Հալէպի Սուլէյմանիա Շրջանին Մէջ Երեք Հայ Զոհուած Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Նկատի ունենալով, որ Հալէպի հետ հաղորդակցութեան միջոցները վերջին շրջանին խանգարուած էին եւ միայն նախորդ օր վերսկսան գործելու, Հալէպէն աղբիւրներ տակաւին նոր կրցան տեղեկացնել, որ Հալէպի Սուլէյմանիա շրջանին մէջ մօտ մէկ շաբաթ առաջ ինկած հրթիռին պատճառով երեք հայեր մահացած են։ Ըստ հալէպահայ աղբիւրներուն, քաղաքը կը գտնուի ամբողջական շրջափակման մէջ, շաբաթը քանի մը անգամ քաղաքէն դուրս ելլել փորձող պասերը միշտ կը վերադառնան, քանի որ փակ են բոլոր ճամբաները։ Անոնց համաձայն՝ քաղաքին մէջ վառելանիւթ ընդհանրապէս չկայ, բոլոր կայանները փակ են, ձեռքի վրայ երբեմն կը վաճառուի, բայց շատ բարձր գիներով: Սննդամթերքի գիները եւս շատ սուղ են։
Նշուեցաւ նաեւ, որ շուրջ 1.5 ամիս առաջ Սուրիոյ մէջ՝ Հալէպ-Երեւան ճամբուն վրայ  առեւանգուած հայորդի Նարեկ Վարժապետեան ազատ արձակուած է: Վարժապետեանի ազատ արձակման մասին լուրը հաղորդած է անոր հայրը՝ Ստեփան Վարժապետեան, Դիմատետրի էջին վրայ կատարած արձանագրութեան ճամբով։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.