Շաբթուան ամփոփումը (1 մայիս 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


ԳԱՆԱՏԱ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ

– Ապրիլ 23-էն 28, 2026-ի ընթացքին, Գանատայի հայ համայնքները՝ Թորոնթոյի, Մոնթրէալ-Լաւալի, Օթթաուայի, Գեմպրիճի, Սենթ Գաթրինզի, Վանգուվըրի եւ Համիլթընի մէջ, համախմբուեցան ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը։ Կազմակերպուեցան բազմատեսակ ձեռնարկներ՝ ներառեալ յուշահանդէսներ, մոմավառութիւններ, քայլարշաւներ, եկեղեցական արարողութիւններ, հանրային հաւաքներ, վազքարշաւներ եւ մարդասիրական նախաձեռնութիւններ, որոնց ընթացքին շեշտուեցաւ յիշողութեան պահպանումը, արդարութեան պահանջատիրութիւնը եւ հայ ժողովուրդի շարունակական պայքարը, յատկապէս Արցախի վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ։

– Կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին, երեքշաբթի, 28 ապրիլ 2026-ին, Գանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած հանդիսաւոր ոգեկոչում, որ համախմբեց քաղաքական, դիւանագիտական, հոգեւոր եւ համայնքային լայն շրջանակներու ներկայացուցիչներ։ Ձեռնարկը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, որմէ ետք ելոյթ ունեցան Հայաստանի դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, նախարարներ Անիթա Անանտ եւ Մարք Միլըր, ինչպէս նաեւ տարբեր կուսակցութիւններու խորհրդարանականներ, որոնք վերահաստատեցին յիշատակման, ցեղասպանութեան դատապարտման եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը՝ անդրադառնալով նաեւ Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութեան։ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շահէն Միրաքեան իր խօսքին մէջ շեշտեց ցեղասպանութեան հետեւանքներու շարունակականութիւնը եւ հայ ժողովուրդի դիմադրութեան կամքը, իսկ ձեռնարկը եզրափակուեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի պատգամով եւ աղօթքով։

– Ապրիլ 24-ին, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան առիթով, Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնի եւ Պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդ Փիեռ Փուալիեւր հրապարակեցին առանձին յայտարարութիւններ՝ յարգելով 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ վերահաստատելով իրենց աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին։ Քարնի իր ուղերձին մէջ ընդգծեց, որ Գանատան 2006-ին պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ կարեւորելով յիշողութեան դերը նման ոճիրներու կրկնութիւնը կանխելու մէջ, եւ յիշեցուց, որ ապրիլը Գանատայի մէջ կը նշուի իբրեւ ցեղասպանութիւններու յիշատակի, դատապարտման եւ կանխարգիլման ամիս։ Իր կարգին, Փուալիեւր վերահաստատեց Պահպանողական կուսակցութեան զօրակցութիւնը հայութեան արդար պահանջներուն, յատուկ անդրադարձ կատարելով ոչ միայն 1.5 միլիոն նահատակներուն յիշատակին, այլ նաեւ Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութեան, զայն բնութագրելով իբրեւ շարունակութիւն անցեալի անարդարութիւններուն։ Ան շեշտեց, որ Գանատան պէտք է շարունակէ պայքարիլ ճշմարտութեան ու ճանաչման ի խնդիր եւ ժխտողականութեան դէմ, վերահաստատելով հայ ժողովուրդի իրաւունքը խաղաղ, ապահով եւ ազատ ապրելու իր հայրենի հողերուն վրայ։

– ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ, ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ին, Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ պահանջատիրական երթ եւ բողոքի գործողութիւններու շարք մը՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին։ Գանատայի տարբեր շրջաններու երիտասարդներ մասնակցեցան քայլարշաւին, որ սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան առջեւ ծաղկեպսակի զետեղումով եւ շարունակուեցաւ բողոքի ցոյցերով՝ ուղղուած թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան եւ թէ՛ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ գործողութիւններուն դէմ։ Ցուցարարները կանգառներ ունեցան նաեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դեսպանատուներուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի գրասենեակին եւ Byward Market-ին մէջ՝ միջազգային հանրութիւնը իրազեկեցին Արցախի բռնագրաւման, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ հայ գերիներու հարցին շուրջ։ Երթը եզրափակուեցաւ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ հնչած պահանջատիրական ելոյթներով եւ «Հայաստանը յաւիտեան պիտի ապրի» կարգախօսով։

– Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնի յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Հայաստան՝ մասնակցելու Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին՝ դառնալով առաջին ոչ եւրոպացի առաջնորդը, որ հրաւիրուած է այս ձեւաչափով հաւաքին։ «Ապագայի կերտում․ միասնութիւն եւ դիմադրողականութիւն Եւրոպայի մէջ» խորագրով գագաթնաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին ժողովրդավարական դիմադրողականութեան ամրապնդման, կապուղիներու զարգացման, տնտեսական եւ ուժանիւթային անվտանգութեան հարցեր՝ տարածաշրջանային համագործակցութեան շեշտադրումով։ Հաւաքին հրաւիրուած են Եւրոպական Միութեան 27 անդամ պետութիւններու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ գործընկեր երկիրներու ներկայացուցիչներ, ներառեալ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, որոնք, ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանի, տակաւին չեն պատասխանած հրաւէրին։ 2022-ին հիմնուած Եւրոպական քաղաքական համայնքը կը գումարէ տարեկան երկու գագաթնաժողով՝ Եւրոպայի անվտանգութեան, կայունութեան եւ համագործակցութեան հարցեր քննարկելու նպատակով։


ՀԱՅԱՍՏԱՆ

– Ապրիլ 28-ին Կարսի մէջ գումարուեցաւ Հայաստան-Թուրքիա համատեղ աշխատանքային խումբի հանդիպումը, ուր կողմերը ընդգծեցին Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի շուտափոյթ վերագործարկման կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման ծիրին մէջ, իսկ Միացեալ Նահանգները ողջունեց գործընթացը՝ զայն նկատելով կապերու վերականգնման ուղղութեամբ առաջընթաց։ Միեւնոյն ժամանակ, ապրիլ 29-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու 13-րդ նիստը՝ փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուստաֆայեւի նախագահութեամբ, ուր քննարկուեցան սահմանազատման գործընթացին վերաբերող կազմակերպչական եւ թեքնիքական հարցեր եւ փոխանակուեցան համապատասխան ուղեցոյցներու նախագիծերը։ Կողմերը նաեւ անդրադարձան բեռներու տարանցման եւ տնտեսական համագործակցութեան հարցերուն, համաձայնելով ներկայացնել ձեռք բերուած առաջարկները իրենց կառավարութիւններուն հաստատման համար, իսկ յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Ատրպէյճանի մէջ։

– Փարիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր դեսպանատան բացման արարողութիւնը հակազդեցութիւններ յառաջացուցած է ֆրանսահայ համայնքէն ներս, երբ ի յայտ եկած է, որ ֆրանսահայ համայնքի շարք մը առանցքային ներկայացուցիչներ, ներառեալ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան, Ֆրանսահայոց Թեմի առաջնորդ Գրիգոր Եպիսկոպոս Խաչատրեան եւ Ֆրանսայի մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, չէին հրաւիրուած բացման հանդիսութեան։ Այս իմաստով, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը խիստ յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ զգուշացնելով, որ նման քայլերը կը վնասեն Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ կը խաթարեն համայնքին հետ փոախադարձ վստահութեան մթնոլորտը։ Յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ դեսպանատունը պէտք է ներկայացնէ ամբողջ հայ ժողովուրդը եւ ըլլայ համազգային միասնութեան խորհրդանիշ՝ հեռու կուսակցական հաշուարկներէն, մինչ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը առայժմ չէ արձագանգած ստեղծուած վիճակին։


ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

– Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Իրանի հետ կապուած ճգնաժամի ծիրին մէջ, Լիբանանը կը շարունակէ մնալ ամէնէն լարուած ճակատը, ուր Իսրայէլ նոր հարուածներ հասցուց հարաւային շրջաններուն, իսկ Հըըպոլլահ հակադարձեց անօդաչու սարքերու գործածութեամբ։ Տեղական աղբիւրներու համաձայն, իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են առնուազն ինը անձ, ներառեալ երկու մանուկ, եւ տասնեակ վիրաւորներ, մինչ Իսրայէլ նոր տարագրութեան զգուշացումներ արձակած է հարաւի շարք մը բնակավայրերու համար։ Միեւնոյն ժամանակ, Հըզպոլլահ յայտարարեց, թէ Նապաթիէի մօտ խոցած է իսրայէլեան անօդաչու սարք մը, ինչ որ կը վկայէ իրավիճակի անկայունութեան մասին։ Ընդհանուր առմամբ, լարուածութիւնը կը մնայ բարձր մակարդակի՝ առանց իրական թուլացման նշաններու, մինչ Իրանը կը շարունակէ մնալ դիւանագիտական փակուղիի մէջ՝ իր դիրքորոշումը կապելով Լիբանանի զարգացումներուն եւ Հորմուզի նեղուցի շուրջ իրավիճակին։