10 Օգոստոս 1920ին ստորագրուեցաւ Սեւրի Դաշնագիրը. Հայ ժողովուրդը իր անկախ պետականութենէն կը սպասէ՝ պահանջատէր կանգնիլ Սեւրի իրագործման

Օգոստոս 10ին, 1920ին, Հայաստանն ու հայութիւնը ապրեցան պատմութեան աստեղային պահերէն մէկը։
Օգոստոս ամսու 10րդ օրը, 93 տարի առաջ, ֆրանսական Սեւր քաղաքին մէջ, պետական հանդիսաւոր շուքով ստորագրուեցաւ միջազգային դաշնագիր մը, որ նուիրագործեց Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումը։

Սեւրի Դաշնագիրը նաեւ եղաւ միջազգային օրէնքի եւ իրաւունքի այն միակ (եւ այդ բաժնով ցարդ չփոխարինուած) փաստաթուղթը, ուր մանրամասնօրէն ճշդուած ու քարտէսագրուած են հայկական եւ թըրքական պետութեանց միջեւ միջազգային սահմանները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ատենի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ։

Սեւրի Դաշնագիրը մէկն էր Առաջին Աշխարհամարտին աւարտը իրաւականօրէն հաստատագրող այն դաշնագիրներէն, որոնք պատերազմի յաղթական Դաշնակից Ուժերուն կողմէ պարտադրուեցան պարտեալ Կեդրոնի Ուժերուն՝ Գերմանիոյ, Աւստրօ¬Հունգարիոյ, Պուլկարիոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան։ Սեւրի Դաշնագիրը հանդիսացաւ պարտեալ Օսմանեան Կայսրութեան եւ յաղթական Դաշնակիցներուն միջեւ կնքուած խաղաղութեան ու հաշտութեան պայմանագիրը։

Դաշնագրի ստորագրութեան պաշտօնական ու հանդիսաշուք արարողութիւնը կատարուեցաւ Սեւրի աշխարհահռչակ Փորսըլէնի Գործարանի ցուցասրահներէն մէկուն մէջ։ Ֆրանսա նախագահեց արարողութեան։ Դաշնագիրը պատրաստուեցաւ երեք լեզուներով՝ ֆրանսերէն (առաջնային), անգլերէն ու իտալերէն եւ ստորագրուեցաւ, լատինական այբուբենի կարգով, Հայաստանի, Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Հիճազի (արաբական թագաւորութիւն), Իտալիոյ, Ճափոնի, Լեհաստանի, Փորթուկալի, Ռումանիոյ, Միացեալ Թագաւորութեան, Եուկոսլաւիոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ։

Յանուն Հայաստանի՝ Սեւրի Դաշնագիրը ստորագրեց Հ.Հ. Պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեան։ Իսկ Օսմանեան Կայսրութեան անունով Դաշնագիրը ստորագրեցին թրքական պատուիրակութեան չորս անդամները՝ Ռիզա Թեւֆիք, Մեծ Վեզիր Տամաթ Ֆերիտ փաշա, դեսպան Հատի փաշա եւ կրթութեան նախարար Րեշիտ Հալիս, որոնք լիազօրուած էին սուլթան Մեհմետ 6րդի կողմէ։

Քաղաքական եւ իրաւական բարդ ու անօրինակ ճակատագիր մը վերապահուեցաւ Սեւրի Դաշնագրին։ Միջազգային Դաշնագիրներու պատմութեան մէջ եղաւ մէկը այն եզակի իրաւական փաստաթուղթերէն, որոնք ո՛չ վաւերացուեցան կամ լիարժէք կիրարկուեցան, ոչ ալ ամբողջապէս չեղեալ կամ ջնջուած յայտարարուեցան։

