ՍՈՒՐԻՈՅ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ


ՍՈՒՐԻՈՅ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ


Սուրիոյ   ընդդիմութիւնը  երկու  կարեւոր  հանդիպումներ ունեցաւ  Ուաշինկթընի եւ  Նիւ Եորքի մէջ, որոնց ընթացքին անոէ փոխանցուեցաւ  միեւնոյն  պատգամը՝  ընդառաջել «Ժընեւ-2»  խորհրդաժողովին:  Ընդդիմութեան  ներկայացուցիչները  նախ  հանդիպում մը ունեցան պետական քարտուղար  Ճոն Քերրիի, ապա՝  ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի անդամներուն հետ: Նախքան Ապահովութեան Խորհուրդի հանդիպումը,   ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ  դեսպան Վիթալի Չուրքին յայտարարեց, թէ պատուիրակութեան հետ  հանդիպիլ չի նշանակեր  ճանչնալ..:

Իսրայէլեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Աւիւ Քոխաւի յայտնեց, որ Սուրիա «ճիհատ»ի միջազգային կազմակերպութեանց մեծ կեդրոնի մը վերածուած է, եւ այդ կազմակերպութիւնները ոչ միայն սուրիական վարչակարգը տապալել կը ջանան, այլեւ իսլամական օրէնքը կիրարկող պետութիւն մը հաստատել կ՛ուզեն: Ան ազդարարեց, որ հազարաւոր իսլամ ծայրայեղականներ ներգրաւուած են Սուրիոյ տագնապին մէջ, իրողութիւն մը, որ վտանգ կը սպառնայ ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ՝ Իսրայէլի եւ ամբողջ շրջանին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու Ուաշինկթընի որոշումը կը հակասէ «Ժընեւ 2»ը գումարելու ռուս-ամերիկեան նախաձեռնութեան սկզբունքներուն՝ աւելցնելով, որ սուրիական կառավարութիւնը, ի տարբերութիւն ընդդիմութեան, համաձայն է այդ նախաձեռնութեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.