Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի Քութուճեանի Ընտրապայքարին


ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբի (ANC-PAC) համակիրները Կիրակի, Օգոստոս 11ին իրենց մասնակցութիւնը բերին Քոնկրեսի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրած Մեսեչուսեց նահանգի Միտըլսաքս շրջանի հայ ոստիկանապետ, քաղաքական գործիչ Փիթըր Քութուճեանի ընտրապայքարին ի նպաստ կազմակերպուած հաւաքին:
Քութուճեան կը մասնակցի Ներկայացուցիչներու տան մէջ Մեսեչուսեցի 5րդ ընտրատարածքին համար կայանալիք լրացուցիչ ընտրութիւններուն, որոնց նպատակն է լեցնել անցեալ տարի Ծերակոյտի անդամ ընտրուած Էտ Մարքիի կողմէ թափուր ձգուած աթոռը: Այլ արտակարգ ընտրութեան մը ընթացքին քոնկրեսական Մարքի արձանագրած յաղթանակով լեցուած էր Ճան Քերիի՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար նշանակումով Ծերակոյտին մէջ թափուր մնացած աթոռը:
«Փիթըր Քութուճեան Ամերիկեան Երազի իրականացման հոյակապ օրինակ մըն է: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը համոզուած է, որ իր ուղղամտութիւնն ու տեսլականը Քոնկրես պիտի տանի՝ բարելաւելով զայն: Ան արդէն իսկ ամբարած է փորձառութեանց հարստութիւն մը, որ օգտակար պիտի ըլլայ Ներկայացուցիչներու տան: Ան Մեսեչուսեց նահանգի Միտըլսաքս շրջանի հայ ոստիկանապետ ըլլալու կողքին, եղած է նաեւ նահանգային խորհրդարանի անդամ եւ դատախազ՝ Միտըլսաքս շրջանի Շրջանային դատախազի գրասենեակին մէջ», կը յայտնէ յանձնախումբին բանբերը:
Քութուճեան իր նախընտրական քարոզարշաւը յայտարարելու ընթացքին անդրադարձած էր նաեւ իր հայկական արմատներուն: Ան խոստացած է նեցուկ կանգնիլ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու բանաձեւերուն, ինչպէս նաեւ յաւելեալ օժանդակութիւն ապահովել Հայաստանի ու Արցախի, միաժամանակ՝ լաւապէս պաշտպանելով իր նահանգին քաղաքացիներուն իրաւունքները:
Նահանգային խորհրդարանի անդամ եղած տարիներուն, Քութուճեան հեղինակած էր այն բանաձեւը, որուն շնորհիւ կարելի եղած էր առաջ մղել Հայկական ժառանգութեան զբօսայգիի (AHP) ծրագիրը: Պոսթընի քաղաքամէջը գտնուող զբօսայգին ամէն տարի կ՛այցելեն հարիւր հազարաւորներ. հոն հաստատուած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան մը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.