120-Ամեակ Արմենուհի Գեւոնեանի …եւ իր մէկ գրութիւնը

Այս տարի լրացաւ 120-ամեակը հայ երգչուհի, կրթական, մշակութային գործիչ, Մշոյ աշխարհի դուստր եւ «Տարօնի սոխակ» Արմենուհի Գեւոնեանի (ծնեալ՝ Տէր-Կարապետեան):

Արգասաւոր կեանք ապրած հայուհին կեանքէն հեռացած է 100 տարեկանին, ուստի 2022 թուականը նաեւ անոր մահուան 20-րդ տարին է:

Յայտնի է, որ ան դուստրն է գրող, ազգային գործիչ, լրագրող, Օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան, ՀՅԴ անդամ՝ Մշոյ Գեղամի (1856-1918) եւ Կիւլիզարի, որ նոյնպէս պատմական դէմք եղած է:

Մշոյ Գեղամը՝ Գեղամ Տէր-Կարապետեանը, իր Մշոյ Գեղամ անուանումէն զատ ունեցած է նաեւ Տատրակ, Տարոնցի, Ասողիկ գրչանունները, զորս գործածած է իր գրութիւններուն մէջ: Ծնած է Մշոյ դաշտի Խէյպիան գիւղը՝ 1866 թուականին: Ուսանած է Մշոյ Ս. Կարապետի Ժառանգաւորաց վարժարանը: Մօտաւորապէս եօթ տարի հետեւելով վանական կրթութեան, աւելի կատարելագործելու համար իր ուսումը կը փոխադրուի Մուշ, ուր սկսած էին համախմբուիլ Միացեալ Ընկերութեան նոր բացուած վարժարանի ուսուցիչները: Ուսանած է նաեւ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, բայց առանց բարձրագոյն դասընթացքը աւարտելու՝ վերադարձած է Մուշ եւ նորահաս մտաւորականութեան հետ նետուած է հանրային կեանք:

Օսմանեան խորհրդարանի անդամ ընտրուած է 1908 թուականի երիտթրքական յեղաշրջումէն յետոյ եւ մինչեւ 1915 թուականը երեսփոխան եղած: Գրած է գիրքեր, յօդուածներ, կատարած է հայագիտական ուսումնասիրութիւններ, ծանօթ է մանաւանդ անոր «Տարօնի աշխարհ. Պատկերներ ու պատմուածքներ» գիրքը, տպուած իր մահէն տարիներ յետոյ, Փարիզ, 1931 թուականին: 1895-1914 թուականներու միջեւ ան աշխատակցած է արեւմտահայ մամուլին, այդ կարգին նաեւ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:

Խորհրդարանին մէջ առաւելաբար խօսած է Տարօնի խնդիրներուն մասին, ահա ինչու երգիծաբան Երուանդ Օտեան հայ երեսփոխաններու մասին սրամտելով՝ կը գրէ, որ Գեղամ խորհրդարանի նիստերուն ժամանակ ելոյթ կ՚ունենայ միմիայն իր նահանգին՝ Տարօնի թշուառութեան մասին:

Նոյնքան նշանաւոր եղած է Արմենուհի Գեւոնեանին մայրը՝ Կիւլիզարը, որ առաջին հայ կինն էր՝ 1889 թուականի գարնան առեւանգուած քիւրտ աշիրեթապետ Մուսա բէկի կողմէ եւ իսլամացուած, սակայն համարձակութիւն ունեցած է դատարան դիմելու եւ վերադառնալու իր ազգային ինքնութեան: Պիթլիսի դատարանի մէջ ընթացող այդ դատավարութեան մասին գիտէր ամէն ոք՝ Պիթլիսէն Պոլիս:

Վերագտնելով իր ինքնութիւնը եւ կրկին մկրտուելով, ան կը ստանայ Հռիփսիմէ կոյսին անունը:

