ՄԱԿ-Ի ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳՄԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՍԻՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ


 

 

ՄԱԿ-ի Մարդասիրական հարցերու համակարգման գրասենեակը (ՄՀՀԳ) 2-15 յուլիս 2013-ի իր մարդասիրական հարցերու շուրջ տեղեկագիրը յատկացուցած է Սուրիոյ։

ՄԱԿ-Ի ՄԻՋԳՈՐԾԱԿԱԼԱԿԱՆ ԿԱՐԱՒԱՆԸ ՀԱԼԷՊԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՀԱՍՑՆԷ

Հակառակ բախումներու մագլցումին եւ ապահովական կացութեան վատթարացման՝ ՄԱԿ-ի մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռնաւորուած եւ 15 բեռնակարգերէ բաղկացած միջգործակալական կարաւանը 14 յուլիսին մուտք գործած է Հալէպ։ Կարաւանը Սուրիական կարմիր մահիկի օժանդակութեամբ շուրջ 350 հազար անձերու, ներառեալ 40 հազար պաղեստինցի գաղթականներու մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրած է։

ՄԱԿ-ի անձնակազմը գետնի վրայ կացութիւնը գնահատելէ ետք, մարդասիրական յաւելեալ օժանդակութեան մատակարարման կարիքը նշած է, ինչպէս նաեւ ընդգծած, որ օժանդակութիւնը պէտք է բաժնուի մարդասիրական սկզբունքներու համահունչ ձեւով։ Անձնակազմը հաստատած է, որ քաղաքին մէջ կացութիւնը կը բնորոշուի կենսական նիւթերու սուր տագնապով, իսկ վարելանիւթի եւ հացի նման հիմնական նիւթերու գիները սուր աճ արձանագրած են։ Քաղաքի շրջաններուն մեծամասնութեան մէջ պետական ծառայութիւնները խանգարուած են։ Տեղեկագիրը կը նշէ, որ ՄԱԿ-ը պիտի շարունակէ Սուրիոյ հարցին վերաբերեալ իր ջատագովական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ առնչակից բոլոր կողմերուն մօտ աշխատանք տանիլ՝ մարդասիրական օժանդակութեանց մատակարարման եւ քաղաքային բնակչութեան երթեւեկի անվտանգութեան ապահովման համար։

Հալէպի մէջ բռնարարքներու մագլցումն ու մարդասիրական օժանդակութեանց մատակարարման դէմ արգելքները նախատեսելով՝ Սննդեղէնի միջազգային ծրագիրը(ՍՄԾ) յուլիսին իր մատակարարումները կանուխէն սկսած է կատարել եւ Հալէպի յատկացուած օժանդակութեան աւելի քան 70 առ հարիւրը ամսուան առաջին շաբաթը իր գործընկերներուն հասցուցած է։ Քաղաքի պաշարման օղակի սեղմումէն առաջ, ՍՄԾ-ն Հալէպ ուղարկած է աւելի քան 216,500 մարդու բաւարար սննդեղէն, որ պիտի բաժնուի Սուրիական կարմիր մահիկին կողմէ։ 175 հազար մարդու բաւարար սննդեղէն ուղարկուած է նաեւ Հալէպի գիւղական շրջաններ։ Բայցեւայնպէս, ՍՄԾ-ն կը շարունակէ մտահոգ ըլլալ, որ իր գործընկերները այդ սննդեղէնը բաժնելու ընթացքին դժուարութեան պիտի մատնուին, որովհետեւ նահանգին մէջ կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ եւ անապահովութիւնը կը համենայ։

 

 4 ՄԻԼԻՈՆ ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐ ՍՆՆԴԵՂԷՆԻ ԱՆԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵՆԷ ԿԸ ՏԱՐԱՊԻՆ

5 յուլիսին ՍՄԾ-ն եւ »Սննդեղէնի ու հողագործութեան կազմակերպութիւն«-ը(ՍՀԿ) հրապարակեցին միացեալ զեկուցում մը, ըստ որու Սուրիոյ մէջ սննդեղէնի ապահովութեան կացութիւնը անցեալ տարուան ընթացքին նկատառելի կերպով վատթարացած է եւ շուրջ 4 միլիոն մարդու սննդեղէնի ապահովումը վտանգուած կը նկատուի։ Տնային սննդեղէնի ապահովումը յաւելեալ վտանգի ենթարկուած է՝ ժողովրդային զանգուածային տեղահանումներու, հողագործութեան աշխատանքի խանգարումի, անգործութեան, տնտեսական պատժամիջոցներու, դրամանիշի արժէզրկումի, ինչպէս նաեւ վարելանիւթի եւ սննդեղէնի գիներու բարձր գիներուն պատճառով։ Օրինակ՝ կարգ մը շրջաններու մէջ ալիւրին գինը մայիս 2011-էն մայիս 2013-ի միջեւ աւելի քան կրկնապատկուած է։ Եթէ տագնապը շարունակուի, կը նախատեսուի, որ տեղական բերքը յառաջիկայ 12 ամսուան ընթացքին շարունակէ անկում արձանագրել։ Այս մէկը իր կարգին սննդեղէնի յաւելեալ անապահովութիւն պիտի պատճառէ։

Սուրիական թղթոսկիի արագ արժէզրկումը(ներկայիս 300 սուրիական լիրան մէկ ամերիկեան տոլարի համարժէք է), դժուարութեան կը մատնէ սուրիացի ընտանիքները՝ մանաւանդ Ռամատանի ընթացքին, երբ աւանդաբար սննդեղէնի պահանջքը աճ կ՚արձանագրէ։ Սուրիական թղթոսկիի արժէզրկումը նաեւ սուրիացի ընտանիքներու առողջապահական խնամքի ապահովման կարողութեան վրայ կ՚ազդէ։ Դեղորայքի գինի նկատառելի աճը(25-50 առ հարիւր) յաւելեալ նեղութեան կը մատնէ արդէն իսկ դժուարութեան մատնուած ընտանիքները։

 

Վիճակագրական տուեալներ.

– Սուրիոյ բնակչութեան թիւ՝ 21.4 միլիոն

– Կարիքաւորներու թիւ՝ 6.8 միլիոն

– Ներքին տեղահանման ենթարկուածներու թիւ՝ 4.25 միլիոն

– Կարիքաւոր մանուկներու թիւ՝ 3.1 միլիոն

– Միջին Արեւելքի երկիրներու եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ սուրիացի գաղթականներու թիւ՝ 1,773,586

 

ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄ

Սուրիոյ մէջ մարդասիրական օժանդակութեան համար պահանջուած 1.4 միլիառ ամերիկեան տոլարին 36 առ հարիւրը ապահովուած։

Շրջանային հակազդեցութեան ծրագիրի ծիրին մէջ պահանջուած 3 միլիառ տոլարին 35 առ հարիւրը ապահովուած։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.