Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Հաւաքական Մկրտութիւն


ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք, 4րդ տարին ըլլալով մատուցուելիք պատարագին ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով պիտի կազմակերպուի նաեւ հաւաքական մկրտութեան արարողութիւն:
Թրքական «Իհլաս» լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ այս տարուան պատարագի արարողութեան բոլոր նախապատրաստական աշխատանքները հասած են իրենց վերջին հանգրուանին: Վանի փոխնահանգապետ Մեհմետ Եուզերի նախագահութեամբ կայացած է պատարագին կապակցութեամբ յատուկ նիստ մը, որուն մասնակցած են նաեւ համապատասխան հաստատութիւններու տնօրէնները: Նիստին ընթացքին հաղորդուած է, թէ Կիրակի, Սեպտեմբեր 8ին, ժամը 11ին նախատեսուող պատարագին ընթացքին հաւաքական մկրտութիւն տեղի պիտի ունենայ:
Նախատեսուող պատարագին վերաբերեալ եւ նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին «Իհլաս» գործակալութեան թղթակիցին հարցազրոյց տուած է Վան նահանգի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրէն Մուզաֆեր Աքթուղ, որ նշած է. «Ներկայիս ոչ մէկ խնդիր կայ: Մեր նպատակն է լաւագոյն կերպով հիւրընկալել պատարագին մասնակիցները: Խաղաղութեան գործընթացը, ինչպէս միւս ոլորտներուն պարագային, զբօսաշրջութեան վրայ եւս դրական դեր կ՛ունենայ: Շրջան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը աւելցած է: Կ՛ակնկալենք, որ պատարագի մասնակիցներուն թիւն ալ, անցեալ տարուան համեմատ, աւելի մեծ ըլլայ»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.