Սեւրի Դաշնագրով փաստօրէն անդամահատուեցաւ Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ յաղթական Դաշնակիցները իրենց միջեւ բաժնեցին պատերազմական… աւարը։ Միջին Արեւելքի, կայսրութեան արեւմտեան բաժնի, Պալքաններու եւ հիւսիսային Ափրիկէի տարածքին՝ Ֆրանսա, Անգլիա եւ Իտալիա, ինչպէս նաեւ կրտսեր դաշնակիցի դիրքէն Յունաստան, իրենց հոգատարութիւնը հաստատեցին օսմանեան լուծէն ազատագրուած տարածքներու, երկիրներու եւ ժողովուրդներու վրայ։ Այդ առումով եւ իր համապատասխան յօդուածներով ու բաժիններով՝ Սեւրի Դաշնագիրը փաստօրէն ոչ միայն վաւերացման հարց չունեցաւ, այլեւ՝ ի գործ դրուեցաւ… բան մըն ալ աւելիով։

Նոյնը կարելի չէ ըսել, դժբախտաբար, Հայաստանի Հանրապետութեան առընչուող բաժնին կամ յօդուածներուն վերաբերեալ։ Յաղթական Դաշնակիցները այնքան բուռն մրցակցութեան եւ տարակարծութեանց մէջ էին՝ Օսմանեան Կայսրութեան աւարը իրենց միջեւ բաժնելու հարցով, որ պէտք եղաւ բանակցիլ շուրջ երկու տարի՝ Առաջին Աշխարհամարտի իրողական աւարտէն (1918ի աշուն) մինչեւ 1920ի Օգոստոս 10, որպէսզի ի վերջոյ պաշտօնապէս ստորագրուի Սեւրի Դաշնագիրը, իրաւական նուիրագործումը կատարելու համար Դաշնակիցներու միջեւ համաձայնութեանց։
Դաշնակիցներու այդ ներքին մրցակցութենէն առաւելագոյն չափով օգտուեցաւ թրքական նոր-ազգայնական շարժումը՝ Մուսթաֆա Քեմալի ղեկավարութեամբ։ Քեմալ խորհրդային նորահաստատ իշխանութեանց հետ առանձին, երկկողմանի համաձայնութիւններ կնքեց, բացայայտ թէ գաղտնի, որպէսզի կարենայ ոչ միայն մերժել Սեւրի Դաշնագիրը, այլեւ՝ 1920ի Հոկտեմբերին ընդհանուր յարձակողականի ձեռնարկել Հայաստանի ուղղութեամբ։
Քեմալական շարժման դիրքերուն ամրապնդումը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տկարացումը (Լենին¬Քեմալ մեղսակից ճնշման տակ) պատճառ դարձան, որ քաղաքական խամաճիկի վերածուած սուլթան Մեհմետ 6րդի կառավարութիւնը նոյնիսկ խորհրդարան չյղէ Սեւրի դաշնագիրը առ ի վաւերացում։

Եւ այսօրինակ զարգացումներու յորձանուտին մէջ Սեւրի Դաշնագիրը պարզապէս… «մոռցուեցաւ»։ Ո՛չ վաւերացուեցաւ, ոչ ալ անվաւեր հռչակուեցաւ, այլ ենթարկուեցաւ ուժի եւ ուժեղի տրամաբանութեան՝ իր որոշ մասերով ու յօդուածներով գործադրուելով, իսկ այլ յօդ-ւածներով քաղաքական շրջանառութենէ դուրս մղուելով։
Այդ առումով ալ Դաշնակիցները նոր դաշնագիր մը պատրաստեցին՝ Առաջին Աշխարհամարտի արեւելեան ճակատի պատերազմական դրութեան վերջնականապէս վերջ տալու նպատակով։ Այդ նոր դաշնագիրը եղաւ 1923ի Յուլիս 24ին ստորագրուած Լօզանի Դաշնագիրը, որ սակայն կնքուեցաւ ոչ թէ Օսմանեան Կայսրութեան կառավարութեան, այլ՝ Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովին հետ, որ Քեմալի ազգայնական շարժման ինքնակոչ իրաւական անուանումն էր։ Հանրապետական Թուրքիան դեռ գոյութիւն չունէր իբրեւ իրաւական անձնաւորութիւն, պիտի հռչակուէր 1923ի Հոկտեմբերի 29ին։

