ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐԸ ՀՐԱԺԱՐԱԾ Է ԱՐԵՒԱՅԻՆ ՋՐԱՏԱՔԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԵՂԱՓՈԽԵԼՈՒ ԳԱՂԱՓԱՐԷՆ


 

 

Սուրիահայ գործարար Շահէն Չերքեզեան՝ Հոմս քաղաքի «Սոլըր Հիթըրզ» արեւային ջրատաքացուցիչներու գործարանի սեփականատէրը, հրաժարած է իր գործը Հայաստան տեղափոխելու գաղափարէն։ News.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի մէջ անոր գործընկեր Սուրէն Գրիգորեան նշած է, որ գործարանի սարքաւորումները Սուրիայէն Լիբանան տեղափոխուած են։ Չերքեզեանը մտադիր էր այնտեղէն զանոնք Հայաստան հասցնել եւ աշխատելու համար հրաւիրել Սուրիոյ մէջ իր մօտ աշխատող շուրջ 200 մարդ, որոնց մէկ մասը պատերազմի ժամանակ հեռացած էր երկրէն։

«Նախքան այստեղ ձեռնարկութիւն հիմնելը ան որոշած է աւելի շատ բան գիտնալ հարկային եւ մաքսային ծառայութիւններու աշխատանքի եւ այն մասին, թէ արդեօք սփիւռքահայերու համար Հայաստանի մէջ գործ սկսիլը դիւրի՞ն է։

Ամէն ինչի հաշիւը ընելէ ետք, ան հրաժարած է այդ գաղափարէն։ Շատ ափսոս, որովեհետեւ ծրագիրը պիտի օգնէր նոր աշխատատեղեր ստեղծելու, ներառեալ Հայաստան եկած սուրիահայերու համար։ Վերջիններուս համար աշխատանք գտնելու խնդիրը, ինչպէս գիտէք, բաւական սուր դրուած է», ըսած է Ս. Գրիրգորեան։

«Այս պահուս, Չերքեզեանը մտադիր է իր ձեռնարկութիւնը բանալ կամ հարեւան Վրաստանի, կամ Լիբանանի մէջ», աւելցուցած է ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.