Ըստ Օպամայի՝ Արցախի Հակամարտութիւնը Կարգաւորելու Համար Նոր Ջանքերու Պահը Հասած Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ըստ ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա նամակ մը յղած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ նշելով, որ կ՛աջակցի դեսպան Ճէյմզ Ուորլիքին, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի նոր համանախագահ նշանակուած է, եւ կրկնելով, որ Ուաշինկթըն կը ցանկանայ աջակցիլ կողմերուն, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը գտնուի:
Ան յոյս յայտնած է, որ դեսպան Ուորլիքի փորձառութիւնը կը նպաստէ յառաջխաղացք ապահովելու ջանքերուն: «Արդէն ժամանակն է նոր ջանքեր ներդնելու՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար: Ես կը զօրակցիմ յառաջիկայ ամիսներուն ձեր կողմէ Հայաստանի հետ ուղիղ երկխօսութիւն սկսելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ համանախագահներուն՝ բանակցութիւններու ներկայի անելանելի իրավիճակէն ելք փնտռելու համար», ընդգծուած է Օպամայի նամակին մէջ:
Նամակը Ալիեւին փոխանցած է Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 8ին Պաքու ժամանած Ճէյմզ Ուորլիքը, որ խորհրդակցութիւններ ունեցած է Ալիեւին եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովին հետ:
Դիւանագէտը ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն կը ձգտի օգնելու կողմերուն, ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցին մէջ:
Սեպտեմբերի 10ին, Ուորլիք Երեւան պիտի անցնի՝ խորհրդակցութիւնները հոն շարունակելու համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.