Բայց ինչպէս որ հազարամեակներով պատահած ու կրկնուած է, իրաւունքն ու օրէնքը միշտ ալ խոնարհած են սուրին եւ ուժեղին առջեւ՝ այս վերջիններու պահանջներուն եւ կամքին հետ քայլ պահելու անթաքոյց ճիգով ու… հաճոյակատարութեամբ։ Նոյնը պատահեցաւ Քեմալի հետ կնքուած Լօզանի Դաշնագրին պարագային, որ Սեւրի Դաշնագիրը իրաւականօրէն չեղեալ յայտարարելու կամ փոխարինելու հարկադրանքը շրջանցեց՝ Քեմալի Թուրքիան սիրաշահելու եւ խորհրդային ճամբարէն հեռացնելու, ետ բերելու եւ Եւրոպային մօտեցնելու փորձով։ Բայց այդ շրջանցման գինը եղաւ Քեմալական Թուրքիոյ ճանաչումը՝ իբրեւ Օսմանեան Կայսրութեան իրաւայաջորդը, ինչ որ բնականաբար կը նշանակէ նաեւ ժառանգումը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ թրքական պետութեան բոլոր պարտաւորութեանց։

Այսպէ՛ս, պարզապէս մոռացութեան մատնելով Սեւրի Դաշնագիրը՝ մեծապետական աշխարհը ղեկավարող ուժերը փաստօրէն պատմութեան առջեւ բաց պահեցին Սեւրի Դաշնագրին… վերակենդանացման հնարաւորութիւնը։
Ինչպէս որ սուրի եւ ուժի ճնշման տակ ատենի մեծապետական աշխարհը յղացաւ Լօզանի Դաշնագիրը, նոյն ձեւով ալ եւ համարժէք զարգացումներու (ոչ անպայման ռազմական, նաեւ քաղաքական ու տնտեսական առումով) ճնշման տակ՝ մեծապետական աշխարհը կրնայ դրուիլ նաեւ նոր «Սեւրի Դաշնագիր» մը պատրաստելու եւ որդեգրելու ստիպողութեան տակ։

Փաստօրէն Սեւրի Դաշնագրէն զատ չկայ հայեւթրքական միջ¬պետական յարաբերութիւններու եւ սահմաններու կարգաւորման միջազգային այլ դաշնագիր մը, որուն տակ կþերեւի ստորագրութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան։
Հայ ժողովուրդէն առաջ եւ աշխարհի մեծ ու փոքր բոլոր ուժերէն անդին՝ յատկապէս թրքական պետութիւնն է, որ առաւելագոյն մտահոգութեամբ կը գիտակցի այս իրողութեան։ Այդ պատճառով ալ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ, որպէսզի խորհրդային ճնշման տակ կնքուած 23 Հոկտեմբեր 1921ի Կարսի Դաշնագրին նմանողութեամբ միջազգային նոր դաշնագիր մը կնքելու անձնատուութեան մղէ մերօրեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Ի վերջոյ Թուրքիա ամէնէն աւելի կþանդրադառնայ, որ Սեւրի Դաշնագիրը ¬ մոռցուած ըլլայ թէ անվաւեր մնացած ¬ իր գլխուն կախուած է դամոկլեան սուրի պէս‘ Ուիլսընեան սահմանագծումով Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը իրաւականօրէն ամրագրելով։

Եւ Իսմէթ Ինէօնիւ կոչուի թէ Րէճափ Էրտօղան՝ թրքական պետութեան ղեկին կանգնած քաղաքական պատասխանատուն կը գիտակցի, որ ի վերջոյ կրնայ հաշուետուութեան կանչուիլ, եթէ չկարենայ միջազգային նոր դաշնագրի մը կնքումով Հայաստանն ու հայութիւնը զըրկել միջազգային օրէնքով եւ իրաւունքով հաստատագրուած Սեւրի Պարտամուրհակէն։

Այս առումով թուրք պետական ղեկավարութիւնը հետեւողական աշխատանքի մէջ է, որպէսզի 1920ականներուն չյաջողածը կարենայ ձեռք ձգել 21րդ դարուն։

