«Տաճկահայ Գաղթաշարժը Եւ Անոնց Դերը Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմութեան Մէջ» – ԺԱ.

Գլուխ Երրորդ

1915 – Վան-Բուլանուխ-Մալազկերտ

4.- Մեծ Նահանջը

ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ

(Լուսանկարը՝ ռուս զինուորներ Սարիղամիշի ճակատին վրայ)

Այսպէս կոչուեցաւ 1915-ի յուլիս 23-ի նահանջը: Ռուսական բանակն ու հայկական կամաւորական գունդերն իրենց աչքերը դարձուցին դէպի Կովկաս ճիշդ այն վայրկեանին, երբ Մուշի կառավարիչը ճիւաղային ծրագրով մը հրդեհներու մէջ կը խեղդէր աննման Մշոյ դաշտի ժողովուրդը. երբ Քանի եւ Հանտոքի վրայ Սասնոյ եւ Տարօնի մարտիկներն օրհասական կռիւ կը մղէին, երբ Մուշ քաղաքը հերոսական դիմադրութիւն մը ցոյց կուտար ու թնդանօթի հարուածներէն քանդուած իր սեփական տան փլահատակներուն տակ կը թաղուէր…

Գրաւուած վայրերէն ժողովուրդը կը նահանջէր երեք ուղղութեամբ: Բուլանուխ-Մալազկերտի ազգաբնակչութիւնը բռնեց Ալաշկերտի ճանապարհը՝ Արարատ հասնելու համար: Վանի ժողովուրդը քալեց Բերկրի-Բայազիտ ճանապարհով դէպի Իգտիր: Սակայն Բերկրիի ճանապարհը կտրուեցաւ Ալատաղի քրդերու կողմէ, ու Վանի ուշացած ժողովրդի մէկ մասը, Քեռու եւ Համազասպի գունդերուն հետ, ստիպուեցաւ դառնալ դէպի պարսկական Ատրպատական:

Այս երեք ուղղութեամբ նահանջող ժողովրդի թիւը 150,000-էն աւելի էր: Կամաւորական բոլոր գունդերու զինուորները միասին առած՝ 5000-ի կը հասնէր: Ատոնց վրայ պէտք է աւելցնել 3000-ի չափ ալ զինուած ժողովուրդ, որ կրցած էր օգտուիլ բանակներու ներկայութենէն ու զինուիլ հնարաւոր միջոցներով:

Նահանջի պարագային մեր գլխաւոր մտահոգութիւնն ժողովուրդն ապահով տեղ մը հասցնելն էր: Բուլանուխ-Մալազկերտի շրջանը զուրկ էր օրինական որեւէ զինական ուժէ. այդ պատճառով մենք ստիպուեցանք ամփոփել մեր բոլոր գործիչ եւ զինուոր ընկերները մէկ պարտականութեան շուրջ: Ըլլալ ժողովրդի յառաջապահն ու վերջապահը: Զինեալ փոքրիկ խմբակով սպասել վտանգուած վայրերու մէջ, մինչեւ ժողովուրդն ամբողջ անցնի. կարգ ու կանոն պահպանել ժողովուրդի մէջ, ու ստիպել անոնց որ իրարու օգնեն. հաւաքել թափուած երախաներն ու անկար կիները՝ ապահով սննդատու կայաններ հասցնելու համար: Բուլանուխի Կոբէն մինչեւ Մէզրէ, թնդանօթի եւ գնդացիրներու կրակին տակ, ժողովուրդը փոխադրեցինք աճապարանքով, բայց այնպիսի կանոնաւորութեամբ մը, որ անիկա իր հետ կրցաւ առնել հնարաւոր չափով, ճամբու անհրաժեշտ պէտքերը: Բուլանուխ-Մալազկերտի հասարակական գործիչները կատարեալ համերաշխութեամբ եւ համագործակցութեամբ կրցան ժողովուրդը հասցնել Ալաշկերտի դաշտը, առանց որեւէ վնասի. ու անկէ ալ Իգտիր, կտրել անցնելով 250-300 քիլոմէթր երկար ճանապարհ մը, տասն օրուայ ընթացքին:

Ալաշկերտի շրջանն աւելի կազմակերպուած էր, ու մենք ճանապարհին կրցանք գտնել քանի մը սննդատու կայաններ: Իսկ շարք մը վայրերու մէջ կազմակերպեցին նորեր: Իգտիրի մէջ մեզ կը դիմաւորէին բազմաթիւ մարմիններ: Ժողովուրդն Աւետեաց երկրէն եկող հայաստանցուն կ’ընդունէր գրկաբաց: Բայց օգնութեան գործը կանոնաւոր կազմակերպուած չէր. անպակաս էին խաչաձեւումներ, որոնք շատ անգամ տխուր հետեւանքներու դուռ կը բանային:

