Թուրքիա հրասայլեր պիտի վաճառէ Սէուտական Սրաբիոյ եւ Ատրպէյճանի


 

 

Թրքական արտադրութեամբ առաջին հրասայլը անցնող Մարտին յաջողութեամբ աւարտած է իր փորձարկումները:

«Ալթայ» անունը կրող հրասայլին նախագիծին վրայ 2007-էն ի վեր աշխատանք տարած են 550 գիտնականներ եւ երկրաչափեր։ Թրքական հրասայլին արտադրութիւնն ու վաճառքը կը նախատեսուի 2014 թուականի սկիզբը։

Նշենք, որ «Ալթայը» մարտական հրասայլ է, որ կը պատկանի թրքական «Օթոքար» ընկերութեան եւ պատրաստուած է թրքական բանակի պատուէրով: Հրասայլը կը կրէ թուրք զօրավար Ֆախրէտտին Ալթայի անունը, որ հանրապետական Թուրքիոյ հիմնադրման օրերուն հեծելազօրի հրամանատար եղած է :

Հրասայլի նախագիծին եւ անոր ստեղծման աշխատանքը արժած է 500 միլիոն տոլար:

Ալթայի վաճառքի դրուող առաջին խմբաքանակը պիտի կազմէ  250 հրասայլ:

Իւրաքանչիւր հրասայլի արժէքն է 5,5 միլիո տոլար: Առաջին գնորդներն ու յաճախորդներն են Սէուտական Արաբիան եւ Ատրպէյճանը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.