Պարտաւոր Ենք Շարունակելու Մայիս 28-եան Աւանդութիւնները

Շահան Գանտահարեան

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-ամեակը կը նշենք մեր անմիջական պատմութեան մէջ ամէնէն  դժուար պայմաններուն մէջ: Բռնագրաւուած արցախեան տարածքներ, ներխուժուած հայրենիք, բազմահազար զոհեր, հաշմանդամներ, պարտադրուող համաձայնութիւններ, տկար դիրքերէ ընթացող բանակցութիւններ եւ միակողմանի զիջումներ:

105 տարի առաջ, սակայն, շատ աւելի ծանր էին պայմանները: Ցեղասպանութիւն, Արեւմտահայաստանի բռնագրաւում ամայացում, միլիոնաւոր զոհեր: Հայութիւնը սակայն մղեց իր գոյամարտը եւ յաղթեց   մայիսեան գոյակռիւներով հայ ժողովուրդը

արգելակեց ցեղասպանութեան շարունակութիւնը, կասեցուց համաթուրանական յառաջխաղացքը, հռչակեց անկախութիւն եւ կերտեց պետականութիւն:

Հայկական պահեց Սիւնիքը եւ այդպիսով փրկեց հայրենիքը:

Այս բոլորին աւելցնել դիւանագիտական գործուղումներ, համալսարանի հիմնադրում, դպրոցական համակարգի կայացում, մշակոյթի ծաղկում, խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպում` նշելու համար ռազմավարական կարեւորագոյն իրագործումները:

Այս բոլորը կ՛իրականանային, որովհետեւ կա՛ր իր ժողովուրդի ուժին հաւատացող կառավարութիւն, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան սերունդ, որ սեւ ու սպիտակի չբաժնեց ժողովուրդը, այլ համախմբեց բոլորը առանց խտրութեան, զիջողական խաղաղութեան մասին չխօսեցաւ պատերազմի թէժ օրերուն, այլ մայիսեան հերոսամարտերով կասեցուց ցեղասպանութեան շարունակութիւնը: Թէ՛ պահեց Արագածը եւ թէ՛ որոշեց ազատագրել Արարատ լեռը, մութ ու տժգոյն Երեւանը վերածեց լուսաւոր քաղաքի, չհեղինակազրկեց իր զինեալ ուժերու հրամանատարները, այլ հերոսացուց զանոնք: Ոչ թէ թաւիշով ու դուխով, այլ Սարդարապատով եւ Լեռնահայաստանի գոյամարտով ստեղծեց նոր Հայաստանը եւ պաշտպանեց անոր սահմանները:

Եւ նենգափոխուած է ու կեղծ նոյեմբերեան հրադադարի ստորագրութեան համեմատութիւնը Պաթումի կամ Ալեքսանդրապոլի համաձայնագիրներուն հետ: Պաթումի օրերուն չկային սահմաններ, չկային յստակ տարածքներ: Փրկուած հողատարածքի վրայ անկախ պետութիւն ունենալու եւ զայն պահելու առաջադրանքն էր գերական, մինչ Ալեքսանդրապոլի օրերուն բռնի ուժով պարտադրուած ստորագրութեան պահուն Դաշնակցութիւնը արդէն յանձնած էր իշխանութիւնը համայնավար կարգերուն:

Իշխանութիւն յանձնելը, իշխանութենէն հրաժարիլը ստորադաս էր հայրենիքը փրկելու առաջադրանքէն: Մուրճին եւ սալին միջեւ ճիշդ ընտրութիւն կատարելը եւ կամովին իշխանութիւն յանձնելը առաջին հանրապետութեան ղեկավարներու որդեգրած աւանդութիւններէն եւ դաւանած սկզբունքներէն կը բխէին: Իշխանութենէն հրաժարումը եւ իշխանութեան խաղաղ յանձնումը փրկեցին հայրենիքը: Դասեր չեն քաղուած այսօր ճիշդ պահուն, ատենին հայրենիք փրկելու առաջադրանքի գերադասումով իշխանութենէն հրաժարելու եւ իշխանութիւն յանձնելու հանրապետութիւն կերտած սերունդէն:

Դասեր չեն քաղուած յայտնապէս հայրենիք փրկելու համար մուրճին եւ սալին միջեւ ճիշդ ընտրութինը կատարելու:

ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէին կողմէ մայիս 28-ը տօնակատարելը յատուկ խորհուրդ եւ նշանակութիւն ունի: Կոմիտէն կը կրէ առաջին հանրապետութեան հիմնադիր սերունդին մաս կազմած, անկախ Հայաստանի առաջին խորհրդարանի անդամ ընտրուած, ապա ներքին գործոց նախարարի եւ աւելի ուշ զինուորական նախարարի պաշտօնները ստանձնած մեր ազատագրական պայքարի ամենափայլուն դէմքերէն Ռուբէն Տէր Մինասեանի անունը:

Պետականակերտման եւ հայրենակերտման մէջ անգնահատելի է դերը հայրենիքի հայացման գործողութեան: Այդ գործին ետին կանգնած էր Ռուբէնը թէ՛ ծրագրումի եւ թէ՛ իրականացման առումներով:

Այս ճակատագրորոշ գործողութիւններուն կը պարտինք այսօրուան Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերը: Եւ մտածել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար մեր երկրի ճակատագիրը, եթէ Ռուբէնն ու իր ընկերները Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման առաջին գործերէն չհամարէին ժողովրդագրական պատկերի հայացումը: Ներքին հսկայական ական տրամադրած պիտի ըլլայինք թշնամիին, որ Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Արցախի հետեւողութեամբ ցեղային զտումի պիտի ձեռնարկէր նաեւ մեր սահմաններուն մէջ:

Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան տարեդարձը նշելը այժմէական շատ ուղերձներ կը պարփակէ տակաւին: Ցեղասպանութիւն իրականացուցած Թուրքիան եթէ Հայաստանի վրայով քալէր միանալու համար թրքացեղ ժողովուրդներուն, այդ պարագային կ՛իրականանար համաթուրանական ծրագիրը: Այդ սերունդը, Արամին ղեկավարութեամբ համախմբուած ժողովուրդը ոչ միայն ուրեմն ձախողցուցին ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ կասեցուցին համաթուրանական յառաջխաղացքը:

Ծրագիրը չէ փոխուած այսօր եւս: Հայաստանի կառավարութեան ղեկին նստածները չեն իւրացուցած 1918-ի դասը: Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելով` անոնք կը վտանգեն առաջին հերթին Սիւնիքը  եւ անշուշտ` ամբողջ Հայաստանը: Սիւնիքը գոյամարտ մղեց Նժդեհի ղեկավարութեամբ,  որպէսզի չկառուցուի թուրանական կամուրջը, որպէսզի փրկուի Հայաստանը:

Առաջին Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին կը կապուի Դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր ժողովի կայացումը, որ մեր համազգային երթին նոր հունաւորում տուաւ` ազատ ու անկախին առընթեր առաջադրելով միացեալ Հայաստանը: Միացեալ Հայաստանի սահմանները ճշդուեցան Սեւրի համաձայնագրի շրջանակներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռով, որ ճշդեց Արեւմտահայաստանի սահմանները:

Իրաւարար վճիռի այժմէական նշանակութիւնը տասնամեակներ ետք, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդունուած համահայկական հռչակագիրով համազգային առաջադրանքի վերածուեցաւ: Պետական բարձրագոյն ամպիոններէն հնչեցին Սեւրի դաշնագիրին եւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռին այժմէական եւ իրաւական նշանակութեան մասին պաշտօնական յայտարարութիւններ:

Այդ բոլորի ծնունդը, արմատը առաջին հանրապետութեան նուաճումներն են: Այսօր սակայն ոչ միայն Համահայկական հռչակագիրը դուրս եկած է կառավարութեան օրակարգերէն,  այլ կառավարական ուժի ներկայացուցիչները Սեւրն ու Արեւմտահայաստանի պահանջատիրութիւնը կ՛որակեն հայդատականութիւն, ծովից ծով Հայաստան երազելու ռոմանթիզմ:

Կարելի չէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն Դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր ժողովին ակնարկել եւ «Նեմեսիս»-ի որոշումին չանդրադառնալ: Ցեղասպանութեան շարունակութիւնը մայիս 28-ով կանխած սերունդի լաւագոյն ներկայացուցիչները կը շարունակէին վերականգնել հայութեան արժանապատուութիւնը:

Այդ հերոսներուն յիշատակը յաւերժացնող կոթողը կանգնած է այսօր այն մայրաքաղաքին մէջ, ուր 106 տարի առաջ կը կայացուէր պատմական որոշումը. պատժե՛լ ցեղասպանները:

