ՄՈՆԹՐԷԱԼԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՑ «ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ»Ը

Քաղաքապետ Գոտէր, նախարարներ Ժոլի, Սեն Փիեռ եւ Վէյլ, Ռոմէօ Տալէր եւ Սալիլ Շեթի միացան 2017-ի երթին

Շաբաթ 27 Մայիսին կայացաւ Մոնթրէալի «Մարդկութեան եւ Ցեղասպանութեանց Կանխարգիլման համար Քայլարշաւ»ի երրորդ երթը, տարբեր համայնքներէ եկած մեծաթիւ մասնակիցներով ու հանգամանաւոր հիւրերով:

Մոնթրէալի 375 եւ Գանատայի 150ամեակներուն զուգադիպող այս քայլարշաւը մէկ օղակն էր «Մոնթրէալ՝ Իրաւանց քաղաք» (Montreal – Rights city) միջոցառման: Այս անուան տակ ի մի բերուած էին երեք ձեռնարկներ, համագործակցութեամբը Քեպէգի հայ համայնքի միացեալ մարմնին, մարդկային իրաւանց պաշտպան մեծագոյն կազմակերպութեան՝  Amnesty International-ին, Գոնգորտիա համալսարանի Montreal Institute for Genocide and Human Rights Studies(MIGS) բաժանմունքինեւ Raoul Wallenberg Centre for Human Rights հիմնարկին: Վերոնշեալ ձեռնարկներէն առաջինը իրագործուած էր Գոնգորտիա համալսարանէն ներս 26 Մայիսին, MIGS-ի կազմակերպած միօրեայ համագումարով:

Քայլարշաւի հաւաքը սկսաւ յետմիջօրէի ժամը 12:30-ին, Մոնթրէալի Գեղարուեստից Թանագարանի (MBAM) «Խաղաղութեան տաղաւար»ի մուտքին:Այս ընտրութիւնը կատարուած էր թանգարանի վարիչներու խնդրանքով, որոնք իրենց կարգին միացած էին քայլարշաւի գործընկերներու շարքին:

Հաւաքի տեւողութեան ընթացքին,  ՀՄԸՄ-ի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԿՄ-ի փողերախումբերն ու սկաուտները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ ԳՊՄ պատանիները, իրենց նուագներով եւ դրօշներու դասաւորումով՝ ազդանշանը տուին մօտալուտ երթին: Այս միջոցին սկսաւ մասնակիցներու աստիճանական կուտակումը եւ զանազան հիւրերու եւ դէմքերու ժամանումը, որոնցմէ առաջինն էր Մոնթրէալի քաղաքապետ Տենի Գոտէրը: Ամէն տարուայ նման, քալողներու շարքերուն միացան ցեղասպանութիւն ապրած կամ հալածանքներ ու կոտորած տեսած տարբեր համայնքներու խումբերը, ինչպէս՝ յունական, հրէական, գամպոճական, թութցի-ռուանտական, ասորական, քրտական եւ այլոց պատուիրակութիւնները: Նկատառելի թիւով կը մասնակցէին նաեւ Amnesty International-ի Քեպէգի մասնաճիւղի անդամներն ու ակտիվիստները:

Քաղաքապետի, պաշտօնական ներկայացուցիչներու եւ Մոնթրէալահայ համայնքի հոգեւոր ու կազմակերպական առաջնորդներու գլխաւորութեամբ, քայլերթը ընթացաւ քաղաքակեդրոնի կարգ մը բանուկ փողոցներէն ու պողոտաներէն, հասնելու համար Place du Canada հրապարակը: Հոս ի գործ դրուեցաւ տարբեր ելոյթներ ընդգրկող յայտագիր: Անոր բացումը կատարեցի ն օրուայ հանդիսավարներ՝ Սօսէ Պէօճքեանն ու Հրակ Չինչինեանը: Ապա, քայլարշաւի կազմակերպիչ՝ Քեպէգի հայ համայնքի միացեալ մարմնի անունով խօսք առաւ Նուշիկ Էլոյեան, որու յաջորդեց քաղաքապետ Գոտէրի ելոյթը:

Տուտուկահար Վաղօ Ադամեանի նուագի բաժնէն ետք, յաջորդաբար հանդէս եկան Amnesty International-ի Ընդհանուր Քարտուղար Սալիլ Շեթին, Քեպէգի միջազգային հարցերու եւ Ֆրանսախօսութեան նախարար Քրիսթին Սէն Փիեռը եւ MIGS-ի պատուոյ անդամ, ցեղասպանութեանց կանխարգիլման գործիչ՝ նախկին ծերակուտական զօր. Ռոմէօ Տալէրը: Այս բաժնով, հանդիսավարները ընթերցեցին նաեւ Քեպէգի վարչապետ Ֆիլիփ Գույարի առաքած յատուկ ուղերձը:

Յայտագրի եզրափակիչ հատուածը սկսաւ ասորական համայնքէն՝ Օմիտա Նաումի երգի կատարողութեամբ: Ան Վաղօ Ադամեան տուտուկին ընկերակցութեամբ մեկնաբանեց «Ատանայի ողբը» եւ ասորերէն երգ մը՝ նուիրուած ասորական ցեղասպանութեան: Ապա, իր պատգամը փոխանցեց Գանատական Ժառանգի նախարար Մելանի Ժոլին: Անոր յաջորդեց ստրկութեան դէմ պայքարող մավրիտանիացի գործիչ Պիրամ Տահ Ապէյտի ելոյթը: Իսկ յայտագիրը իր լրումին հասաւ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եկանեանի խօսքով: Բոլորի ուղերձներու հասարակ յայտարարը կը հիմնուէր քանի մը պատգամներու շեշտադրումին վրայ – Պատմութեան արիւնոտ դասերը մտահան պէտք չէ ընել, մանաւանդ այս օրերուն երբ աշխարհը կ՛անցնի դժուարին ու իրարամերժութեամբ յատկանշուող ժամանակահատուածէ մը: Աւելի քան երբեք ժամանակն է միացնելու ուժերը՝ պայքարելու համար բոլո’ր անարդարութիւններուն եւ բռնութիւններուն դէմ, նամանաւա’նդ Մարդու հանդէպ Մարդու գործած Ոճիրներուն դէմ:Գանատայի եւ Մոնթրէալի փորձն ու աւանդները այս իմաստով՝ կրնան փարոսի դեր կատարել ամենուրեք:

Նոյն օրը երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Montreal – Rights city նախաձեռնութեան երրորդ եւ վերջին միջոցառումը՝ կազմակերպութեամբ Amnesty International-ի: Այս ձեռնարկի ընթացքին շնորհուեցան Amnesty-ի տարեկան «Խղճմտանքի դեսպան»/Ambassador of Conscience մրցանակները: Այս տարուայ մրցանակակիրներն էին՝ ամերիկացի աշխարհահռչակ երգչուհի Ալիշիա Քիզն ու Գանատայի տեղաբնիկներու իրաւունքներուն համար պայքարող գործիչներ՝ Մելիսա Մոլըն Տիւփուի, Ուիտիա Լառիվիեր, Մելանի Մորիսըն, Սինտի Պլաքսթոք, Տիլայլա Սոնտըրզ եւ ծերակուտական Մըրրէյ Սինգլէր:

Տեղական մամուլն ու հեռատեսիլի լրատուական ծրագրերը անդրադարձան  երեք միջոցառումներուն ալ:

Photo by Kevork photo

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.