Նահանջի առաջին օրերուն ականատես եղանք շատ ցաւալի երեւոյթի մը, որ առաջ կուգար թրքական սարսափներէն: Գիշերային նահանջի ժամանակ, շատ մը յոգնած ու սարսափած մայրեր ճանապարհէն դուրս կ’ելնէին, իրենց մանկիկն արցունքով ու համբոյրով կ’օծէին, ու քարի մը, կամ թուփի մը տակ դնելով՝ կը հեռանային, իրենց կեանքի փրկութեան մասին մտածելով: Այդպիսի երախաներ տանք ու սայլ ունեցողներու միջոցաւ փոխադրեցինք դէպի Ալաշկերտ:

Շատ անգամ հայ գիւղացին անգութ անտարբերութեամբ մը կ’անցնէր լքուած երախայի մը կամ գետին ինկած կնոջ մը քովէն, եւ միայն գործիչներու ստիպողութեան տակ, անիկա յանձն կ’առնէր օգնութեան հասնիլ այդ անկարներուն: Թնդանօթի սարսափի ենթակայ մարդու մը այս անձնասիրութիւնն այնքան ալ մեղադրելի չէ: Սակայն շատ յաճախ ականատես կ’ըլլայինք սիրտ շարժող այնպիսի զոհողութիւններու, որ յայտ կը բերէր հայ գիւղացին, իր կեանքի գնով, փրկելու մանուկ մը, կին մը, վիրաւոր երիտասարդ մը: Շատ անգամ տեսայ այրած դէմքով հայ գիւղացուն ու կնոջ, որ իրենց բռունցքը ուղղած դէպի երկինք, կ’ըսէին.- «Աստուա’ծ, դուն չկա՛ս երկնքի մէջ…» ու գերագոյն անձնազոհութեամբ մը, իրենց անձին միայն վստահելով, շրջապատի աղէտը կ’ամոքէին:

Երեւանէն շարք մը պատասխանատու գործիչներ փութացած էին Իգտիր դիմաւորելու ժողովուրդն ու նահանջող զինեալ ուժերը: Խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ հոդ Արմէն-Գարոյի նախագահութեամբ, եւ որոշուեցաւ օգնական ուժեր ղրկել Վանի ճանապարհի ամբողջ երկարութեամբ, ոչ միայն ժողովրդին օգնելու, այլ նաեւ վտանգուած գիծերը պաշտպանելու: Բերկրիի կամուրջի փակուելու տխուր լուրը հասած էր Իգտիր: Այդ որոշումը գրեթէ չգործադրուեցաւ: Հազիւ փոքրիկ խումբ մը բարձրացաւ Մասիսի ստորոտներէն անցնող ճանապարհի երկայնքը, մնացածը թողուեցաւ իր բաղդին: Այդպիսի գործի մը համար հայկական կամաւորական գնդերն էին որ դեր մը պիտի կրնային կատարել. սակայն անոնք ալ անկանոն ու ժողովրդախառն նահանջի մը ենթակայ էին:

Դրօն կրցած էր իր գունդի գլխաւոր զօրամասերը պահել Բայազիտ Աղա (որ 25-30 քիլօմէթր հեռու էր Բերկրիէն) եւ Գաւրէ Շամէ: Քեռու եւ Համազասպի գունդերու մասին տեղեկութիւն չկար: Անդրանիկի եւ Վարդանի ուժերը քայքայուած էին եւ ցրուած ժողովրդական հոծ զանգուածի մէջ ու կը նահանջէին անկանոն կերպով:

Մալազկերտէն հազիւ հասած էինք Իգտիր, ու ինքզինքնիս կը գտնէինք աւելի մտահոգիչ խնդիրներու առջեւ: Շարք մը ընկերներու խորհուրդով, Բասէնի մէջ նախապէս գործող իմ երեք ընկերներու հետ մեկնեցայ դէպի Գաւրէ Շամէ: Հոդ խորհրդակցութիւն մը ունեցանք Դրոյի հետ, ու միասին մեկնեցանք Բայազիտ Աղա, ուր վերջապահ կը մնային Դրոյի ձիաւորները:

