Հէնրիխ Մխիթարեանի անունը տեղ գտած է աշխարհի լաւագոյն 50 ֆութպոլիստներու ցուցակին մէջ


 

 

ՀՀ ազգային հաւաքականի եւ Գերմանական Տորթմունտ քաղաքի «Պօրոսիա» ակումբի ռմբարկու Ֆութպոլիստ Հէնրիխ Մխիթարեանի անունը յայտնուած է աշխարհի 2012/ 13 տարեշրջանի լաւագոյն Յիսուն Ֆութպոլիստներու ցուցակին մէջ: Նշենք որ լուրը տրուած է Հայրենի  Lurer.com    կայքին կողմէ որ իր հերթին լրատուութեան տիրացած է  Goal.com պարբերականի կայքէն  որ ամէնամեայ լաւագոյն Ֆութպոլի աստղերու ցուցակ կը կազմէ:Աւարտին յայտնենք որ Մխիթարեան գրաւած է աղիւսակին  43-րդ դիրքը:

Մխիթարեան անցնող տարեշրջանին  42  մրցում կատարած է Շախտիոր  Տոնեցքի շապիկով, նշանակելով  29 կոլ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.