Սեբաստացի երեք հայ եղբայրներ կը պայքարին իրենց նախնիներուն պատկանող 10 միլիոն տոլար արժողութեամբ տարածքին վերատիրանալու համար


 

Սեբաստիա քաղաքը 1915-էն առաջ

 

Ըստ թրքական «Demokrathaber» լրատուական կայքին` ծագումով սեբաստացի 3 հայ եղբայրներ իրաւական միջոցներով պայքար կը տանին իրենց նախնիներուն պատկանող տարածքին վերատիրանալու համար: Եղբայները պնդելով որ Սեբաստիոյ (Սվազ) Ուլաշ գաւառին մէջ գտնուող «Համուրքեսեն» տարածքը  իրենց կը պատկանի, իսկ սեփականութեան իրաւունքը ապօրինաբար  իրնեցմէ խլուած է։ Անոնք դիմած են դատարան: Նշենք, որ եղբայները կը կրեն Համուրքեսեն տոհմանունը:

20 միլիոն թրքական լիրա (9 856 000 ԱՄՆ տոլար) արժողութեամբ տարածքին վերատիրանալու համար, Համուրքեսեն ընտանիքի փաստաբանը ըսած է, որ կեանքի ապահովութեան նկատառումներով ընտանիքը մինչեւ օրս չէ բացայայտած իր ինքնութիւնը:

Փաստաբանը աւելցուցած է , որ այս հարցով Համուրքեսեն եղբայրները իրեն դիմած են 2000 թուականին, սակայն մտածելով որ 1870 թուականին խլուած հողերը տեսականօրէն անկարելի է ետ վերցնել, ոչ մէկ իրաւական քայլի դիմած են: 

՚«Սակայն օր մը անոնք մօտս եկան Սվազի քարտէսով , ուր իրենց տոհմանունը կրող տարածք նշուած էր: Սկսայ ուսումնասիրել այս հարցը: Սվազի նահանգային վարչութեան գրասենեակէն ձեռքս անցան թուղթեր որոնց մէջ այդ տարածքը Համուրքեսեն ընտանիքի անունով նշուած էր: Ըստ երեւոյթին, սեփականատէրերու` անյայտ կորսուած ըլլալուն պատճառով տարածքը պետութեան անունին գրանցուած էր»,- յայտնած է փաստաբանը: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.