Արամ Ա. Եւ Իրանի Դեսպանը Կը Շեշտեն Շրջանը Զինուորական Բախումներէ Հեռու Պահելու Անհրաժեշտութիւնը


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիին: Դեսպանին կ՛ընկերանար դեսպանատան քաղաքական բաժանմունքի պատասխանատուն: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին պարզել ընդհանրապէս Սուրիոյ տագնապին եւ յատկապէս վերջին օրերուն արագ զարգացում ստացած ամերիկեան զինուորական ենթադրեալ միջամտութեանց գծով Իրանի տեսակէտը:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, դեսպանը ընդհանուր ակնարկ մը նետեց Իրանի որդեգրած կեցուածքի զանազան փուլերուն ու ծալքերուն: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը օրին Սուրիոյ հարցին քաղաքական լուծում տալու իր յանձնառութիւնը փոխանցած էր արեւմտեան երկիրներուն: Ան նաեւ յայտնեց, թէ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն մը ամբողջ Միջին Արեւելքը կրնայ վտանգաւոր ու աննախատեսելի կացութիւններու դիմաց դնել: Ապա դեսպանը խնդրեց վեհափառ հայրապետէն, որ արեւմտեան եկեղեցիներուն հետ իր ունեցած կապերուն ճամբով շեշտէ շրջանը զինուորական բախումներէ հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը եւս, իր կարգին, ընդգծեց Սուրիոյ ներքին տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու հրամայականը՝ մասնակցութեամբ բոլոր կողմերուն, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքներուն: Այս առիթով վեհափառը նաեւ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց յատկապէս Հալէպի գծով: Ան ըսաւ, որ փաստօրէն, քրիստոնեայ համայնքները հակադիր կողմերուն միջեւ կը գտնուին, քաղաքը պաշարուած է եւ ժողովուրդը իր առօրեայ կարիքներուն կապուած լուրջ դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուի: «Հետեւաբար, անհրաժեշտ է առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայել Հալէպին՝ բախումներէ հեռու պահելով ժողովուրդը», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.