ՔԱՅԻՏԱՅԻ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՃԱՄԲՈՎ ՍՈՒՐԻԱ Կ՚ՈՒՂՂՈՒԻՆ


 

 

«Սթրաթիժիք Քալչըր» հիմնարկը՝ յղում կատարելով «ալ-Մոնիթըր»-ի կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ 2.5 տարուան բախումներուն ընթացքին Թուրքիոյ սահմաններու հատման հարցը շարունակ քննարկումի կ՚ենթարկուի։ Գոյութիւն ունէին տեղեկութիւններ, թէ Ասատի վարչակարգին դէմ կռուելու համար Սուրիա ուղղուող իսլամական խմբաւորումներ, մասնաւորաբար Քայիտայի անդամներ, որոնք

Թուրքիոյ մէջ համակիրներ ունի, Թուրքիոյ սահմանը կը հատեն։ Հարցին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար «ալ-Մոնիթըր» կապ հաստատած է Պոլիսի մէջ Քայիտայի մօտիկ անհատներու հետ, որոնք Սուրիոյ մէջ պատերազմին մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցած են։ Աղբիւրները յայտնած են, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմի ծագումէն ետք Եւրոպայէն, Կովկասէն, Աֆղանիստանէն եւ Հիւսիսային Ափրիկէէն Քայիտայի անդամներ սկսած են Թուրքիոյ ճամբով Սուրիա մուտք գործել։ Աղբիւրները նաեւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցած են քրտական «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» հետ բախումներուն եւ սահմանը հատելու ձեւերուն մասին։

 

ԹՐՔԱԿԱՆ ԳԱՂՏՆԻ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԻՆ

Աղբիւրներէն մէկը նշած է, որ ինք «Ժապհաթ ալ-Նուսրա»-«Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւն» (քրտական կուսակցութիւն) բախումներէն առաջ սահմանը հատելով մուտք գործած է Սուրիա, սահմանին թրքական կողմին վրայ չվերահսկուած կէտէ մը անցնելով «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» վերահսկողութեան տակ գտնուող կէտ մը։ «Ժողովրդավարական միութիւն

 կուսակցութեան» յայտնեցինք, որ մենք «Ժապհաթ ալ-Նուսրա»-ի համար եկած ենք եւ անոնք մեր մուտքը արտօնեցին», ըսած է աղբիւրը՝ աւելցնելով, որ շատեր սահմանը նոյն ձեւով կը հատեն։ «Չեչենիայէն եւ Աֆղանիստանէն եկած զինեալներ սուրիական սահմանին վրայ կը դիմաւորուին։ Այդտեղ թուրք գաղտնի սպասարկութեան պաշտօնատարներ կան։ Սահմանը հատողները նշեալ պաշտօնատարներուն կը յայտնեն իրենց պատկանելիութիւնը եւ թէ որուն հրամանատարութեան տակ պիտի ըլլան։ Ապա, սահմանը հատելով իրենց խումբերուն կը ներկայանան»։

 

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ԴԱՐՄԱՆՈՒԻՆ

 

Աղբիւրը նշած է, որ ծանրօրէն վիրաւորուածները թրքական հիւանդանոցներու մէջ կը դարմանուին՝ աւելցնելով, որ «ոմանք նոյն ճամբով իրենց երկիրները կը վերադառնան։ Աֆղանիստանի եւ Կովկասի ճակատներէն ժիհատականներ կան, որոնք իրենց ընտանիքներով միասին կու գան։ Անոնց մեծամասնութիւնը Սուրիոյ մէջ կը հաստատուի։ Հիւսիսային Ափրիկէէն, Կովկասէն, Եւրոպայէն եւ Աֆղանիստանէն եկող հարիւրաւոր զինեալներ կան։ Անոնք պարզապէս թրքական սահմանէն անցնելով կը միանան կռիւին»։

 

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ 100 ՉԵՉԵՆՆԵՐ ԿԱՆ

Աղբիւրը «ալ-Մոնիթըր»-ի յայտնած է, որ չեչենները ներկայիս Սուրիոյ մէջ ամէնէն հզօր խմբաւորումներէն մէկն են։ «Ապու Օմարի հրամանատարութեան տակ շուրջ հազար չեչեններ Սուրիա եկան։ Սկիզբը անոնք «Ժապհաթ Նուսրա»-ի հետ էին, սակայն հիմա միացած են «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան»(ԻՇԻՊ), նշած է ան։

 

ՆԱԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐ ԿԱՆ

 

Աղբիւրը ըսած է, որ բազմաթիւ թուրքեր կռիւին մասնակցելու համար Սուրիա մեկնած են։ «Ոմանք նահատակուեցան։ Ոմանք որոշ ատեն մնացին, ապա վերադարձան։ Ոմանք Սուրիա վերադառնալու փորձութեան չդիմացան։ Հանգստեան կոչուած ոստիկան մը, որ բարեկամս է, Սուրիա գնաց կռուելու։ Ան զինեալներու զինավարժութիւն կը սորվեցնէր։ Մեզմէ ոմանք «Ժողովրադարական միութիւն

 կուսակցութեան» եւ «Ժապհաթ ալ-Նուսրա»-ի միջեւ բախումներէն առաջ Սուրիա մեկնած էին։ Սահմանին թրքական կողմին վրայ առանց հարցապնդուելու Սուրիոյ մէջ «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք մը անցանք։ Անոնց ըսինք, որ եկած ենք Ժապհաթ ալ-Նուսրայի շարքերուն մէջ կռուելու, եւ մեզի արտօնեցին մուտք գործել», ըսած է ան։

 

ԻՇԻՊ-Ն ԿԸ ՀՐԱՀՐԷ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ

 

Ըստ աղբիւրին, ԻՇԻՊ-ն է, որ «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» հետ բախումները կը հրահրէ։ «ԻՇԻՊ յայտարարեց, որ «Ժապհաթ ալ-Նուսրա»-ն իրեն ենթակայ կազմակերպութիւն է։ Ժապհաթ Նուսրայի հրամանատարները մերժեցին այդ պնդումը եւ ըսին, որ իրենք Քայիտայի ղեկավար Այման ալ-Զաուահիրիի ենթակայ են։ Այս պնդումները կազմակերպութեան մէջ վէճեր յառաջացուց։ Սուրիոյ մէջ Ապու Օմարի հրամանատարութեան տակ եղող չեչեն խմբաւորումները «Ժապհաթ ալ-Նուսրա»-էն անջատուելով միացան ԻՇԻՊ-ին։ Վերջինիս զինեալներն էին, որ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան հետ վերջերս տեղի ունեցած բախումները հրահրեցին։

 Ըստ տեղեկութեանց, ԻՇԻՊ-ն «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» վերահսկողութեան տակ եղող գիւղեր մուտք գործեց եւ կրակ բացաւ խանգարելու համար՝ «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» եւ «Ժապհաթ ալ-Նուսրա»-ի միջեւ թշնամական արարքներէ զերծ մնալու համաձայնութիւնը», եզրափակած է ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.