Տերսիմի Բնակչութեան 75 Տոկոսին Արմատները Հայկական Են


ԵՐԵՒԱՆ.- «Նիուզ» լրատուական կայքի լրագրող Արթուր Յակոբեան Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6ին յօդուած մը հրատարակած է Տերսիմի իսլամացած հայերուն մասին:
Կարդալէ ետք հակահայ լուրերու հրապարակումով ծանօթ «Հապերվաքթիմ» կայքին վրայ լոյս տեսած լուր մը, ըստ որուն՝ Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան մէջ կան մեծ թիւով իսլամացած հայեր, որոնք գաղտնաբար ծառայութիւն կը մատուցեն հայութեան, Յակոբեան կապ հաստատած է Միհրան Փրկիչի հետ, որ վերադարձած էր իր իսկական կրօնքին եւ ստեղծած Տերսիմի հայերու միութիւնը:
Միհրան Փրկիչ, որ հայկական արմատներով իսլամներուն կոչ կ՛ընէ վերադառնալու իրենց արմատներուն, ըսած է, թէ իր որոշումէն ետք որոշ թիւով իսլամացած հայեր նեղացած են իրմէ, որովհետեւ այն համոզումը ունեցած են, թէ իրենց գաղտնիքը անտեղ կերպով մը բացայայտած է՝ վտանգի հաւանականութիւնը ստեղծելով:
Միհրան Փրկիչ չէ պատասխանած այն հարցումին, թէ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս քանի՞ իսլամցած հայ կայ, սակայն շեշտած է, թէ մարդիկ այլեւս պէտք չէ ծածուկ պահեն իրենց հայկական ինքնութիւնը:
Ան նաեւ աւելցուցած է, թէ Տերսիմի բնակչութեան 75 տոկոսին արմատները հայկական են, սակայն անոնց մէկ մասը ալաուի դարձած է, իսկ միւս մասը՝ քրտացած:
Միհրան Փրկիչ նշած է նաեւ, թէ ինք 15 տարի Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համար աշխատած է՝ հաստատելով, որ այդ կուսակցութեան ղեկավար կազմին մէջ եւս իրենք զիրենք իսլամ ներկայացնող մեծ թիւով հայեր կան:
Իբրեւ օրինակ, ան կը յայտնէ, թէ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ ընտրական յաղթանակ արձանագրուած է այն շրջաններուն մէջ, ուր հայեր կը բնակէին 1923էն առաջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.