Ատրպէյճան Մտադիր Է 3 Միլիառ Տոլարի Զինամթերք Գնել Քորէայէն


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Ատրպէյճանի կառավարութիւնը մտադիր է Հարաւային Քորէայէն 3 միլիառ տոլար ընդհանուր արժողութեամբ ժամանակակից սպառազինութիւն գնել. այս մասին կը յայտնէ ԱՊԱ գործակալութիւնը՝ քորէական աղբիւրէ յղում կատարելով:
Այս առնչութեամբ սկզբնական բանակցութիւնները արդէն սկսած են, սակայն Հարաւային Քորէայի իշխանութիւնները գործարքը կատարելու համաձայնութիւն չեն տուած տակաւին: Քորէական կառավարութիւնը մտահոգ է, որ ռազմական սարքերու մատակարարումը կրնայ տարածաշրջանին մէջ խախտել ուժերու հաւասարակշռութիւնը։
Տակաւին յստակ չէ, թէ ե՛րբ կրնայ ստորագրուիլ համաձայնութիւնը։ Նախապէս եւս հաղորդուած էր, որ Ատրպէյճան եւ Հարաւային Քորէան կրնան ռազմական սարքաւորումներու առնչութեամբ համագործակցութեան յուշագիր ստորագրել: Շնորհիւ այդ համաձայնութեան, կողմերը կրնան փոխանակել ռազմական եւ, հաւանական է, սպառազինութիւններու մշակման ոլորտին մէջ որոշ փորձառութիւն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.