Վանի 1700ամեայ Սուրբ Բարդողիմէոս Եկեղեցին «Կը Վերաբացուի»


 

Վանի Բաշքալէ շրջանին մէջ գտնուող 1700ամեայ Սուրբ Բարդողիմէոս եկեղեցին վերաբացուած է, երբ այդ տարածքէն դուրս բերուած է թրքական զօրամասը. այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, ըստ որուն՝ եկեղեցին ապահովական նկատառումներով փակուած էր, քանի որ կը գտնուէր զօրամասի տարածքին մէջ:
Տարածաշրջանին մէջ «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ի համար նախատեսուած զօրամասը կը գտնուէր Իրանի սահմանէն 23 քլմ. հեռաւորութեան վրայ եւ հաստատուած էր 31 տարի առաջ: Սակայն այժմ, քիւրտերու հետ հակամարտութեան կարգաւորման աշխատանքներուն շնորհիւ, զօրամասը գիւղական տարածքներէն դուրս բերուած է:
Շրջանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան ղեկավար Մուզաֆեր Աքտուղան «Անատոլու»ին պատմած է, որ 3րդ դարուն կառուցուած եկեղեցին երկար ժամանակ անուշադրութեան մատնուելու պատճառով՝ փլուզման եզրին կը գտնուի: Պաշտօնեան նշած է, որ վերակառուցման աշխատանքները սկսած են, եւ թէ ինք կը ցանկայ շրջանի բոլոր պատմական վայրերը բանալ զբօսաշրջութեան համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.