Թրքական պետութեան ցեղասպան ղեկավարութեան ժառանգորդները հանգիստ պիտի չունենան այնքան ատեն, որ ձեռք ձգած չեն անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Թուրքիոյ միջ¬պետական սահմանագծի ճշդորոշման իրաւական, այլեւ միջազգային ճանաչումի արժանացած այն նոր փաստաթուղթը, որ ի վերջոյ պիտի փոխարինէ Սեւրի Դաշնագիրը…

Այո՛, թէեւ Սեւրի Դաշնագիրը չվաւերացուեցաւ, բայց նաեւ՝ Հայաստանի վերաբերեալ իր յօդուածներով՝ չփոխարինուեցաւ որեւէ այլ դաշնագրով։ Կարսի Դաշնագիրը բնաւ չունեցաւ միջազգային իրաւականութիւն։ Իսկ Լօզանի Դաշնագիրը պարզապէս ուրացաւ, որ մեծապետական աշխարհը՝ միջազգային օրէնքի եւ իրաւունքի առումով՝ պարտք է Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին։

10 Օգոստոսին, 93 տարի առաջ, Հայաստանն ու հայութիւնը տիրացան միջազգային օրէնքի եւ իրաւունքի իրենց յաղթաթուղթին։

Մեր սերունդներուն կը մնայ մոռացման եւ ուրացման փոշիներէն հանել ու վերստին կեանքի կոչել Սեւրի Դաշնագիրը։

Մանաւանդ՝ բոլոր ուժերով թումբ կանգնիլ Սեւրի Պարտամուրհակը հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռքէն խլելու թրքական պետութեան մերօրեայ սադրանքներուն։
Ի վերջոյ մեր սերունդը վկան է թրքական պետութեան նախաձեռնած վերջին սադրանքին, որ 2009ին ստորագրուած Հայեւթուրք Արձանագրութեանց քաղաքական ծուղակը եղաւ։ Թրքական պետութիւնը յաջողեցաւ Հայաստանի պետական ստորագրութիւնը ապահովել միջազգային համաձայնագրի մը տակ, որ թէեւ տակաւին չէ վաւերացուած, բայց նաեւ չէ ջնջուած ու միջազգային օրակարգի վրայ կը պահէ Սեւրի Դաշնագիրը փոխարինուած տեսնելու թուրք պետական քաղաքականութիւնը։

Ինչպէս որ տխրահռչակ Փրոթոքոլի ստորագրութեան առիթով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու յայտարարած էր իր երկրի խորհրդարանին առջեւ՝ թրքական պետութեան հին թէ նոր իշխանութիւնները կառչած կը մնան այն պնդումին, թէ՝

«Կարսի եւ Մոսկուայի համաձայնագիրները Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանները ճշդեցին եւ արձանագրութիւններուն մէջ այս համաձայնագիրներուն ակնարկութիւններ կան: Ուրեմն, Հայաստան եւս կþընդունի, որ օրինական հիմք չունին այն պնդումները, թէ Հայաստան եւ Թուրքիա սահմաններու շուրջ տարակարծութիւն ունին, կամ՝ թէ Հայաստան հողային պահանջ ունի Թուրքիայէն»։

Հայաստանի իշխանութեանց դարպասին մօտ նետուած է խաղագնդակը եւ պաշտօնական Երեւանը, յատկապէս տակաւին «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» պատրանքով ու ինքնախաբէութեամբ ապրող Հ.Հ. նախագահով, պարտաւոր է անդին անցնիլ Սեւրի Դաշնագրին սոսկ շրթունքի տուրք վճարելու իր վերջին երկու տարիներու վարքագիծէն…

Ժամանակն է այլեւս յետս կոչելու Հայաստանի պետական ստորագրութիւնը տխրահռչակ Արձանագրութիւններէն եւ Սեւրի Դաշնագրին իրաւատէր կանգնելու պաշտօնապէս՝ քաղաքականօրէ՛ն եւ ամենայն դիւանագիտութեա՛մբ։

Ն.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.