Հետամուտ Պիտի Ըլլանք Հրաչ Մուրատեանի Սպանութեան Լիարժէք Բացայայտմանը եւ Մեղաւորները Պատժելուն. ՀՅԴ ԳՄ-ի Հաղորդագրութիւնը


 

 

Յուլիս 14-ին Պռոշեան համայնքի մէջ տեղի ունեցան համայնքի ղեկավարի արտահերթ ընտրութիւններ: Ընտրութիւնները արտահերթ էին, քանի որ սպաննուած էր գործող գիւղապետ, ազատամարտիկ, “մարտական Խաչ” 2-րդ աստիճանի շքանշանակիր Հրաչ Մուրատեանը:

Թէ’ Պռոշեանի բնակիչները, թէ’ հասարակութիւնը, թէ’ մենք համոզուած էինք, որ միայն արդար ու ազատ ընտրութիւնները կ’ըլլային լուրջ երաշխիք` մեղմելու լարուածութեան ու կասկածանքի մթնոլորտը գիւղի մէջ, կը նպաստէին ներհամայնքային համերաշխութեան ձեւաւորման ու սպանութեան լիարժէք բացայայտման: Յոյս կար, որ գոնէ այս ընտրութիւնները, նկատի առնելով վերոյիշեալ առանձնայատուկ հանգամանքները, կ’անցնին բնականոն հունով` սկսած առաջադրուողներէն մինչեւ բուն ընտրական գործընթացը: Ցաւօք, ընտրութիւնները անցան վերջին շրջանին տեղի ունեցած բոլոր մակարդակներու ընտրութիւններուն յատուկ տրամաբանութեամբ: Կրկին գործի դրուեցան հանրածանօթ բոլոր մեթոտները` վարչական լծակներու կիրառում, արտաքին միջամտութիւն, պարտադրանք, ընտրակաշառք եւ այլն: Իբրեւ արդիւնք յաղթանակը կ’արձանագրուի սպաննուած համայնքապետի` նախորդ ընտրութիւններուն մրցակից հանրապետական թեկնածուի օգտին:

Քաղաքական ցինիզմի այսօրինակ դրսեւորումը խաթարեց ընտրական գործընթացը, խորացուց համայնքի մէջ առկայ լարուածութիւնը: Հակառակ այս իրողութեան` մենք կը յորդորենք Պռոշեանի բոլոր բնակիչներուն տուրք չտալ նոր լարուածութիւն ստեղծելու` հնարաւոր փորձերուն, միաժամանակ կը վստահեցնենք, որ հասարակութեան համախմբմամբ հետամուտ պիտի ըլլանք լինելու Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան լիարժէք բացայայտման եւ մեղաւորները պատժելուն:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.