Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նուիրահաւաքի ընթացքին 60 հազար տոլար գոյացաւ ի նպաստ սուրիահայութեան «դպրոց» հիմնադրամին


 

 

 

Օգոստոս 9-11, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ հոգեւոր հովիւին կազմակերպած քայլարշաւ-նուիրահաւաքը, որուն ընթացքին, Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ քայլարշաւին մասնակից 55 թորոնթոհայեր երեք յաջորդական օրեր քալելով կտրեցին 45 քլմ. ճանապարհ։

Քայլարշաւի խումբը, Հայր Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեանի առաջնորդութեամբ, երեք հանգրուաններով կանգ առաւ Ս. երրորդութիւն Հայց. Առաքելական, Հայ Աւետարանական եւ Ս. Լուսաւորիչ կաթողիկէ եկեղեցիներու Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողներուն մօտ եւ աղօթեց։

Կիրակի օր, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եկեղեցական արարողութեան ընթացքին, Հայր Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան իր քարոզին մէջ շեշտեց նուիրելու եւ նուիրաբերելու կարեւորութիւնը, յատկապէս կոչ ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին անսակարկօրէն աջակցելու դժուարին պայմաններու մէջ գտնուող սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

Երեք օրերու ընթացքին հանգանակուեցաւ 60 հազար տոլար, որ պիտի տրամադրուի սուրիահայութեան «դպրոց» կրթական հիմնադրամին։

Նկարը՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.