Ցեղասպան ուղեղները հերոսացուցած նոյն Թուրքիան, դպրոց ու պողոտայ ցեղասպաններու անունով կոչած նոյն Թուրքիան «Նեմեսիս»-ի յուշակոթողի կանգնեցման դիմաց կը փակէ օդային տարածքը, աւելի՛ն, կը պահանջէ կազմաքանդել յուշակոթողը: Խռպոտ արձագանգներ կը լսուին Երեւանէն, պետական բարձրագոյն ամպիոններէն, թէ ի՞նչ շահեցաւ Հայաստանը «Նեմեսիս»-ի արձան կանգնեցնելով. թէ` «Նեմեսիս»-ի հերոսներուն յուշակոթող նուիրելը գործադիր իշխանութեան օրակարգը չէր, թէ` համապատասխան քաղաքային իշխանութիւնը սխալ ըրած է նման քայլի դիմելով:

Ցեղասպանութիւնը ժխտող եւ ցեղասպանական արարքները շարունակող Ազրպէյճանին աջակցող Թուրքիոյ պահանջներուն դիմաց նման զիջողական եւ չքմեղանքի ձայներ կը լսուին հայրենի պետութիւնը ներկայացնող ամպիոններէն: Նման զիջողական ափսոսանքներ յայտնողները պիտի գիտակցին, որ «Նեմեսիս»-ի արձանը պարզապէս պատրուակներէն մէկն է Հայաստանի դէմ ճնշումի քաղաքականութիւնը շարունակելու եւ անվերջ զիջումներ պահանջելու:

«Նեմեսիս»-ը մայիս 28-ով մեր ազգային արժանապատուութեան վերականգման երթին կարեւորագոյն օղակներէն մէկն է, եւ ոչ մէկ իշխանութիւն չի՛ կրնար, իրաւունք չունի՛, «Նեմեսիս»-ի հերոսներուն յիշատակին ստուեր բերելու: «Նեմեսիս»-ը յուշարար է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ազրպէյճանի, որ հայ ժողովուրդը պատժել գիտէ իր թշնամիները:

Ցեղասպանն ու ոճրագործը հերոսացնելը հարազատ վարքագիծ է նաեւ Ազրպէյճանի մօտ: Այդպէս էր, երբ հայ սպան կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովը ոչ միայն իր պատիժը չշարունակեց Պաքուի բանտերուն մէջ, այլ արժանացաւ հերոսի կոչումին:

Թալէաթներն ու սաֆարովները հերոսացուցած Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը միշտ պիտի իմանան, որ հայ ժողովուրդը իր մէջ պիտի շարունակէ փայփայել թեհլիրեաններու աւանդը եւ կազմաւորէ «Նեմեսիս»-ի սերունդին հարազատ ժառանգորդները, թշնամին պատժելու պատրաստ նոր հերոսները:

Եւ այդ ոգին յաւերժ կը մնայ, որովհետեւ անոր արմատները խարսխուած են մայիս 28-ի խորհուրդին մէջ: «Նեմեսիս»-ը այդ ոգիի յուշարարն է, թշնամիին սարսափը:

Մայիսեան հերոսամարտերու եւ յաղթանակի տօնի նշումի այս օրերուն Երեւանէն կը կատարուէին յայտարարութիւններ` Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելու: Այս յայտարարութեան ենթահողը կը պատրաստուէր վերջին տարիներուն, երբ`

– Արցախի Հանրապետութիւն եզրը չէր օգտագործուեր,

– Դէպի Արցախ կատարուող պետական այցելութիւնները կը դադրէին,

– Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերը կը հեռանային Արցախէն,

– Նշաձողի իջեցման յորդորներ կը հնչէին խորհրդարանին մէջ,

– Ինքնորոշման իրաւունք բառակապակցութիւնը դուրս կը մղուէր պաշտօնական հռետորաբանութենէն,

– Ընդհանուր իրաւունքներու եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան հարցերու մասին անորոշ նշումներ կը կատարուէին,

– Հայաստանի Հանրապետութեան 29.800 քառ. քմ տարածքի սահմանը կը բացարձակացուէր` զիջելով նաեւ  անքլաւները,

– Կ՛արդարացուէր, որ վաղուց հայկական կողմը Արցախը համարած է Ազրպէյճան:

