Հալէպ-Երեւան ճանապարհին 4 հայ երիտասարդներ առեւանգուած են – սուրիական բանակի հայ զինուոր մը զոհ


 

 

Հալէպէն Երեւան ուղեւորուող հանրային փոխադրակառք մը օգոստոս 10-ին պարտադրաբար կանգնեցուած է զինեալներու կողմէ. որոնք առեւանգած են չորս հայ երիտասարդներ` ներառեալ վարորդը: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուց  Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխատակից  Զարմիկ Պօղիկեանը: «Սուրիոյ մէջ կը շարունակուին զինեալ բախումներն ու մարդկային կորուստները: Հինգշաբթի` օգոստոս 8-ին, եւ ուրբաթ` օգոստոսի 9-ին, Հալէպի «Նոր Հալէպ» շրջանին մէջ քաղաքի անվտանգութեան ուժերը ականազերծեցին երեք ականապատուած ինքնաշարժներ, որոնք զետեղուած էին բնակչութեամբ հոծ թաղամասերու մէջ, իւրաքանչիւրը կը պարունակէր 250-300 քիլոկրամ պայթուցիկ», –  ըսաւ Պօղիկեան:

Օգոստոս 2-ին Հալէպի կեդրոնական բանտին մօտ կայացած բախումներու ընթացքին ռումբի բեկորէն զոհուած է 1974֊ի ծնունդ Նազար Քէօշկէրեանը: Օգոստոս 6-ին, Դամասկոսի արուարձաններէն Ճարամանայի մէջ, որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ եւ հայեր են, ականուած ինքնախարժի պայթումի հետեւանքով զոհուած է 18 եւ վիրաւորուած 56 քաղաքացի: Դարձեալ Ճարամանայի մէջ, ինքնաշարժի մը մէջ գտնուած է 1966֊ի ծնունդ Սարգիս Մերէսճեանի հրկիզուած դիակը:

Յուլիս 26-ին առեւանգուած 4 հայ երիտասարդները տակաւին ազատ չեն արձակուած:

Իսկ Գամիշլիցի հայ զինուոր մը վերջին օրերուն զոհուած է ծառայութեան ընթացքին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.