Սուրիոյ մէջ սպաննուեցաւ ազերի զինեալներու առաջնորդ Ապու Եահիա Ալ Ազերին


 

Ատրպէյճանական APA լրատուական գործակալութիւնը, Սեպտեմբեր 16-ին հրապարակեց Սուրիոյ մէջ կառավարական ուժերուն դէմ կռուող ազերի իսլամ ծայրայեղականներու առաջնորդ Ապու Եահիա Ալ Ազերիի սպանութեան լուրը։

 

Ատրպէյճանցի զինեալներու առաջնորդ Ապու Յահիան սպաննուած է Համա քաղաքին մօտ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին, օդային յարձակման ժամանակ:  

 

Ըստ աստրպէյճանական եւ Սուրիոյ ըննդիմադիրներու շարք մը կայքէջերու տեղեկութեանց, Սուրիոյ մէջ ներկայիս կը գործեն 60 ատրպէյճանցի զինեալներ։ Կռիւներու ընթացքին սպաննուած ատրպէյճանցի զինեալներու թիւն է 30։

Ատրպէյճանցի զինեալները Սուրիա եկած են Ատրպէյճանէն, Աֆղանիստանէն (թալիպան ազերիներ), Ռուսաստանէն (Հիւսիսային Կովկաս) և այլ երկրիներէ։

ատրպէյճանցի զինեալներու մեծ մասը «Ժէյշ ալ-Մուհաճիրին Ուալ-Անսար» խմբաւորման անդամներ են։

 

Սուրիականն հակամարտութեան վերլուծաբան Արիֆ Եունէսը Յուլիս 11-ին իր մէկ յօդուածին մէջ յայտարարած էր, որ Սուրիոյ, Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի մէջ կը կռուին 300-է աւելի ատրպէյճանցի զինեալներ, որոնցմէ 100-ը՝ Սուրիոյ մէջ։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.