Ընդդիմադիր լայն համախմբում՝ «ալիեւեան սահմանադրութեան» պարտադրանքին դէմ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ընդդիմադիր շարք մը քաղաքական ուժեր, ներառեալ Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւնները, Սամուէլ Կարապետեանի առանձնատան մէջ տեղի ունեցած փակ հանդիպումէ մը ետք, համատեղ յայտարարութեամբ մերժեցին «ալիեւեան սահմանադրութեան» պարտադրանքը։
Յայտարարութիւնը հրապարակեց «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան։ Ստորագրողներուն շարքին են «Հայաստան» դաշինքը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հայ ազգային քոնկրեսը, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, «Բարգաւաճ Հայաստանը», «Ապրելու երկիրը», «Հայաքուէն», «Ժառանգութիւնը» եւ այլ քաղաքական ուժեր։
Ընդդիմադիրները յայտարարեցին, որ կը համախմբուին ոչ միայն սահմանադրական փոփոխութիւններու պարտադրանքը մերժելու, այլեւ առանց միակողմանի զիջումներու եւ տարածքային կորուստներու խաղաղութեան հաստատման, ազգային ինքնութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական ազատութիւններու եւ իրաւունքներու վերականգնման շուրջ։
Ընդդիմադիր ուժերը շեշտեցին, որ նոր Սահմանադրութենէն Անկախութեան հռչակագրին յղումը հանելու նախաձեռնութիւնը կը բխի Պաքուի պահանջներէն։ Ատրպէյճան այդ փոփոխութիւնը նախապայման կը նկատէ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար, մինչդեռ Փաշինեանի իշխանութիւնը կը պնդէ, թէ սահմանադրական փոփոխութիւնները Հայաստանի ներքին օրակարգին մաս կը կազմեն։
Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը խորհրդարանին մէջ չունի անհրաժեշտ սահմանադրական մեծամասնութիւնը եւ նախագիծը հանրաքուէի դնելու համար կարիքը ունի առնուազն վեց ընդդիմադիր պատգամաւորի ձայնին։ Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները յայտարարած են, որ նման աջակցութիւն պիտի չտրամադրեն։
Անդրադառնալով յաջորդ քայլերուն՝ Նարեկ Կարապետեան նշեց, որ պիտի փորձեն հասարակական գործիչներու հետ եւս համաձայնութիւն գոյացնել իրենց որդեգրած սկզբունքներուն շուրջ։ Ան չբացառեց պայքարի բոլոր օրինական միջոցներուն դիմելու կարելիութիւնը, սակայն փողոցային պայքարի մասին յստակ դիրքորոշում չյայտնեց։
Կարապետեան նաեւ պնդեց, որ հանդիպումը նախաձեռնած էր Սամուէլ Կարապետեան, իսկ իշխանութիւնները զայն ձերբակալելով փորձած են խափանել նախաձեռնութիւնը։ «Ուժեղ Հայաստան»ը գործարարին ձերբակալութիւնը կը կապէ սահմանադրական փոփոխութիւններուն դէմ ընդդիմութեան կոշտ դիրքորոշումին։