Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ Եւս Պատարագ Կը Մատուցուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10ին Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք 3րդ մեծ պատարագը մատուցուած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ:
Պատարագին մասնակցած են մեծ թիւով հայեր՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէն, որոնց շարքին եղած են մօտաւորապէս 50 ուխտաւոր՝ Հայաստանէն:
Առանց Թուրքիոյ դրօշներու եւ Աթաթուրքի նկարներու մատուցուած պատարագին մասնակցած են նաեւ Տիարպեքիրի քաղաքապետը, Սուրի քաղաքապետը, Ատանայի մօտ Միացեալ Նահանգներու երկրորդ հիւպատոսը, քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ:
Պատարագը մատուցած Արամ արք. Աթէշեան իր խօսքին մէջ նշած է, թէ ուրախացնող է, որ բացի պոլսահայերէ՝ պատարագին կը մասնակցին նաեւ Տիարպեքիր նահանգէն արմատներով հայ քաղաքացիներ:
Աթէշեան նաեւ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի խաղաղութեան համար աղօթք կատարած է:
Նշենք, որ 1400 աղօթատեղի ունեցող Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին կառուցուած է 1376ին եւ միայն վերջերս վերանորոգուած է՝ շնորհիւ Պոլիս ապրող տիգրանակերտցի հայերու ստեղծած «Սուրբ Կիրակոս հիմնադրամ»ին ջանքերուն: Արդարեւ՝ 2.5 միլիոն տոլար արժող վերանորոգման ծախսերուն 70 տոկոսը վճարած էր նշեալ հիմնադրամը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.