Վերանկախացման ամբողջ ժամանակաշրջանին ոեւէ պետական պաշտօնեայ թուանշաններով չէր ընդունած Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Արցախը չէր համարած Ազրպէյճանի մաս: Աւելի՛ն. միշտ յայտարարուած էր, որ ո՛չ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ եւ ո՛չ ալ Ալմա Աթայի հռչակագիրով Արցախը կարելի է համարել Ազրպէյճան. կը յայտարարուէր հակառակը` Արցախը չի  կրնար մաս կազմել Ազրպէյճանին:

Այո՛, Արցախը չի կրնար մաս կազմել Ազրպէյճանին: Չկայ որեւէ միջազգային թէ միջպետական փաստաթուղթ, որ Արցախին նման ճակատագիր կը նախատեսէ. չի՛ կրնար ըլլալ նաեւ, որովհետեւ թէ՛ Անկախութեան հռչակագիրը եւ թէ՛ 1992-ի Գերագոյն խորհուրդի համապատասխան որոշումը թոյլ չեն տար նման իրաւապայմանագիր կնքելու: Այդ փաստաթուղթերը կ՛առաջադրեն Հայաստան-Արցախ վերամիաւորումը:

Հայաստանի սահմանադրութեան նախաբանը կազմած Անկախութեան հռչակագիրին մէջ կը հաստատուի, որ վերանկախացած Հայաստանը պէտք է զարգացնէ 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները:

Անկախութեան հռչակագրով եւ հետեւաբար Սահմանադրութեամբ Հայաստանի ներկայ հանրապետութիւնը իրաւաժառանգորդը կը համարուի 1918-ի մայիս 28-ի Հայաստանին:

Եւ իբրեւ իրաւաժառանգորդ` պարտաւոր է ոչ միայն պահպանելու, այլ զարգացնելու մայիս 28-եան աւանդութիւնները:

Այսօր այդ աւանդութիւններու օտարում կը նկատուի այդ ժառանգի արժանաւորութենէն հեռացած գործող իշխանութիւններուն մօտ:

Հայ ժողովուրդը, յարգելու համար Անկախութեան հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը, առաջին հանրապետութեան  արժանի իրաւաժառանգորդ իշխանութիւն պէտք է ձեւաւորէ անյետաձգելիօրէն: Բայց ոչ միայն պետութիւնը ներկայացնողները, այլ նաեւ համայն հայութիւնը ժառանգորդ է առաջին հանրապետութեան օրերու ժողովուրդին, որ մայիսեան օրերուն համախմբուեցաւ եւ կերտեց նոր Սարդարապատ ու փրկեց հայրենիքը: Ժողովրդային ժառանգորդութեան վերագիտակցում մը, որ պիտի չարտօնէ, որ`

– Որեւէ իշխանութիւն ընդունի Արցախը Ազրպէյճանին կազմին մէջ,

– Թոյլ չտայ, որ կառուցուի համաթուրանական կամուրջը,

– Յաջողի վերականգնել հայոց բանակին հեղինակութիւնը,

– Դո՛ւրս շպրտէ Հայաստանի գերիշխան տարածք ներխուժած ազրպէյճանական զօրքերը,

– Հպարտանայ «Նեմեսիս»-ի հերոսներով,

– Համախմբէ հայկական աշխարհը,

– Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ազրպէյճանի հետ  վարէ արժանապատիւ բանակցութիւններ,

– Հետամուտ ըլլայ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման եւ հայոց պատմական բոլոր տեսակի իրաւունքներու հետապնդման:

Ահաւասիկ` մայիս 28-ի խորհուրդով մարմնաւորուած աւանդական ուղիները, որոնց պիտի հետեւի ժողովուրդը` կերտելու համար նոր Սարդարապատը, նոր մայիս 28-ը եւ, այո՛,  իրաւա՛մբ նոր Հայաստանը:

Մենք պարտաւո՛ր ենք յարգելու Անկախութեան հռչակագիրը եւ ատով իսկ վերակերտելու մայիս 28-եան աւանդներուն հարազատ եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան իրաւաժառանգորդ ազգային պետականութիւն,  որուն ընդառաջ Սարդարապատի ղօղանջները արդէն կը լսուին միաւորուած եւ համախմբուած Արցախի մէջ:

Համոզուա՛ծ ենք, որ պիտի վերակերտուի՛ ազգային պետականութիւնը:

26 մայիս 2023

Հայաստանի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկին օրուան բանախօս Ազդակ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի արտասանած խօսքը:

Comments are closed.