Յետագային դատավարութիւնը կը շարունակուի Պոլսոյ մէջ, մեծ արձագանգ կը գտնէ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ եւ մամուլի մէջ, նոյնիսկ պատմութիւն մը կայ այն մասին, Կիւլիզարին առեւանգումը, վերադարձը եւ դատավարութիւնը այնպիսի նշանաւոր իրադարձութիւններ դարձած էին այդ օրերուն, որ հայկական տարազով անոր եւ իր մօր լուսանկարները Պոլսոյ մէջ կը վաճառուէին մէկ արծաթով, հասոյթն ալ կը տրամադրուէր Մուսա բէկի դէմ բողոք ներկայացուցած 66 մշեցիներուն: Դատավարութեան աւարտէն ետք հայուհին կ՚ամուսնանայ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի քահանայ Տ. Կարապետի որդի Գեղամին հետ, որ այդ առեւանգութեան դէմ բողոքի եւ ըմբոստութեան կազմակերպիչներէն մէկն էր Տարօնի մէջ: Կ՚ունենան զաւակներ, որոնցմէ մին ալ Արմենուհին է:

Արմենուհի Տէր-Կարապետեան Մուշ ծնած է: 1914 թուականի աշնան մօր հետ կը փոխադրուի Պոլիս, շրջանաւարտ կ՚ըլլայ Էսաեան վարժարանէն, ուր յետոյ ուսուցչութիւն ըրած է, ինչպէս նաեւ պաշտօնավարած է Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գաղթականաց դպրոցին մէջ։ Պոլսոյ շրջանը եղած է անոր երաժշտական ունակութիւններու բացայայտման ժամանակը: Որպէս սկսնակ երգչուհի սկսած է երգել ձեռնարկներուն, աշակերտած է Գրիգոր Սիւնիին, իսկ յետոյ արդէն մեներգիչ էր Կոմիտասի նորակազմ երգչախումբին մէջ: 1925 թուականին Արմենուհի Տէր-Կարապետեան որպէս հայ գաղթականներու խումբի մը ղեկավար, կը գաղթէ Փարիզ։ Արշակ Չօպանեանի յանձնարարութեամբ ան Փարիզի մէջ երգեցողութեան դասեր կ՚առնէ դաշնակահարուհի, երգչուհի եւ մանկավարժ Մարգարիտ Բաբայեանէն, մօտէն կ՚առընչուի Արմենակ Շահմուրատեանի երգարուեստին։ Հոս կ՚ամուսնանայ Լեւոն Գեւոնեանին հետ, կ՚ունենայ զաւակներ. ֆրանսահայ նշանաւոր պատմաբան, Ֆրանսայի «Լեժիոն տ՚Օնէօր» պետական պատուոյ շքանշանակիր Անահիտ Տէր-Մինասեան (ծնեալ՝ Գեւոնեան) իր դուստրն է, իսկ որդին է կրկին մտաւորական Գեղամ Գեւոնեան:

1930-ական թուականներուն երգչուհին կը նուիրուի Տարօնի ժողովրդական երգերու հաւաքման, մշակման, տարածման գործին։ Փարիզեան իր կեանքը կը նշանաւորուի նաեւ աշխատանքով Կաթողիկոսական Պատուիրակութեան գրասենեակին մէջ, Գրիգորիս Եպսկ. Պալաքեանի մօտ, ապա «Յառաջ»ի խմբագրատան մէջ:

1948 թուականին Փարիզի մէջ Արմենուհի Գեւոնեան կ՚ունենայ իր անդրանիկ համերգը, կրկին աջակցութեամբ Արշակ Չօպանեանի: Իր յաջորդ փարիզեան համերգները տեղի կ՚ունենան 1960-70-ականներուն: 1964-1978 թուականներուն երգահանդէսներ կ՚ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայաշատ քաղաքներուն մէջ, նաեւ՝ Սուրիա, Լիբանան, Պոլիս, Վենետիկ, Հայաստան։ Թղթակցած է սփիւռքահայ մամուլին:

