ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՅՈՒՍԱԽԱԲ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐ ԱՍԱՏԷՆ ՆԵՐՈՒՄ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԵՏ ԴԱՐՁ ԿԸ ԿԱՏԱՐԵՆ


 

 

Բրիտանական «Տը Տէյլի ԹելեկրաՖ» օրաթերթի Պէյրութի լրագրող Ռութ Շերլոք, նշեալ օրաթերթին 23 յուլիս 2013-ի թիւին մէջ վերոնշեալ խորագիրով յօդուածի մը մէջ կը գրէ, որ Սուրիոյ մէջ «յեղափոխութեան» իսլամականացումէն, աւելի քան երկու տարուան ճակատումէն հոգնած եւ դէպի պարտութիւն ուղղուելու զգացումը ունեցող ըմբոստներու հետզհետէ աւելի մեծ թիւ մը կը միանայ Ասատի վարչակարգին կողմէ առաջարկուած ներումի համաձայնութեան։

Այնպիսի պահու մը, երբ նահանջի մէջ եղող ընդդիմադիր զինեալներուն ընտանիքները լուռ կերպով կը վերադառնան կառավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ եղող եւ աւելի ապահով նկատուող շրջաններ՝ ըմբոստ զինեալներուն առաջարկուած ներումի համաձայնութեան միանալու քայլը, «հաշտութեան նախարարութիւն» մը ստեղծած վարչակարգին հետզհետէ աճող ինքնավստահութեան ցուցանիշն է։

Ընդդիմադիր զինեալներ օրաթերթի լրագրողին յայտնած են, որ իրենք նշեալ առաջարկէն տեղեակ են, եւ փոքրաթիւ զինեալներ այդ առաջարկը ընդունած են։

«Հաշտութեան նախարարութեան» ղեկավար Ալի Հայտար «Տը Տէյլի ԹելեկրաՖ»-ի յայտնած է, որ 22 յուլիսին ներկայ գտնուած է արարողութեան մը, որուն ընթացքին 180 ընդդիմադիր զինեալներ վերամիացած են ոստիկանական ուժերուն, որուն շարքերէն հեռացած էին։

Շերլոք կը նշէ, որ այդ պնդումը հաստատելը դժուար է, սակայն ինք նախապէս այցելած է Դամասկոսի մէջ ազգային հաշտութեան նախարարութիւն, ուր հաւաքուած էր քաղաքի արուարձաններուն մէջ կռուող ընդդիմադիր զինեալներու ընտանեկան պարագաներու բազմութիւն մը։ Նշեալ զինեալներուն ընտանեկան պարագաները կը յայտնէին, որ իրենց այր մարդիկը կ’ուզեն վարչակարգի ներումի առաջարկէն օգտուիլ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.