1.375.555 Տոլար Գոյացաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանի Թելեթոնէն. Հարցազրոյց` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հանրային կապերու պատասխանատու Յակոբ Հաւաթեանին Հետ

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի համագաղութային խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, կիրակի, 30 օգոստոսին տեղի ունեցած թելեթոնին առիթով «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հանրային կապերու պատասխանատու Յակոբ Հաւաթեանին հետ:

«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Եթէ կարելի է ամփոփէք կատարուած թելեթոնին աշխատանքները եւ նշէք, թէ ովքե՞ր մասնակցեցան անոր:

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ.- Ինչպէս մեր ունկնդիրները գիտեն, երբ Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամը կը յամենար, եւ «Քորոնա» համավարակը եկաւ աւելիով ծանրացնելու կացութիւնը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համահայկական կառոյցը, հովանաւորութեամբ ՀՅԴ  Բիւրոյին, տարբեր շրջաններու մէջ ծաւալեց նուիրահաւաքի աշխատանքներ` մասնակից դառնալու համար լիբանանահայութեան այս ճգնաժամի շրջանցման ճիգերուն: Այդ աշխատանքները ընթացքի մէջ էին, երբ պատահեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի  աղէտը: Ստեղծուած կացութեան իբրեւ հետեւանք բնական էր, որ ցնցուէր ամբողջ հայաշխարհը, որովհետեւ պատահածը աննախընթաց էր: Հայկական աշխարհը ամբողջ յուզուեցաւ ու տագնապեցաւ պատահարով եւ բնական մղումով մը անմիջապէս  իր օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց լիբանանահայութեան եւ անոր վերականգնումին համար տարուող ճիգերուն: Այս ծիրին մէջ զանազան շրջաններու մէջ կազմուեցան հանգանակութեան միացեալ մարմիններ` ներառելով յարանուանութիւնները, կուսակցութիւնները, միութիւնները եւ այլ կազմակերպութիւններ:

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի պարագային արդէն իսկ կը գործէ Համագաղութային խորհուրդը, որ կը համադրէ եւ կ՛իրականացնէ համայնքի միացեալ նախաձեռնութիւնները: Այդ ծիրին մէջ կազմակերպուեցաւ այս նուիրահաւաքը, որ անմիջապէս ընթացք առաւ պայթումէն` օգոստոս 4-էն քանի մը օր ետք: Համագաղութային խորհուրդը ձեռնարկեց նուիրահաւաքի աշխատանքին, որուն համալրումը հանդիսացաւ այս թելեթոնը: Մեր ժողովուրդը հետեւեցաւ թելեթոնին ՀՅ  Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնական էջով նաեւ` առաւօտեան ժամը 3:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Պէտք է ըսել, որ այս թելեթոնը լայն արձագանգ գտաւ: Այսօր սփիւռքի հայութեան համրանքին կեդրոնացած մեծագոյն շրջաններէն  մէկը Միացեալ Նահանգներու մէջ է, ինչպէս նաեւ մեծ է թիւը հոն հաստատուած  նախկին լիբանանահայերուն: Այս հանգամանքերը կարեւոր են, որովհետեւ ամէն մարդ աւելիով առնչուած է այս կացութեան, իր հարազատ տունը կը զգայ Լիբանանը եւ Լիբանանը իրեն համար տակաւին հարազատ օճախ է: Կազմակերպողներուն մօտ արդէն թելեթոնէն առաջ կար որոշ նախատեսութիւն, զոր անշուշտ գերազանցեց թելեթոնը եւ ահաւասիկ գոյացաւ 1.375.555 տոլար, որ պիտի շարունակուի նաեւ յառաջիկայ օրերուն եւ, կազմակերպիչներու գնահատումով, վստահաբար ընդհանուր գումարը կը հասնի մինչեւ մէկուկէս միլիոնի սահմանները: Այստեղ չենք ակնարկեր Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանին, ուր նուիրահաւաքը կը կազմակերպուի առանձնաբար: Նուիրահաւաքներ կը կազմակերպուին նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ արտասահմանեան մեծ թիւով համայքներու մէջ: Հանգանակուած գումարները ամբողջութեան կը յատկացուին լիբանանահայութեան վերականգնումի ծրագիրներուն, որոնք կը հովանաւորուին Արամ Ա. վեհափառին կողմէ եւ գործադրութեան կը դրուին լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին միջոցով:

Պէտք է ըսել, որ այս իմաստով կային մեծագումար նուիրատուութիւններ: Անհատ նուիրատուներուն մէջ մեծ էր թիւը  նախկին լիբանանահայերուն, իսկ այստեղ հարկ է առանձնացնել հետեւեալ նուիրատուները` Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան, որ 150.000 տոլարով մասնակցեցաւ այս նուիրահաւաքին, Սարգիս Սեփեթճեան` 100.000 տոլարով եւ Վարանդ Մելքոնեան` 30.000 տոլարով: Ժողովրդային մասնակցութիւնը լայն էր: Ժողովրդային բոլոր խաւերը մասնակից դարձան այս նուիրահաւաքին` միութիւններ, դպրոցներու հոգաբարձութիւններ, աշակերտութիւն, եկեղեցիներու խորհուրդներ, հայրենակցական միութիւններ, հաստատութիւններ, գործարաններու եւ հաստատութիւններու  սեփականատէրեր, պաշտօնեաներ, աշխատաւորներ` ստեղծելով հաւաքական ընդհանուր խանդավառ մթնոլորտ մը: Այսօր պէտք է ընդունիլ, որ տնտեսական տագնապը միջազգային երեւոյթ է, բոլոր երկիրները կը դիմագրաւեն այս մարտահրաւէրը, ուստի ձեռք բերուած արդիւնքը այս դիտանկիւնէն նաեւ պատուաբեր է:

Այս առիթով Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անունով շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքը կ՛ուղղենք այն բոլոր կամաւորներուն, մեր ընկերներուն, համակիրներուն, ժողովուրդին, որոնք մասնակից դարձան  թէ՛ կազմակերպչական, եւ թէ նուիրահաւաքի աշխատանքներուն: Նաեւ շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել քարոզչական բաժնի մասնակից «Վանայ ձայն»-ի անձնակազմի տղոց, որոնք անցնող 7-8 օրերուն քարոզչական աշխատանքներ տարին եւ այդ մէկը համակարգեցին Միացեալ Նահանգներու այս գործով զբաղող յանձնախումբին հետ:

Միացեալ Նահանգներու հայկական պատկերասփիւռի բոլոր կայանները միացեալ սփռումով այս մեծ իրադարձութիւնը սեփականութիւնը դարձուցին բոլորին անխտիր: Այսքան կրնանք ըսել, տակաւին երթը կը շարունակուի: Ճիշդ է, որ վերականգնումը ժամանակի կը կարօտի, սակայն մենք կը հաւատանք, որ այս զօրակցութիւնը եւ նման այլ զօրակցութիւններ  անպայման մեր գործը պիտի խթանեն, մեր աշխատանքը պիտի լիցքաւորեն, եւ մենք յաւելեալ ինքնավստահութեամբ պիտի կառչինք վերականգնումի աշխատանքին, մեր ժողովուրդին ապրած այս տագնապը արագ շրջանցելու առաքելութեան, գէթ առաջին հանգրուանով կեանքի բնականոն վիճակ ստեղծելու նախնական տուեալները ապահովելով, որովհետեւ, դարձեալ կը կրկնեմ, այդքան ալ դիւրին աշխատանք չէ, եւ մեզմէ կամք, տոկունութիւն ու քիչ մըն ալ համբերութիւն կ՛ենթադրէ:

«Վ. Ձ.».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամն ալ կազմակերպած էր նախաձեռնութիւն մը եւ արդէն իր նուիրահաւաքի աշխատանքը կը շարունակէ: Արդեօք ի՞նչ տեղեկութիւն կը փոխանցէք այս մասին եւ վաղը Հայաստանի մեր կառոյցի` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի «Օգնիր լիբանանահայ եղբօրդ» ծրագրին ճամբով Լիբանան հասնելիք սննդամթերքին եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի պատուիրակութեան այցելութեան մասին:

Յ. Հ.- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը  իր կարգին նուիրահաւաքի  գնահատելի եւ երախտապարտ աշխատանք կը տանի: Համահայկական հիմնադրամի ճամբով գոյացած այդ գումարները պիտի յատկացուին լիբանանահայ կրթական  ցանցին կարիքներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի պետութեան կողմէ նուիրատուութիւնները պիտի յատկացուին նոյն նպատակին, որովհետեւ կրթական մարզը նաեւ մաս կը կազմէ գաղութի ընդհանուր նկարագիրին եւ անոր հեզասահ ընթացքի երաշխաւորումը այս պարագային Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմնին համար կը մնայ առաջնահերթութիւն: Հանգանակուած գումարները պիտի գան նեցուկ հանդիսանալու  լիբանանահայ վարժարանին, որ նոյնպէս առաջնահերթ  է այս փուլին:

Ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեան, արդէն մեր ունկնդիրները ծանօթ են տիրող զօրակցական մթնոլորտին եւ կը տեսնեն, թէ հայրենքի մէջ մեր դաշնակցական երիտասարդութիւնը ի՛նչպիսի խանդավառութեամբ կ՛աշխատի պատրաստելով սննդամթերքի արկղեր, որոնք կը հասնին Լիբանան եւ քանի մը օրուան մաքսատան եւ պետական ձեւակերպումի աշխատանքները աւարտելէ ետք պատրաստ կ՛ըլլան ցրւումի: Այս առիթով Լիբանան կը ժամանեն նաեւ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան  Սաղաթէլեան ու Գերագոյն մարմնէն այլ անդամ մը, եւ վստահ ենք, որ այս մէկը իր կարգին նաեւ իբրեւ բարոյական արտայայտութիւն պիտի նպաստէ մեր ժողովուրդի կորովի եւ յոյսի ամրապնդման: Լիբանանահայութիւնը անսակարկ կերպով նուիրաբերած է Հայաստանին ու Արցախին եւ ահաւասիկ  այսօր հայրենիքը եւ Արցախը ու հայրենի մեր կազմակերպութիւնը լիբանանահայութեան կողքին են, որպէսզի ան վերագտնէ իր համահայկական դերակատարութիւնը, եւ համայքնի հաւաքական կեանքը դարձեալ մտնէ իր բնականոն հունին մէջ: Ճիշդ է, որ այսօր դժուար պայմաններու մէջ ենք, բայց կը գործենք անպայման վաղը մեր համահայկական դերակատարութիւնը վերստանձնելու համոզումով, կամքով եւ վճռակամութեամբ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.