Տարօնի իր գրի առած երգերը «Տարօնի եւ այլ ժողովրդական երգեր» խորագրով թողարկուած է ձայնասկաւառակով, նոյն երգերէն հաւաքածոյ մըն ալ 1978 թուականին թողարկուած է Երեւանի մէջ:

1992 թուականին Երեւանի մէջ կը հրատարակուի «Կիւլիզար (Յուշեր)» աշխատութիւնը: Իր մօր՝ Կիւլիզարի պատմութիւնը ան գրած է ֆրանսերէն, հրատարակած է «Կիւլիզարի սեւ հարսանիքը» գիրքը, ինչպէս նաեւ 1946 թուականին Փարիզի մէջ, Շաւարշ Նարդունիի հետ հրատարակած են «Կիւլիզար. Նշխարներ Մշոց Գեղամին» գիրքը:

Արմենուհի Գեւոնեանի երգերը այսօր թուայնացուած եւ համացանցին վրայ են, լսելի է անոր սքանչելի ձայնը: Այդ երգերը կորուսեալ աշխարհի մը մասին են՝ երգերու ընդմէջէն կը կենդանանան նահապետական գիւղը, անոր խրախճանքները, առօրեան, ընտանիքները, ցաւերն ու հերոսական պայքարները… Արմենուհի Գեւոնեան ո՛չ միայն փրկած է այդ մասունքները, այլեւ իր ձայնով փոխանցած է սերունդներուն:

Մտաւորական հայուհին բեմերէն զատ նաեւ գրչի մարդ էր, եւ մենք անցեալի մամուլի էջերէն գտանք անոր մէկ գրութիւնը, զոր, թուայնացնելով, կը ներկայացնենք.

ՔԵՌԻ ՍԵԴՐԱԿ ՏԷՐՏԻՐՈՋ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՐՄԵՆՈՒՀԻ ԳԵՒՈՆԵԱՆ

Գարնան ու Զատկին, Քրիստոսի հետ յարութիւն կ՚առնէր նաեւ Տարօնի աշխարհը: Արեւի ճառագայթներու տակ կը պսպղար ձիւնը եւ կը սկսէր ձիւնհալը: Լեռներէն կը գահավիժէին անհամար ջրվէժներ դէպի անդնդախոր ձորերը, դաշտին մէջէն կարկաչելով կ՚անցնէին վտակներ ու գետակներ. ծառերը կը ծաղկէին, արագիլները եւ ծիծեռնակները կը վերադառնային բարտիներու եւ տանիքներու կատարին, վերաշինելու իրենց բոյները: Ձնծաղիկն ու մանուշակը, աղբրանց արունն ու գինարփը կը ցցէին իրենց քնքոյշ ու նազենի գլուխները, մինչ, եկեղեցիները կը լեցուէին խուռներամ բազմութեամբ, յաջորդաբար տօնելու Ծաղկազարդն ու Զատիկը, կարմիր հաւկիթներով, նախշուն գաթաներով: «Ծառզարդա՜ր, ծըռակէ Զատիկ» կը պոռային ժամուն դրան առջեւ հաւաքուած տղաքը, մէկ-մէկ ձիթենիի ճիւղ բռնած ձեռքերնին. «Քրիստոս յարեա՜ւ ի մեռելոց» կը գոչէին պատկառելի մեծերը. «Շնորհաւո՜ր Զատիկ» կ՚ըսէր ժողովուրդը: Գարնան աւետի՜ս արագիլին նուիրուած.-

«Լակլըլա՜, Հաճի Բէկօ,
«Ուստի՞ կուգաս, սեւ սարերուց,
«Ի՞նչ էս բերի, թուղթ մը սապոն,
«Վի՞ր կը տանիս, իմ ճժերուն,
«Լըվա լաչին, թալէ գլխուն,
«Զարնէ տոտիկ, էլնի գարուն…»։

