Թանքեան Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը Դարձեալ Լուսարձակներու Տակ Կը Դնէ


ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկուշաբթի, Յուլիս 29ին, «Հոլիվուտ Պոլ»ի մէջ կայացած համերգի մը ընթացքին, «System of a Down» խումբը եւ անոր գլխաւոր երգիչ՝ Սերժ Թանքեան, անգամ մը եւս լուսարձակի տակ դրին Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
Մինչ կիթառահար Տարօն Մալաքեան իւրայատուկ ոճով կը նուագէր «Զեփիւռի նման» երգին նուագը, Թանքեան, պահ մը դադար առնելով՝ բացօթեայ սրահը ամբողջութեամբ լեցուցած համակիրներուն հետեւեալը ըսաւ.
«Երեւակայեցէք, որ 1940ական թուականներն է ու աշխարհը Համաշխարհային Բ. ճակատամարտի ճիրաններուն մէջ կը գտնուի, սակայն Ամերիկան որոշած է Բրիտանիոյ կողքին չկռուիլ:
Երեւակայեցէք, որ ամերիկացիները դաշնակից են Գերմանիոյ նացիներուն եւ որոշած են ոչ միայն դէմ չդնել Հրէական Ողջակիզման, այլեւ Ողջակիզում բառը չգործածել պետական շրջանակներու մէջ:
Երեւակայեցէք կեանքը որքա՛ն տարբեր պիտի ըլլար:
Երեւակայեցէք, որ Լոս Անճելըսի մէջ ապրող հրեայ մըն էք ու ձեր նախագահը կամ Քոնկրեսը չի կրնար Ողջակիզում բառը գործածել…
«Ճիշդ այդ զգացումներն են, զորս այժմ կ՛ունենան հայերը, յոյներն ու ասորիներ, երբ մեր կառավարութիւնը չի գործածեր ցեղասպանութիւն բառը»:
Համերգին այս հատուածը կարելի է դիտել՝ այցելելով http://youtu.be/XhQFbRN8w3c կայքէջը:
«System of a Down» խումբին անդամ չորս հայորդիները տարիներէ ի վեր իրենց ներդրումը կը բերեն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու աշխատանքին. անոնց այդ աշխատանքը վաւերագրուած էր «Screamers» վաւերագրական շարժապատկերին մէջ: Ապրիլ 2006ին, Թանքեան եւ խումբին թմբկահարը՝ Ճան Տոլմայեան, եռօրեայ այցելութիւն մը տուին մայրաքաղաք Ուաշինկթըն՝ կոչ ընելով քոնկրեսականներուն, որ հաստատեն Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը եւ չանտեսեն այդ ահաւոր ոճիրին իրականութիւնը:
Թանքեան 2009ի Ապրիլին պատրաստեց նաեւ տեսաերիզ մը, որ աւելի քան 330 հազար անգամ դիտուած է համացանցին վրայ. տեսաերիզին մէջ ան կոչ կ՛ընէ նախագահ Պարաք Օպամային, որ յարգէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչնալու իր խոստումը, զոր հայութեան տուած էր նախագահական ընտրապայքարի օրերուն: Թանքեանի այդ տեսաերիզը կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?v=rcJjxOqgANM կայքէջէն, իսկ «Screamers»էն հատուած մը կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?v=q6dVAgQGeuw կայքէն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.