
Փիթըր Պըրկըն եւ Ճենիֆըր Ռոուլընտ «Սի.Էն.Էն.»-ի կայքէջին վրայ լոյս տեսած իրենց յօդուածին մէջ կը գրեն, որ Քրիստոսի ժամանակշրջանէն ի վեր Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներ եղած են։ Այժմ այդ հազարամեայ պատմութիւնը կրնայ վտանգուած ըլլալ։ Իսլամ ծայրայեղականներ վերջերս Եգիպտոսի տարածքին տասնեակներով եկեղեցիներու դէմ յարձակում գործեցին եւ անոնցմէ շատերը հրկիզեցին։
Յարձակումները կը թուին բողոքի արտայայտութիւն մը ըլլալ ընդդէմ զինուորական կառավարութեան Իսլամ եղբայրներու դէմ շղթայազերծած արշաւին։ Ղպտիներու Թէոդորոս Բ. պապը յուլիսի սկիզբը հրապարակաւ հանդիպում ունեցաւ բարձրաստիճան բանակային հրամանատարներու հետ, մինչ անոնք նախագահ Մուհամատ Մուրսիի եւ Իսլամ եղբայրներու կառավարութեան դէմ յեղաշրջումը կը յայտարարէին։
Քրիստոնեաներ, որոնք Եգիպտոսի բնակչութեան 10 առ հարիւրը կը կազմեն, եւ այլ փոքրամասնութիւններ գանգատած են, որ Մուրսիի կառավարութեան կողմէ որդեգրուած նոր սահմանադրութիւնը իրենց իրաւունքները կը բռնաբարէ։ Այժմ իսլամ զինեալներ վրէժ կը լուծեն։
Այսօր Միջին Արեւելքի մէջ 10 միլիոն քրիստոնեաներ կան եւ անոնք տարածաշրջանի բնակչութեան 5 առ հարիւրը կը կազմեն։ Մէկ դար առաջ այդ համեմատութիւնը 20 առ հարիւր էր։ Թիւի այս անկումը մեծ մասամբ կրնայ արտագաղթի եւ իսլամ արաբներու ծննդաբերութեան բարձր համեմատութեան նման ազդակներու վերագրուիլ, սակայն նաեւ հետեւանքն է քրիստոնեաներու լուսանցքայնացման եւ թիրախի վերածուելուն. մտահոգիչ ընթացք մը, որ ոչ միայն Եգիպտոսի մէջ կարելի է տեսնել, այլ նաեւ այլ արաբական երկիրներու մէջ։
Օրինակի համար Սուրիոյ մէջ բազմաթիւ սուրիացի քրիստոնեաներ ոչ բացայայտ կերպով զօրակցեցան նախագահ Պաշշար Ասատի, որ անդամ է շիիներու ալեւիական յարանուանութեան, ուստի պատմականօրէն յատուկ վերաբերում կը ցուցաբերէ եւ կը պաշտպանէ Սուրիոյ այլ կրօնական փոքրամասնութիւնները։ Այդ պատճառով ալ, ժիհատականները, որոնք սուրիացի ըմբոստներու նկատառելի մէկ հատուածն են, կառավարութեան դէմ իրենց պատերազմին կողքին քրիստոնեաներու դէմ յարձակումներ կը գործեն։ Քայիտայի առնչակից ըմբոստները սպաննեցին իտալացի վարդապետ մը, որ իր կեանքին մեծամասնութիւնը անցուցած է Դամասկոսի մէջ վանքի մը նորոգութեամբ։
Մարտ ամսուն Պենկազիի մէջ շուրջ 60 քրիստոնեաներ ծայրայեղականներու կողմէ ձերբակալուեցան եւ կառավարութեան յանձնուեցան ապօրինի կերպով Եգիպտոսէն Լիպիա մուտք գործած ըլլալնուն համար։ Զինեալները անոնցմէ ոմանք չարչարեցին եւ անոնցմէ մէկն ալ սպաննեցին։ Փետրուարին չորս քրիստոնեաներ ձերբակալուած էին քրիստոնէութիւն քարոզելու յանցանքով։
Նոյնպէս, ըստ «Սի.Այ.Էյ.»-ի գնահատման, 2003-ին Սատտամ Հուսէյնի տապալումէն ետք, Իրաքի քրիստոնեայ բնակչութեան թիւը 50 առ հարիւրով նուազած է։ Եւ հակառակ Իրաքի բնակչութեան միայն 3 առ հարիւրը ըլլալնուն՝ Քրիստոնեաները 2010-ին երկրէն փախուստ տուած բնակչութեան կէսը կը կազմեն։ Շուրջ 200 հազար քրիստոնեաներ երկրէն հեռացած են։ Եգիպտոսի մէջ քրիստոնեաներու դէմ յարձակումներուն պատճառով 100 հազար քրիստոնեաներ հեռացած են Եգիպտոսէն։
Այսպիսի հոլովոյթ մը Միջին Արեւելքի մէջ անցեալին ալ տեղի ունեցած է։ 1950ական թուականներուն Միջին Արեւելքի մէջ նկատառելի հրեայ բնակչութիւն մը գոյութիւն ունէր, սակայն Իսրայէլի պետութեան ստեղծումէն, ինչպէս նաեւ արաբ ազգայնականութեան ու հետագային իսլամականութեան ծնունդէն ետք, տարածաշրջանը ոչ իսլամներու նկատմամբ աւելի թշնական վերաբերմունքի տէր դարձած է։
Համաշխարհային Բ պատերազմին ժամանակ Եգիպտոսի մէջ կը բնակէին 100 հազար հրեաներ, համայնք մը, որ գոյութիւն ունէր փարաւոններու ժամանակաշրջանէն ի վեր։ Այժմ Գահիրէի մէջ տակաւին գործող հազիւ քանի մը հրէական տաճառներ կան, որոնք խիստ հսկողութեան տակ են եւ ընդհանրապէս դատարկ, որովհետեւ միայն Եգիպտոսի մէջ մնացած տասնեակ մը տարեց հրեաներու կը ծառայեն։
Յուսանք, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ճակատագիրը նոյնը պիտի չըլլայ։