Առհասարակ Զատկի կամ Համբարձման տօնական օրերուն, հայրենի Խէյպեան գիւղէն հօրեղբայրս Սեդրակ, իսկ մայրենի Ղարս գիւղէն քեռիներս՝ Գասպար, Սեդրակ ու Միսաք, ընկերակցութեամբ ծանօթ համագիւղացիներու, կուգային քաղաք ու կը գիշերէին Մշոյ մեր տունը: Անոնք, ախ ու վախով, նախ կը պատմէին Հայ գիւղացիին ողբերգութիւնը, ամէնօրեայ ցաւերն ու տրտունջները, անթիւ նեղութիւնները, ապա՝ կը սկսէին կատակել, շինականի միամիտ ու սրամիտ հեքիաթներ եւ ասացուածքներ պատմել, որոնց ես եւ հօրեղբօրս աղջիկը Երանիկ, երբեմն դրան ետեւէն ականջալուր կ՚ըլլայինք: Բազմաթիւ էին մանաւանդ գիւղի տէրտրոջ եւ իրիցկնայ վերաբերեալ հնարամիտ պատմուածքներ, որոնցմէ միտքս մնացած է «մաղտանոս»ին պատմութիւնը: Երբեմն ալ իրենց ընկերացող գիւղին կատակերգակ գզիրը կը խնդացնէր ներկաները վրան բաց խաղք ու խայտառակ պատմութիւններով, որոնցմէ ընդվզած, բողոքի ձայներ կը բարձրացնէին աւելի ամօթխածներն ու տարիքոտները, ինչպէս, պատկառելի քեռի Գասպարը, գոչելով.

-Տo՛ տղայ, կտրէ զքու ձէն,- դու չը՞ս ամչնայ, մըկա դըրպ մը կուտիս հա՜…

Մօրեղբայրս՝ Սեդրակ, բարձրահասակ, շէկ ու կապուտաչուի լեռնցի դիւցազնի տիպարն էր: Տարազն ալ նման էր քրտականի:

Սեւ փուշիով բոլորուած սպիտակ քօլօղը գլխին, պարսկական նախշուն չալ գօտին մէջքին, որուն տակ խրուած էր միշտ ատրճանակ մը կամ դաշոյն մը: Մօրեղբայրս Սեդրակ, առասպելական կտրիճ մըն էր մեր աչքին:

Մայրս կ՚ըսէր թէ, ան քանի մը անգամ ծանրապէս վիրաւորուած եւ ազատած էր մահուընէ: Կարծէք արկածներու աստղի մը տակ ծնած ըլլար: Փորձանքը անպակաս էր գլխէն, եւ ինչպէս առածը կ՚ըսէ, անառակ որդին առանց վէրքի չի մնար: Առաջին անգամ, դեռ պատանի, մօրս առեանգման գիշերը գնդակ մը կը ծակէ իր աջ թիկունքը: Քանի մը տարի վերջ, իր անզուսպ ձիուն սմբակը մաքրած ժամանակ, աքացի մը կը ստանայ իր ձախ աչքին, պայտին գամերը կը խրին իր ճակտին եւ այտոսկրին մէջ, վիրաւորելով աչքին չորս բոլորը, սակայն հրաշքով կը փրկուի աչքին լոյսը:

Երրորդ անգամ, գարնան առաջին օրը, երբ կը բանայ ախոռին դուռը եւ բարիլուսուն կ՚առաջնորդէ անասունները դէպի դաշտ՝ արեւ ըմպելու, երկու բուգա (գոմէշ) զով օդէն խելռած, կռուի կը բռնուին, երբ քեռի Սեդօն կ՚ուզէ զանոնք զսպել եւ իրարմէ բաժնել, գոմէշներէն մէկուն կոտոշը կը պատռէ իր փորը եւ աղիքները կը թափէ դուրս: Գեղին դեղրարին, իր հօրեղբօր տղայ Ռէս Գասպարի խնամքներուն շնորհիւ, բուժուելով, վերստին կ՚ազատի մահուընէ: Առհասարակ արկածեալները, զանազան բոյսերով դարմանելէ վերջ, գիւղացիք զանոնք կը փաթթէին գոմշու կաշիի մէջ, ուր կը մնային օրերով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Ժամանակ»/Պոլիս

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.