Տիգրանակերտի Մէջ «Համատեղ Ցաւեր» Յուշարձանը Պիտի Կառուցուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ քրտաբնակ տարածաշրջանի կեդրոնը հանդիսացող Տիգրանակերտ (Տիարպեքիր) նահանգի Սուր քաղաքի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշ յայտարարած է, որ որոշուած է Տիգրանակերտի մէջ «Համատեղ ցաւեր» յուշարձանը կառուցել, երկրի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ ցեղասպանութեանց ենթարկուած հայերու, ասորիներու, քաղտէացիներու, քիւրտերու, եզիտիներու եւ հրեաներու յիշատակին:
Ըստ թրքական մամուլին՝ այդ կապակցութեամբ Տեմիրպաշ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, թէ «մեր ցաւերուն առումով, մրցակցելու փոխարէն՝ բոլորս պէտք է մէկտեղուինք եւ ձգտինք վերջ դնելու այդ ցաւերուն: Այդ պատճառով, մենք պիտի կառուցենք համատեղ խիղճի արտայայտութիւն հանդիսացող այս յուշարձանը, որ պիտի հանդիսանայ անցեալի հետ մեր առերեսման պատկերը: Անոր ընդմէջէն կ՛ուզենք Տիարպեքիրը ներկայացնել իբրեւ ժողովուրդներու եւ հաւատքներու պարտէզ», եզրակացուցած է Սուրի քաղաքապետը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.