Հայեր Դարձեալ Ուխտեցին Մարութայ Սարի Վրայ


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Սասունի Մարութայ (Մարաթուկ) սարի տարեկան ուխտին այս տարի եւս մասնակցած են աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած հայեր:
«DHA» լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ Սասունի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճըի գլխաւորութեամբ հայերը բարձրացած են Սասունի Մարութայ սարը, մոմ վառած եւ աղօթած Մարութայ Աստուածածինմատուռին մէջ:
Սասունի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը նշած է, թէ Մարութայ սարի գագաթ սկսած են բարձրանալու Յուլիս 29ի առաւօտեան ժամը 4ին, ու շեշտած է, թէ Մարութայ սար բարձրանալ ցանկացող հայերուն թիւը շատ աւելի եղած է, սակայն ճանապարհներու ոչ նախանձելի վիճակին պատճառով՝ իրենք չեն ընդունած բոլորին մասնակցութիւնը՝ խոստանալով յաջորդ տարի, վերանորոգուած ճանապարհներու գոյութեամբ, աւելի մեծ խումբով մասնակցիլ ուխտագնացութեան:
Նշենք, որ Մարութայ սարը կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի Սասուն գաւառին մէջ եւ եղած է սասունցիներու պաշտելի սարը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.