Անդրանիկ, կասկածէ դուրս է, որ լաւ կռուող էր եւ կրնար զինուորական ոգի ներշնչել: Սակայն անիկա անպէտք մարդ կը դառնար, երբ խնդիրը նահանջելուն կուգար: Միշտ դիտուած էր, որ Անդրանիկ, նահանջի պարագային, կը բարկանար, կը թողուր իր զօրամասերը, կը քայքայէր իր շրջապատը, ու առանց շունչ առնելու՝ կը հասնէր նահանջի վերջին կէտին: Այս նահանջին, Անդրանիկի գունդը, որ թերեւս ամենէն զօրաւորն էր, քայքայուած ամբոխ մը դարձաւ Արճէշէն սկսած: Մենք հին Բայազիտի դաշտին մէջ (Իգտիրէն 40 քիլօմէթր հեռու) հանդիպեցանք Արամին, Անդրանիկին, Վարդանին, Սմբատին եւ ուրիշներուն, որոնք դէպի Իգտիր կ’երթային: Անոնցմէ անցնելէն յետոյ մեզի հանդիպեցան զինուորներ, ոստիկաններ, ժողովուրդ, որբեր, ու թափուած երախաներ:

Նահանջը վանեցիներու համար եղաւ դժնդակ: Գիւղացիները գոնէփոխադրական միջոցներունէին, կամ վարժ էին չարքաշութեան: Իսկ Վանի քաղաքի ժողովուրդն ուղղակի արգահատելի տեսարան մը կը պարզէր Իգտիրէն մինչեւ Բայազիտ Աղա: Այդ նահանջն անմոռանալի պիտի մնայ վանեցիներու համար իր տաժանքներով եւ Բերկրիի կամուրջի անասելի աղէտով:

Բայազիտ Աղայէն կարելի եղաւ ստուգել, որ Քեռին եւ Համազասպ հասած են մինչեւ Բերկրի, կռուի բռնուած են, ու տեսնելով որ ճանապարհը կտրուած է, փոխած են իրենց նահանջի գիծը: Դրոյի ձիաւորները շաբաթ մը կրցան պահել Բայազիտ Աղան, ու այդպիսով ապահովեցին նահանջող ժողովրդի թիկունքը: Ժողովուրդն արդէն իջած էր Արարատեան դաշտը, երբ մենք թողուցինք Բայազիտ Աղան, ուր գօզաքներու զօրամաս մը ղրկուած էր հայկական ուժը փոխարինելու:

Մեր վերադարձը մինչեւ Իգտիր, դժնդակ ապրումներու շարան մ’եղաւ: Ճանապարհի ամբողջ երկայնքին մեռնողներու ուռած դիակներ կային: Ամբողջ ժողովրդի մը ողջ մարմինը քաշքշուած էր ձորերէն ու լեռներէն, ու իր մարմնի ու արեան հետքերը սփռած էր այդ ամայի վայրերուն մէջ: Ամենէն խոր ու անմոռանալի յիշողութիւններ կը պահեմ լքուած մանուկներէն: Անոնք լքուած ու անտէր կը մնային քարի մը տակ, ջուրի մը եզերքը, տակաւին չմեռած, կը նուային յաւիտենական ողբով մը: Մէկը չորցած ոսկոր մը կրծած մաշեցուցած էր, բայց տակաւին ձեռքի մէջ կը պահէր. միւսը ձեռքը հասած չարոխի մը կտորը կը ծամէր, ուրիշ մը մահուան ջերմէն կը հեւար: Հապա՛ ուրիշ մը, վախցած նապաստակի պէս, բայց անոյժ շարժուելու, անտարբեր կը նայէր իր կողքին մեռած փոքրիկին:

Ձիաւորներու այս յետնապահ խումբը փրկարար աշխատանք մը կատարեց: Ամէն մէկ զինուոր, մէկ կամ երկու մանուկ իր գրկին մէջ, հարիւրաւոր այսպիսի հոգիներ հասցուցին աւելի ապահով կայաններ, ու կրկին դարձան հաւաքելու, եթէ առաջին անգամ չէին կրցած բոլորը փոխադրել:

Այս արհաւիրքէն յետոյ, հայոց ղեկավար տարրը, շատ երկար ատեն հոգեմաշ վիճակ մ’ապրեցաւ: Իսկ ժողովուրդը, դժբաղդաբար 30,000-ով հալեցաւ Էջմիածնի մէջ, ենթակայ ըլլալով տարափոխիկ հիւանդութիւններու: Ժողովրդի այն մասը որ գիւղերու մէջ մնաց, քիչ մ’աւելի ցրուեցաւ Հայաստանի զանազան կողմերը, ու կրցաւ փրկուիլ: Իսկ Վանի շրջանի ժողովրդի մեծ մասը ապաստանեցաւ Էջմիածին եւ անոր անտառը: Օգնութեան մարմիններ կային: Սակայն ժողովուրդը տարապայման յոգնութեան ու սնունդի պակասէն բռնուեցաւ հիւանդութիւններու, որոնց առաջը չկրցանք առնել, ու ժողովուրդը կոտորակուեցաւ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.