Ըստ Մետվետեւի՝ Մաքսային Միութիւնը Հայաստանի Համար Լրացուցիչ Կարելիութիւն Պիտի Ընծայէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 9ին խորհրդակցութիւններ ունեցած է իր տեղակալներուն հետ. ընթացքին ան անդրադարձած է նաեւ Մաքսային միութեան անդամակցելու վերաբերեալ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան:
Ռուսիոյ փոխվարչապետ Իկոր Շուվալով յայտարարած է, որ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան առարկայական բանակցութիւնները կրնան սկսիլ Հոկտեմբերին:
Ըստ Շուվալովի՝ Սեպտեմբեր 25ին պիտի կայանայ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի գերագոյն խորհուրդի նիստը՝ վարչապետներու մակարդակով, ուր, եթէ բոլոր կողմերը նախնական համաձայնութեան յանգին Հայաստանի Հանրապետութեան հետ գործակցութեան վերաբերեալ, ապա համապատասխան զեկոյց պիտի պատրաստուի երեք երկիրներու նախագահներուն համար, իսկ Հոկտեմբերին պիտի կայանայ Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի նիստը՝ նախագահներու մակարդակով: Եթէ հոն եւս համաձայնութիւն գոյանայ, ապա Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովը պիտի սկսի Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն:
«Արդէն հասկնալի է, որ այս բոլորը շատ դժուար պիտի ըլլան», յայտարարած է Շուվալով՝ աւելցնելով, որ Հայաստան պէտք է միանայ Մաքսային միութեան օրէնսդրութեան, պարտաւորութիւններ ստանձնէ միասնական մաքսատուրքի եւ շարք մը այլ հարցերու վերաբերեալ, որոնց համար որոշ ժամանակ կը պահանջուի:
Իր կարգին, Մետվետեւ յայտարարած է, որ Ռուսիա համաձայն է Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի ցանկութեան: Ան յիշեցուցած է, թէ Ռուսիա Հայաստանի հետ շատ սերտ տնտեսական ու քաղաքական կապեր ունի, անոնց միջեւ համատեղ ենթակառուցուածքային ծրագիրներ կ՛իրականացուին, իսկ Մաքսային միութիւնը, ըստ Մետւետեւի՝ Հայաստանի համար լրացուցիչ հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ:
«Հայաստանի հարցը, սակայն, իւրայատուկ է, քանի որ ներկայիս Հայաստանը չունի սահմաններ Մաքսային միութեան երկիրներուն հետ», յայտարարած է Մետվետեւ՝ աւելցնելով, որ Ռուսիա պատրաստ է Հայաստանին նպաստելու, սակայն կարեւոր է, որ Հայաստան եւս հարկաւոր քայլերու դիմէ:
Մետվետեւ նաեւ շեշտած է, թէ Մաքսային միութիւնն ու Եւրոմիութիւնը անհամատեղելի են, ապա աւելցուցած, որ եթէ Ուքրանիա ստորագրէ Եւրոմիութեան հետ գործակցելու պայմանագիր, ապա այդ երկիրը չի կրնար Մաքսային միութեան անդամակցիլ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.