14 Սեպտեմբեր 1915. Մուսա Լերան հերոսամարտի փրկարար ուղին

Ֆրանսական ծովուժի փոխծովակալ Լուի Ռընէ Շարլ Մարի Տարթիժ տիւ Ֆուռնէ ծնած է 2 Մարտ 1856ին, Ֆրանսայի Օռն շրջանի Փութանժ քաղաքի մէջ եւ մահացած 16 Փետրուար 1940ին, Տորտոյն շրջանի Փերիկէօ քաղաքի մէջ:

Ան 1872ին մուտք կը գործէ ֆրանսական բանակի ծովուժի սպայից վարժարան, զոր կ՛աւարտէ հազարապետի աստիճանով: 13 Յուլիս 1893ին «Պորի» մարտանաւի նաւապետին հրամանով «Քոմե»չ փոքր խորտընկեցի հրամանատար Լուի Տարթիժ բռնի ուժով կ՛ապահովէ Մենամի անցքի ապահովութիւնը՝ Պանքոքի նաւահանգիստին շունչ պարգեւելու համար: Անոր այս յաջողութեան իբրեւ արդիւնք Ֆրանսա ձեռք կը բերէ Մեքոնկի (ներկայիս Լաոս) ձախ ափը: Տարթիժ յետագային «Փոթօ» մեծ ռազմանաւի հրամանատրի տեղակալ կը դառնայ, ապա Հիւսիսային ծովու նաւախումբին մաս կազմող «Սուրքուֆ» մարտանաւի հրամանատար կը նշանակուի:

1909ին, կը բարձրացուի ենթածովակալի աստիճանի: Պալքանեան պատերազմին (1912-1913) ընթացքին հրամանատարն է Միջերկրականի մէջ ֆրանսական նաւատորմիղին եւ փոխծովակալի պաշտօնին բարձրացուած է: Փետրուար 1915ին կը ստանձնէ նորաստեղծ ֆրանսական երրորդ նաւախումբի հրամանատարութիւնը: Անոր կեդրոնատեղին է Սուրիան, եւ ան պարտականութիւնը ունի թրքական տիրապետութեան տակ գտնուող ծովեզերքի պաշարման Օգոստոս 1915ի հրամանը գործադրելու:

Horizon Weekly Newspaper

5 Սեպտեմբեր 1915ին, թուրքերուն ցեղասպանական ծրագիրը դիմադրելու համար Մուսա Տաղի վրայ դիրք բռնած հայերը կարմիր խաչ մը կրող ճերմակ դրօշով կը գրաւեն «Կիշեն» մարտանաւի ուշադրութիւնը: Ծովակալ Տարթիժ տիւ Ֆուռնէ բարձր հրամանատարութենէն ցուցմունք կը խնդրէ: Յստակ պատասխան մը չստանալով՝ իր անձնական պատասխանատուութեամբ 12-13 Սեպտեմբերին 4080 հայեր կ՛առնուին «Ֆուտր», «Տ՛Էսթրէ», «Կ՛իշեն», «Ամիրալ Շարնէ» եւ «Տեսօ» մարտանաւէրուն վրայ: Ֆրանսական ծովուժի երրորդ նաւախումբը իր ամբողջ ջանքը կը թափէ հայերը Եգիպտոսի Փոր Սայիտ նաւահանգիստ հասցնելու գործողութիւնը յաջողցնելու համար:

Horizon Weekly NewspaperՅետագային Ֆուռնէ կը ստանձնէ հրամանատարութիւնը Արեւելքի մէջ դաշնակից ուժերու նաւատորմիղներուն, որոնք կը պատրաստուէին Վոսփորը գրաւելու: Ծովուժի նախարար Լուսիէն Լաքազ զինք կը պաշտօնազրկէ, երբ Դեկտեմբեր 1916ին դաշնակից զինուորները Աթէնքի մէջ թակարդը կ՛իյնան: Պաշտօնազրկուելէ ետք՝ ան կ՛ամուսնանայ եւ հանգստեան կը կոչուի:

 

ԾՈՎԱԿԱԼ ՖՈՒՌՆԷԻ ՅՈՒՇԵՐԸ ՄՈՒՍԱԼԵՌՑԻՆԵՐՈՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

 

Ֆրանսական ծովուժի փոխծովակալ Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուռնէ, 1920ին լոյս տեսած իր «Ծովակալի Մը Պատերազմական Յուշերը» խորագիրով յուշերուն մէջ երեք էջերէ բաղկացած գլուխ մը յատկացուցած է Մուսա Տաղի հայերու փրկութեան:

«Մուսա Լերան Հայերու Փրկութիւնը՝ Սեպտեմբեր 1915» խորագիրը կրող գլուխին մէջ ֆրանսացի ծովակալը կը գրէ, որ Սեպտեմբերի առաջին օրերուն «Կիշեն» մարտանաւը, որուն հրամանատարը «Պրիսոն, պահակային մարտանաւի հրանատարն էր, կը շրջէր Անտիոքի հիւսիսային ծովափին մօտ, երբ ցամաքէն նշաններ կը նշմարէ: Փոքր նաւ մը ծովափ կ՛ուղարկուի եւ տեղեակ կը դառնայ, որ Մուսա լերան բարձր վայրերուն մէջ պաշարուած հայերը թուրքերու կողմէ ջարդուելու վտանգ կը դիմագրաւեն: Ֆուռնէ 6 Սեպտեմբերին տեղեակ պահուելով «Ժան Տ՛արք» մարտանաւին վրայ, անմիջապէս դէպքի վայր կը մեկնի: Հայերու ղեկավարներէն Փիեռ Տիմլաքեան կը բարձրանայ նաւ եւ կը խնդրէ, որ կիներն ու մանուկները հեռացուին՝ վստահեցնելով, որ կռուողները տակաւին վեց ամիս եւս կրնան թրքական ուժերուն դիմադրել, եթէ ֆրանսացիները իրենց աղ, վառօդ եւ փամփուշտ տրամադրեն: Պաշի-պուզոքներու աւազակախումբեր պաշարած են լեռը եւ քիչ քիչ կը յառաջանան, կ՛առեւանգեն մանուկները, կիները եւ զանոնք երկրին խորերը կը տանին: Այս ողբերգական տեղահանութեանց ահաւոր վայրագութիւններ կ՛ընկերակցին:

Ֆուռնէ շուտով կը համոզուի, որ «այս խեղճերը պէտք է հեռացնել»:

«Ժամանակը կը սպառի, եւ իրենք՝ հայերը ինչ ալ ըսեն պէտք է բոլորնին հեռացնել», կը գրէ ան: Կը մեկնի Ֆամակուսթա, Կիպրոս եւ այդտեղէն Կիպրոսի եւ Եգիպտոսի բարձր յանձնակատարներէն կը խնդրէ Մուսա լերան ամբողջական բնաջնջումի վտանգը դիմագրաւող հայերուն ապաստան տալ: Առաջին ֆրանսացի յանձնակատարը կը պատասխանէ, որ չի գիտեր զանոնք ուր տեղաւորել, իսկ երկրորդը կը պատասխանէ, թէ հարցը Լոնտոն պիտի փոխանցէ: Կը հեռագրէ ծովուժի նախարարութեան զայն տեղեակ պահելու համար: Նախքան այդտեղէն պատասխան առնելը կը ստանայ հրամանը երթալու Տարտանել՝ փոխարինելու համար փոխծովակալ Նիքոլը, որ առողջական պատճառներով Ֆրանսա վերադարձած է: Ան կ՛ընդունի, սակայն կը նշէ, որ Մուտրոս պիտի մեկնի անմիջապէս, որ ֆրանսական ծովուժի երրորդ նաւախումբի հրամանատարութիւնը յանձնէ ծովակալ Տարիուսի:

10 Սեպտեմբերին կը հասնի Փոր Սայիտ եւ 12ին ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Տարտանել, սակայն ծովակալ Տարիուսէն բաժնուելէ առաջ՝ վերջինիս հետ կ՛որոշէ Մուսա լերան հայերը տեղափոխել: Իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր մարտանաւերը կ՛ուղարկուին Մուսա լեռ եւ 13 Սեպտեմբերին բոլոր հայերը բարձրացած կ՛ըլլան նաւերուն վրայ: Գործողութիւնը կ՛անցնի առանց միջադէպի եւ դժուարութեան: Ֆրանսացիք այն մտավախութիւնը ունեցած են, որ հակառակորդ կողմի սուզանաւ մը միջամտէ, այն սուզանաւը, որ 8 Սեպտեմբերին Ռոտոսի նաւահանգիստին մուտքին ընկղմած էր պահակային փոքր մարտանաւ «Էնտիէն»ը: Սուզանաւը չէ յայտնուած եւ 4080 հայերը հիւրընկալուած են նաւերուն վրայ: Անոնց շարքին էին խանձարուրի մէջ եղող նորածիններ, որոնք ֆրանսացի նաւաստիներուն ձեռքէ ձեռք անցնելով նաւուն վրայ տեղաւորած են: Նկատի ունենալով, որ մինչ այդ ո՛չ Լոնտոնէն, ո՛չ ալ այլ տեղէ որեւէ պատասխան եկած է՝ մարտանաւերը հրաման կը ստանան հայերը Փոր Սայիտ, Եգիպտոս փոխադրել՝ վստահ ըլլալով, որ հայերը այդտեղէն ետ պիտի չդարձնեն»։

«Այս հարցը, որ ծովակալ Տարիուս եւ իր սպաները շատ լաւ գլուխ հանեցին, մեզ մղեց որոշ մտածումներու: Երկար տարիներէ ի վեր վարժուած էինք հայերու գանգատը լսել, դատապարտել այս տարաբաղդ ցեղին պարբերական ջարդերը, քննադատել ջարդարարները: Եւ ահաւասիկ 4000 հայեր, որոնք շատ հետաքրքրական են, որովհետեւ իրենց հայրենիքը պաշտպանեցին՝ փոխան իրենց բոլոր մնացեալ ազգակիցներուն նման ծանր վտանգի առջեւ գտնուելով կրաւորական կեցուածք որդեգրելու: Անհրաժեշտ էր զանոնք ապահով վայր դնել, եւ ժամանակ չկար կորսնցնելիք: Կը հաւատայինք, որ ամէն ոք պիտի պահանջէր զանոնք հիւրըկնալելու պատիւը ունենալ, մարդասիրութիւն գործելու լաւ բաղդը ունենալ, գիրքերուն, թերթերուն կամ խորհրդաժողովերու մէջ եղողէն այլ ձեւով գթառատութիւն ցոյց տալու առիթը խլել: Գործնականին մէջ եղածը կը տեսնենք՝ հարկ եղաւ անոնց ապաստանարանը բռնի կերպով գտնել, եւ չեմ յիշեր, որ որեւէ մէկէն այս հարցով շնորհակալութեան արտայայտութիւն ստացայ», կը գրէ ծովակալը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.