ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն Օթթաուայի Հայաստանի դեսպանատան մէջ շնորհաւորեց անկախութեան 27-ամեակը

Սեպտեմբեր 21-ին, Օթթաուայի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կազմակերպած էր յատուկ հանդիսութիւն Հայաստանի անկախութեան 27-ամեակին առիթով։ Ընդունելութեան ներկայ էին դեսպաններ եւ գանատացի քաղաքական դէմքեր։ Դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ նշեց Հայաստանի եւ Գանատայի յառաջիկայ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Ընդունելութեան ընթացքին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան շնորհաւորեց Դեսպանին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.